ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԷՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐԸ - Բ -
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել նոյնութեա՛մբ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի «Մաշտոցագիւտ տառերու 1600-ամեակ եւ Մխիթարեան իրականութիւնը» խորագրեալ յօդուածը։
«Դրամագիտութիւն, հնութիւն.
Հայր Կղեմես Սիպիլեան, Հայր Օգոստինոս Սեքուլեան։
«Եկեղեցական, ծիսական.
Հայր Ղեւոնդ Յովնանեան, Հայր Յակովբոս Տաշեան։
«Սուրբ գրքի մասնագիտութիւն, թարգմանութիւն.
Հայր Գարեգին Գարանֆիլեան, Հայր Օգոստինոս Սեքուլեան։
«Հոգեւոր եւ Մարեմեան գրականութիւն.
Գրեթէ բոլոր հայրերը ունին առանձին երկեր, իսկ Աստուածածնի իւրայատուկ գրականութիւն ստեղծած է Դոկտ. Հայր Մեսրոպ Թոփալեան։
«Գեղարուեստական, նկարչական.
Հայր Աղեքսանդր Պալճեան, Հայր Արսէն Այտընեան, Հայր Յարութիւն Պզտիկեան, Հայր Արիստակէս Պօհճալեան։
«Երաժշտական.
Հայր Արսէն Այտընեան, Հայր Մովսէս Սրապեան, Հայր Ղեւոնդ Տայեան, Հայր Գրիգոր Հէպոյեան։
«Թատերագրութիւն.
Հայր Գէորգ Բանչիկեան, Հայր Գրիգորիս Մանեան։
«Բնագիտութիւն, կենդանաբանութիւն, բուսաբանութիւն.
Հայր Գաբրիէլ Մենեվիշեան։
«Հայը գերմանական աշխարհ ծանօթացնող.
Հայր Վահան Ինկիլիզեան՝ գերմաներէն լեզուով։
«Մխիթարեան մատենագրութեան ովկեանէն ընտրովի փոքր բաժին մը զատուած է պարզապէս գաղափար մը կազմելու նպատակով, այլապէս գրքեր բաւական ու բաւարար պիտի չըլլային բովանդակելու կատարուած աշխատասիրութիւնները։
«Մխիթարեան գործունէութիւնը կեդրոնացած է գլխաւորաբար տոհմային կրօնական, կրթական-դաստիարակչական գետնի վրայ, այս իսկ պատճառաւ Հայ ազգին պատկանող ամէն նիւթ Մխիթարեան հայրը հետաքրքրած է, որով վերոյիշեալ մարզերու վերաբերեալ շատ ճոխ մատենագրութիւն գոյացած է։
«Հայ մատենագիրներու շատ մը երկերը հրատարակուած են Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան զոյգ տպարաններէն։
«Կարելի՞ է չյիշել Վենետիկի «Բազմավէպ», «Գեղունի», «Հայ Ընտանիք», իսկ Վիեննայի «Եւրոպա», «Հանդէս Ամսօրեայ», «Ազգային Մատենադարան», «Վերելք» եւ «Մխիթար Մատենաշար» հրատարակութիւնները։
«Մխիթարեան երկու թեւերն ալ իրենց թանգարան եւ մատենադարաններուն մէջ ժողվեցին, պահեցին ու պահպանեցին հայու վերաբերեալ ամէն մասունք, ամէն հնութիւն։ Մայրավանքերու մէջ կրնանք գտնել ձեռագիրներու, լրագիրներու, նկարներու, հայկական դրամներու, տարազներու, գորգերու ճոխ հաւաքածոները։
«Մխիթարեան միաբանները միայն իրենք չարտադրեցին, անոնք զանազան երկիրներ դպրոցներ բանալով հասցուցին նաեւ փաղանգներ գիտնականներու, բանասէրներու, գրագէտներու, լեզուաբաններու, թատերագիրներու, բանաստեղծներու, լրագրողներու, նկարիչ-ծաղրանկարիչներու, երաժիշտներու, բժիշկներու, քաղաքագէտներու, փաստաբաններու, հռետորներու։
«Հացեկացի գիւղէն մինչեւ Գողթն գաւառ եւ ապա Օշական երկարող Մաշտոցեան ոգիով ու շունչով, երեքհարիւր տարիէ ի վեր հայ գիր ու տառի նուիրեալ Մխիթարեանները իրենց ներկայութիւնը չորս հողամասի վրայ զգալի դարձուցած են։
«Ուր հայութիւն կայ, հոն է Մխիթարեանը։
«Այսպէս՝ Վենետիկի եւ Վիեննայի մայրավանքերէն զատ եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակադեմական կայաններ, կրթարաններ կառուցուած, բացուած եւ հաստատուած են Վենետիկ, Բարիզ, Թրիեսդ, Իսթանպուլ, Իզմիր, Այտըն, Էրզուրում, Տրապիզոն, Պէյրութ, Հալէպ, Աղեքսանդրիա, Գահիրէ-Հելիոպոլիս (Եգիպտոս), Գավալա-Բիրէա (Յունաստան), Բլովտիւ (Պուլկարիա), Նովիսատ (Սերպիա), Պուտաբեստ (Հունգարիա), Պուքարեստ (Ռումանիա), Շթութկարթ (Գերմանիա), Պուէնոս Այրէս (Արժանթին), Պոսթոն, Լոս Անճելըս եւ վերջապէս Հայաստան։
«Այսօր ալ Մխիթարեանները պատնէշի վրայ են, իրենց Մայրավանքերու առընթեր կը գործեն Վենետիկ, Իսթանպուլ, Պէյրութ, Հալէպ, Պուէնոս Այրէս, Պոսթոն, Լոս Անճելըս, Հայաստան եւ կը շարունակեն Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սուրբ Սահակ Կաթողիկոսի աւանդը իբրեւ ժառանգ երանելի Մխիթար Աբբահօր։
«Երբ ամբողջ 2005 տարին ազգովին նուիրեցինք Մեսրոպեան տառերու հնարումի հանդիսակատարութիւններու, յիշենք որ Հայերէն գրերու փառահեղ 1600-ամեակին համընթաց են նոյնանպատակ Մխիթարեան միաբանութեան 300 եւ անոր հնագոյն կրթարանին՝ Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանի 180-ամեակները։
«Սէր եւ յարգանք բոլոր գրի մշակներուն»։
Հ. Յակովբոս Վրդ. Չօփուրեան
Վիեննական Մխիթարեան Ուխտէն
Համանախագահ 1600-ամեակի
Կարգադիր Յանձնախումբին
(2006)
***
Անշո՛ւշտ որ Մխիթարեան վարդապետներ կարեւոր դեր խաղացած են Հայ մշակոյթի զարգացման՝ գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար, ի՛նչ որ անուրանալի իրականութիւն մըն է։
Արդարեւ, նախ մշակոյթը՝ ինքզինք այդ արժէքին պատկանող զգացող, անկէ բաժին մը, մաս մը իր սեփականութիւնը ընդունող ամէն մէկ անհատի, իր կարողութեան եւ տարողութեան չափով բաժնեկից ըլլալու, բան մը աւելցնելու պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը կը բեռցնէ։ Եւ ո՛չ մէկ անհատ այդ պատասխանատուութենէն զերծ կրնայ մնալ, այլ անոր ենթական է՝ յանձնառու եւ երաշխաւոր անդա՛մը։
Ուստի եթէ մշակոյթը հետզհետէ բարձրացող «շէնք» մըն է, ամէն մէկս պարտաւոր ենք մասնակցիլ այդ վերելքին։ Շէնքի մը համար որքան պէտք է ժայռակոյտ հիմ, նոյնքան պէտք է եւ անհրաժե՛շտ՝ խճաքարը եւ նոյնի՛սկ աւազը։
Տեղին համեմատ աւազի փոքր հատիկ մը, փոշիացած մանր խիճ մը իսկ կենսական տարր կրնայ ըլլալ շէնքի մը կազմութեանը համար։
Արդարեւ, եթէ նկատի չունենանք անտարբեր՝ թշուառական, անզգամ հատուած մը, մենքզմեզ պէ՛տք է երջանիկ զգանք, քանի որ ամէն Հայ իր կարողութեան ու տարողութեան չափով մասնակցած է Հայ մշակոյթին ճոխացման՝ շէնքին բարձրացմանը համար։ Երանի՜ անոնց, բոլո՛րին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 31, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024