ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ նշուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի գա­հա­կա­լու­թեան 16-րդ տա­րե­դար­ձը։ Այս առ­թիւ, յա­ւարտ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի, Սուրբ Է­ջի­մած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ կա­տա­րուե­ցաւ Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք։ Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն էր Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան։ Սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, Մայր Տա­ճա­րի զան­գե­րու ա­ւե­տա­բեր ղօ­ղանջ­նե­րուն ներ­քեւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րով ե­կե­ղե­ցի ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ՝ ու­ղեկ­ցու­թեամբ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բա­նու­թեան, Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ շարք մը բա­րե­րար­նե­րու։ Թա­փօ­րին միա­ցած էր նաեւ Չե­խիոյ Կար­տի­նալ եւ Փրա­կի Ար­քե­պիս­կո­պոս Տո­մի­նիք Տու­քայ, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի հրա­ւէ­րով վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։

Նո­րին Սրբու­թեան կա­թո­ղի­կոս օծ­ման եւ գա­հա­կա­լու­թեան 16-րդ տա­րե­դար­ձի բերկ­րա­լից օ­րուան առ­թիւ՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու երկր­պա­գու­թեան հա­մար Մայր Տա­ճար բե­րուած էր Մայր Ա­թո­ռի մօտ ի պահ դրուած Սկեւ­ռա­յի յայտ­նի մա­սուն­քա­տու­փին կրկնօ­րի­նա­կը, ո­րուն մէջ ամ­փո­փուած են հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան եւ հայ տասն­հինգ սուր­բե­րու մա­սունք­ներ։

Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան, պա­տա­րա­գիչ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան Իջ­ման Ս. Սե­ղա­նին առ­ջեւ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը՝ անդ­րա­դառ­նա­լով օ­րուան խոր­հուր­դին։ Ան այս առ­թիւ ը­սաւ.

«Ս. Պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցե­լով մենք՝ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­ներս, ա­ռիթ կ՚ու­նե­նանք մեր գո­հա­բա­նու­թիւ­նը, մեր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նե­լու մեր Տի­րոջ՝ իր շնոր­հած բո­լոր բա­րիք­նե­րուն հա­մար։ Մենք այս սրբու­թիւն սրբո­ցին՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, մեր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նենք Աս­տու­ծոյ, որ մե­զի ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան՝ Սուրբ Էջ­միած­նի՝ յա­ւեր­ժա­կան ա­կուն­քի այս սրբա­զան խո­րան­նե­րուն առ­ջեւ հա­ւա­քուած՝ ա­ղօ­թե­լու Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի գա­հա­կա­լու­թեան 16-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։ Ոչ միայն ա­ղօ­թե­լու, այ­լեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը, շնոր­հա­կա­լու­թիւնն ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը յայտ­նե­լու Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին անց­նող 16 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րուած բա­զում-բա­զում ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց շնոր­հիւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին՝ այս օ­րե­րուն ա­ռա­ւել զօ­րա­ցած, Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ի Սփիւռս աշ­խար­հի կը շա­րու­նա­կէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

«Ա­ղօթ­քի եւ հո­գե­ւոր խորհր­դա­ծու­թեան այս պա­հուն մենք՝ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­ներս, կը վեր­յի­շենք այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը իր խոր­քով նախ եւ ա­ռաջ քրիս­տո­նէա­կան է եւ իր էու­թեամբ՝ հիմ­նուած, հաս­տա­տուած է պատ­մա­կան եր­կու հրա­շա­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րու հի­ման վրայ։ Ա­ռա­ջի­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Բեթ­ղե­հէ­մի խո­նարհ մսու­րին մէջ, երբ՝ ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար տա­րի­ներ ա­ռաջ, Աս­տու­ծոյ Միա­ծին Որ­դին ծնունդ ա­ռաւ՝ փրկե­լու ամ­բողջ աշ­խար­հը։ Այդ հրա­շա­լի ե­ղե­լու­թիւ­նը փո­խեց հա­մայն մարդ­կու­թեան պատ­մու­թիւ­նը, իսկ երկ­րոր­դը տե­ղի ու­նե­ցաւ ճիշդ այս­տեղ։ 1714 տա­րի ա­ռաջ, երբ Քրիս­տոս Լու­սա­ւոր­չի տե­սիլ­քով յայտ­նուե­ցաւ հա­մայն հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րո­նին մէջ, հա­յը ուխ­տեց հե­տե­ւիլ եւ ա­շա­կեր­տիլ քրիս­տո­սին՝ իբ­րեւ Տէր եւ Փրկիչ, իբ­րեւ ճա­նա­պարհ եւ ճշմար­տու­թիւն ու­նե­նա­լով Միա­ծի­նը։ Ազ­գի եւ Քրիս­տո­սի հա­ւատ­քի միա­ւո­րու­մը, միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը ծնունդ տուաւ հայ քրիս­տո­նեայ մշա­կոյ­թին։ Այն հա­րուստ մշա­կոյ­թին, որ, փառք Աս­տու­ծոյ, մենք՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներս, կը վա­յե­լենք մին­չեւ այ­սօր։

«Մեր ա­ւան­դու­թեան մէջ Հոկ­տեմ­բեր ա­մի­սը մենք կը հռչա­կենք Հայ մշա­կոյ­թի ա­միս, ո­րով­հե­տեւ, ըստ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցին, Հոկ­տեմ­բեր ամ­սին կը տօ­նախմ­բենք մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր տօ­նե­րէն մին՝ Սրբոց Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Կը յի­շենք Մես­րոպ Մաշ­տո­ցը, որ այդ օ­րե­րու կա­թո­ղի­կոս Ս. Սա­հա­կի ջան­քե­րով ու քա­ջա­լե­րան­քով կա­տա­րեց հա­յոց պատ­մու­թեան ա­մե­նա­կա­րե­ւոր գիւ­տը՝ հայ այ­բու­բե­նի ա­րա­րու­մը։ Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց իր շուրջ հա­մախմ­բեց ե­րի­տա­սարդ հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, վար­դա­պետ­նե­րը՝ Թարգ­ման­չաց այդ սքան­չե­լի խում­բը։ Եւ այդ իսկ սե­րունդն էր, որ Աս­տու­ծոյ խօս­քը՝ Աս­տուա­ծա­շուն­չը, վե­րա­ծեց հա­յե­րէ­նի։ Այդ օ­րե­րը՝ 5-րդ դա­րու սկզբնա­կան շրջա­նը, մեր պատ­մու­թեան ա­մե­նա­ճա­կա­տագ­րա­կան, քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով ա­մե­նադ­ժուա­րինն էին։ Հա­յաս­տան բաժ­նուած էր եւ ար­տա­քին ու­ժե­րու դէմ հայ ժո­ղո­վուր­դը չու­նէր միաս­նա­կան ուժ, որ­պէս­զի կա­րե­նար պայ­քա­րիլ։ Ա­հա­ւա­սիկ, այդ­պի­սի ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հուն Մես­րոպ Վար­դա­պետ, իր շուրջ հա­ւա­քե­լով Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րու սե­րուն­դը, ստեղ­ծեց հա­յոց պատ­մու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն շրջա­նը՝ Ոս­կե­դա­րը, ո­րու մի­ջո­ցաւ հա­յը ոչ միայն հո­գե­ւոր, այլ նաեւ ազ­գա­յին ի­մաս­տով կա­րո­ղա­ցաւ զգալ միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Ոս­կե­դա­րու ճա­նա­պար­հով հա­յու հա­մար սե­փա­կան ինք­նու­թիւ­նը յստակ դար­ձաւ՝ հիմ­նուած Քրիս­տո­սի հա­ւատ­քի եւ ազ­գա­յին կեան­քի գի­տակ­ցու­թեան վրայ։ Քրիս­տո­սը, հա­ւատ­քը, հայ­րե­նի­քը, ազ­գը եւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը միա­ւո­րե­լով՝ կազ­մե­ցին հա­յոց ինք­նու­թիւ­նը։ Այդ ո­գին է, որ 5-րդ դա­րուն ուժ տուաւ մեծ զօ­րա­վար Վար­դա­նին, Ղե­ւոնդ Քա­հա­նա­յին եւ ի­րենց հե­տե­ւող հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն պար­սից հսկա­յա­կան բա­նա­կին ը­սե­լու՝ «մեր հա­ւատ­քէն ոչ մէկ ուժ կրնայ բաժ­նել մեզ»։ Այս յայ­տա­րա­րու­թեան հիմ­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նու­թեան գի­տակ­ցու­թե­նէն կը բխի եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ճա­նա­պար­հով Ոս­կե­դա­րու այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կա­կան մնաց մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս՝ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Սփիւռ­քի մէջ։ Իսկ Հայ Ե­կե­ղե­ցին, Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, մնաց ռահ­վի­րան ու ա­ռաջ­նոր­դը՝ պա­հե­լու եւ պահ­պա­նե­լու այդ ո­գին»։

Քա­րո­զի տե­ւո­ղու­թեան Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան յա­նուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բա­նու­թեան իր շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քը ուղ­ղե­լով Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի Ա­թո­ռի 132-րդ գա­հա­կա­լին՝ շա­րու­նա­կեց ըստ հե­տե­ւեա­լի. «Վե­հա­փառ Տէր, փառք կու տանք Աս­տու­ծոյ, որ դուք՝ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի եւ մեր եր­ջան­կա­յի­շա­տակ հայ­րա­պետ­նե­րու ար­ժա­նա­ւոր յա­ջոր­դը ան­ցեալ տասն­վեց տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կը շա­րու­նա­կէք ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Մենք կը տես­նենք, թէ ինչ­պէս ձեր ի­մաս­տու­թեամբ, տե­սիլ­քով ու ան­ձանձ­րոյթ աշ­խա­տան­քով յա­րա­տե­ւօ­րէն այս­տեղ՝ Մայր Ա­թո­ռի մէջ, Հա­յաս­տա­նի մէջ, Սփիւռ­քի մէջ կ՚ամ­բող­ջաց­նէք այն սքան­չե­լի ծրագ­րե­րը, ո­րոնց շնոր­հիւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ուխ­տին՝ Ոս­կե­դա­րու հա­յոց ինք­նու­թիւ­նը մեր օ­րե­րուն կը շա­րու­նա­կուի հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս։

«Բնա­կա­նա­բար, մենք գի­տենք, որ ինչ­պէս ան­ցեա­լի մէջ, այն­պէս ալ այ­սօր մեր ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ ծան­րա­ցած են բազ­մա­թիւ դժուա­րու­թիւն­ներ ու մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Եւ դուք, Վե­հա­փառ Տէր, ձեր յա­րա­տե­ւու­թեամբ ու ձեր խո­րունկ ի­մաս­տու­թեամբ, ջա­նա­սէր աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ կը ձգտիք Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուս ցոյց տալ՝ ինչ­պէս յաղ­թա­հա­րել առ­կայ դժուա­րու­թիւն­նե­րը՝ Հայ Ե­կե­ղե­ցին Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ի Սփիւռս աշ­խար­հի ա­ռաջ­նոր­դե­լով ա­ւե­լի զօ­րաց­ման եւ ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ւել աշ­խու­ժա­ցած տա­րած­ման՝ մա­նա­ւանդ մեր ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի կեան­քէն ներս։ Վե­հա­փառ Տէր, ձեր գա­հա­կա­լու­թեան 16-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ մենք բո­լորս կ՚ա­ղօ­թենք ձե­զի հա­մար, որ­պէս­զի Տէ­րը ձեզ ա­մուր եւ զօ­րա­ւոր պա­հէ եւ ձեր այդ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը մշտա­պէս մնայ ձեր մէջ եւ այդ ո­գիով շա­րու­նա­կէք ա­ռաջ­նոր­դել Հայ Ե­կե­ղե­ցին»։­

Ա­ւե­լի վերջ Միած­նաէջ Ս. Սե­ղա­նին առ­ջեւ, Մայր Ա­թո­ռի ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն Տ. Ոս­կան Արք. Գալ­փա­քեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ, կա­տա­րուե­ցաւ Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րու ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ա­ղօ­թե­ցին Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ան­սա­սա­նու­թեան ու պայ­ծա­ռու­թեան եւ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի կեան­քի ա­րեւ­շա­տու­թեան եւ ար­գա­սա­ւոր հո­վուա­պե­տու­թեան հա­մար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2015