ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմէն ներս շաբաթավերջին ապրուեցաւ հոգեւոր մեծ ցնծութիւն։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ Թիֆլիզի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Ս. Գէորգ Առաջնորդանիստ պատմական եկեղեցին։ Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան եւ պետական աւագանիէն զանազան դէմքեր։ Հարկ է նշել, որ Նախագահ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Թիֆլիզի մէջ։
13-րդ դարուն կառուցուած Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդանիստ Ս. Գէորգ եկեղեցին Թիֆլիզի ամենահին սրբավայրերէն մին է։ Այս եկեղեցւոյ վերականգնման նախագիծը սկսած էր 2012 թուականին՝ դառնալով «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի կարեւոր ծրագրերէն մին։ Այս նախագիծը վայելած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութիւնն ու Վրաստանի իշխանութիւններուն աջակցութիւնը։ Վերակառուցման համար նուիրատուութիւններու ապահովման, ելմտական հոսքի կառավարման, եկեղեցւոյ եւ որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքներու թեքնիկ վերահսկողութեան իրականացման նպատակով նոյն թուականին ստեղծուած էր «Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վերակառուցման հիմնադրամ»ը։ Վերականգնման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած էին հայ եւ վրացի մասնագէտներ. օրինակ՝ ճարտարապետ-վերականգնող Անաթոլի Սոլոմնիշվիլի (Հաւլապարի 13-րդ դարու Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ վերականգնման նախագծերու հեղինակ), վերականգնող-շինարար Զուրապ Կաչեչիլածէ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աւագ վերականգնող, Կոթողային գեղանկարչութեան վերականգնման գիտահետազօտական կեդրոնի ղեկավար Արժանիք Յովհաննիսեան, Վրաստանի Ճարտարագիտական ակադեմիոյ Թեքնիկ փորձագիտութեան բաժնի վարիչ Օթար Չաքվեթածէ, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եւ Մատենադարանէն։
Երեք տարի տեւած վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին մեծ ուշադրութիւն ընծայուեցաւ եկեղեցւոյ ամրացման, որովհետեւ ստորգետնեայ ջուրերը մեծ վտանգ կը ներկայացնէին անոր տեսակէտէ՝ ողողելով հիմքը, նաեւ քայքայելով պատերու աղիւսէ շարուածքը։ Աշխատանքներուն ընթացքին ամրացուեցաւ եկեղեցւոյ հիմքը, որ փոխարինուեցաւ ջրամեկուսիչ հիմքով մը, կառուցուեցաւ ջրահեռացման համակարգ, ամրացուեցան պատերն ու գմբէթը, արտաքին ծեփապատման փոխարէն վերականգնուեցաւ եկեղեցւոյ սկզբնական դիմագիծը՝ աղիւսապատ տեսքը։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն ընծայուեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ որմնանկարներու վերականգնման։ Եկեղեցւոյ մուտքի եւ խորանի կողքի պատերը, կամարային որմնախորշերը եւ սիւները զարդարուած են Յովնաթանեաններու, Գէորգ Բաշինջաղեանի եւ անյայտ վարպետներու գեղանկարչութեան նմոյշներով։ Որմնանկարները վերականգնուեցան Արժանիք Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ եւ իտալացի մասնագէտ, Ֆլորանսայի Մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման կեդրոնի ղեկավար Ֆապրիցիօ Եաքոպինի խորհրդատուական աջակցութեամբ։
Ս. Գէորգ եկեղեցին վերականգնուեցաւ բարերարներու նուիրատուութիւններով։ Այս գործին ընդհանուր պիւտճէն կազմեց 3.5 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Ծրագրի հիմնական նուիրատուները եղան ռուսահայ յայտնի բարերար Ռուբէն Վարդանեան եւ իր ընտանիքը, Ալպերթ Ավդոլեան, Սէրկէյ Սարգիսօֆ, Ռուսուտան Մախաշվիլի, Դանիէլ Խաչատուրով, ինչպէս նաեւ Վրաստանի նախկին վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի։
Ս. Գէորգ եկեղեցին, կամ Բերդի Մեծ եկեղեցին, Թիֆլիզի հնագոյն աղօթատուներէն մին է, եղած է հայկական միջնադարեան հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական կեդրոններէն մին։ 14-15-րդ դարերուն այս եկեղեցւոյ գրատան մէջ ստեղծուած են բազմաթիւ ձեռագրեր, որոնք կը պահուին Մատենադարանի մէջ։ Եկեղեցին բազմիցս տուժած է զանազան արշաւանքներէ, հրկիզուած է ու միշտ վերակառուցուած։ Այս եկեղեցւոյ բակին մէջ ամփոփուած են աճիւնները հայոց շարք մը մեծերուն. օրինակ՝ Սայաթ Նովա, Գէորգ Բաշինջաղեան, Միքայէլ Լորիս-Մելիքով, Արզաս Տէր-Ղուկասով, Իվան Լազարեան եւ Պորիս Շելքովնիքով։
Շաբաթավերջի օծման արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Ռուսահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան, Վիրահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ «Հրաշափառ»ի հանդիսաւոր արարողութեամբ, ծանրաշուք թափօրով մը Վեհափառ Հայրապետը մուտք գործեց բարեզարդուած եկեղեցի, ուր սկսաւ վերաօծման արարողութիւնը։ Հայաստանի առընթեր Վրաստանի պետական աւագանիէն ալ ներկայացուցիչներ մասնակցեցան արարողութեան, որուն հետեւեցաւ օտար դիւանագէտներ եւ հոծ թիւով վրացահայ հաւատացեալներ։
Թէ՛ բարերարները եւ թէ թեքնիկ աշխատանք տարած մասնագէտները արժանացան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձր պարգեւներուն։ Այս շրջագծով Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշան շնորհեց Պիծինա Իվանիշվիլիին։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024