ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ԽՐԱՏԸ՝ ՅԱՏԿԱՊԷՍ ՀԱՅ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ

Ընդ­հա­նուր Հայ-քրիս­տո­նեա­նեղ­րու եւ յատ­կա­պէ՛ս Հայ քա­հա­նա­նե­րու հա­մար ո՜ր­քան կա­րե­ւոր է ծա­նօ­թա­նալ Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ հե­ղի­նա­կա­ւոր Հայ­րա­պե­տի մը հայ­րա­կան խրատ­նե­րուն՝ ո­րոնք, ա­ւա՜ղ թա­ղուած, ան­մա­տոյց գանձ մը մնա­ցած են շա­տե­րու հա­մար, մաս­նա­ւո­րա­բար մեր օ­րե­րուն…։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ մեր ե­րա­նաշ­նորհ նախ­նի­նե­րէն Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի Ընդ­հան­րա­կա­նէն «Առ քա­հա­նայս» ուղ­ղուած թուղ­թը՝ որ­մէ կրնանք եւ պէ՛տք է օգ­տուինք բո­լորս՝ որ լծուած ենք նուի­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան, որ է՝ ազ­նուաց­նել ժո­ղո­վուր­դին հո­գին եւ զար­գաց­նել ա­նոր միտ­քը…։

Ար­դա­րեւ, պէտք է նկա­տի առ­նուի, թէ ա­մե­նէն ծանր եւ ա­մե­նէն պա­տաս­խա­նա­տու ծա­ռա­յու­թիւնն է՝ հո­գեմ­տա­ւոր մար­զի ծա­ռա­յու­թիւ­նը, քա­նի որ ո՛չ միայն ներ­կան, այլ եւ մա­նա­ւանդ ա­պա­գան կը հե­տաքրք­րէ, ո՛չ միայն ներ­կայ սե­րուն­դը, այլ՝ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը։

Ուս­տի պէ՛տք է ա­ռա­ւե­լա­գոյն ու­շադ­րու­թեամբ ե՛ւ բծախնդ­րու­թեամբ հե­տե­ւինք Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի խրատ­նե­րուն։ Սոյն Ընդ­հան­րա­կա­նը կը ներ­կա­յաց­նենք դար­ձեալ ար­ժա­նաշ­նորհ քա­հա­նայ հօր մը պար­զա­բա­նու­թեամբ՝ Տ. Վար­դան Քա­հա­նայ Աս­լա­նեա­նի աշ­խար­հա­բա­րի վե­րած­մամբ։ Այն ի՛նչ որ հո­գեմ­տա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն մը մա­տու­ցած, հո­գե­ւո­րա­կա­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ Շնոր­հա­լիի խրատ­նե­րը հասկ­նա­լի ձե­ւի վե­րա­ծած է Տ. Վար­դան Քա­հա­նայ Հայ­րը։

Ժա­ռանգ ստա­նալ պա­տե­հու­թիւն մըն է՝ ա­ռիթ մը, բայց այդ ժա­ռան­գու­թե­նէն օգ­տուիլ՝ հմտու­թիւն եւ ի­մաս­տու­թի՛ւն։ Թէեւ այ­սօր վախ­ճա­նած է Տ. Վար­դան Քա­հա­նայ Հայ­րը, բայց հան­գու­ցեա­լը լիու­լի կա­տա­րած է իր հո­գեմ­տա­ւո­րա­կա­նի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ փո­խան­ցե­լով մե­զի ան­գին գանձ մը, ա­ւանդ մը, ժա­ռան­գու­թիւն մը։

Եւ մե­զի կը մնայ տե­ւա­կա­նաց­նել այդ ա­ւան­դը՝ նոյ­նու­թեամբ փո­խան­ցե­լով մեր սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն, հա­ւա­տա­րիմ քրիս­տո­նեայ զա­ւակ­նե­րուն եւ բո­լոր ա­նոնց՝ որ ի­րենք զի­րենք «Հայ-քրիս­տո­նեա՛յ» կը զգան…։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ Ս. Ներ­սէս Դ. Շնոր­հա­լի (Կլա­յե­ցի) Հայ­րա­պե­տի (1166-1173) քա­հա­նա­նե­րու ուղ­ղուած խրատ­նե­րը՝ ան­գին գան­ձե­րը։

«Հի­մա մեր խօս­քը դարձ­նենք եւ ուղ­ղենք քա­հա­նա­յա­կան դա­սին, որ աս­տի­ճա­նով երկ­րորդ էք ե­պիս­կո­պոս­նե­րու, եւ դրուած էք Ե­կե­ղեց­ւոյն մէջ, որ­պէս զի բո­լոր մար­դիկ Աս­տու­ծոյ նուի­րէք կամ ա­ռաջ­նոր­դէք, ծնիք զա­նոնք Ս. Ա­ւա­զա­նին մկրտու­թեամբ, երկ­նա­ւոր Հօր որ­դեգ­րու­թեա­նը ու Քրիս­տոս Աս­տու­ծոյ ժա­ռան­գա­կից ըլ­լա­լու, ու Տի­րոջ մեղ­քեր քա­ւող Մար­մի­նին ու Ա­րիւ­նին (Խոր­հուր­դին) բաշ­խու­մո­վը այդ ծնուած­նե­րը կերակրել ու ա­նոնց հո­գի­նե­րը ան­մա­հու­թեան (վե­րա­փո­խել)։

«Կ՚ա­ղա­չե՜մ ա­մէնքդ, ի սէր Քրիս­տո­սի, որ դուք ձեր մտքին աչ­քե­րը բա­նաք եւ արթն­նաք այս կեան­քին մա­հուան տա­նող թմրու­թե­նէն, եւ ճանչ­նաք թէ ի՛նչ երկ­նա­յին եւ զօ­րա­ւոր գոր­ծի է որ հրա­ւի­րուած ու կան­չուած էք։

«Ձեր պաշ­տօ­նը, պէտք է գիտ­նաք որ հրեշ­տակ­նե­րու՝ գե­րաշ­խար­հի՜կ զօ­րու­թիւն­նե­րուն՝ պաշ­տօ­նէն շատ ա­ւե­լի բա՛րձր է, բայց ե­թէ դուք ձեր աս­տի­ճա­նը ար­դա­րու­թեամբ եւ սրբու­թեամբ գոր­ծադ­րէք։

«Եւ ո­րով­հե­տեւ ար­ժա­նի սե­պուած էք ձեր ան­ձե­րը այդ երկ­նա­յին գոր­ծին տա­լու, չըլ­լայ որ բա­նով մը ա­րա­տա­ւո­րէք ձեր պաշ­տօ­նը, ինչ­պէս որ Ա­ռա­քեա­լը կը պա­տուի­րէ ու կը խրա­տէ. (Պետ­րոս ա­ռա­քեա­լի Կա­թո­ղի­կեաց թուղ­թը՝ Ա.-Ե. գլուխ 1 հա­մար) հա­պա քա­ջու­թեամբ եւ յօ­ժար սրտով եւ ա­ռանց ծու­լու­թեան Ս. Հայ­րա­պետ­նե­րու սահ­մա­նած կա­նո­նա­կան ա­ղօթք­ներն ու ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րը ան­թե­րի կա­տա­րե­ցէ՛ք ա­մէն մէկ ժա­մա­նա­կին։ Մա­քուր հո­գիով, սուրբ սիր­տով, ա­նա­րատ հա­ւատ­քով, մեծ յոյ­սով, պարզ մտքով, կա­տա­րեալ սի­րով, ա­հով եւ դո­ղու­թիւ­նով, սպա­սա­ւոր ե­ղէք Աս­տուա­ծա­յին Խորհր­դոյն։

«Չըլ­լա՛յ որ, ինչ­պէս ջու­րը խո­ղո­վա­կէն կ՚անց­նի, ա­ռանց մտա­ռու­թեան, անմ­տա­բար (մե­քե­նա­յի պէս) ա­ղօթ­քին խորհր­դա­ւոր խօս­քե­րը ար­տա­սա­նէք. ըլ­լա՛յ սաղ­մո­սեր­գու­թիւն­նե­րը, ըլ­լա՛յ Սուրբ Գիր­քե­րէ ու­րիշ ըն­թեր­ցում­նե­րը, ըլ­լա՛յ պաշ­տօ­ներ­գու­թիւ­նը, ըլ­լա՛յ քա­հա­նա­յի յա­տուկ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ղօթք­նե­րը եւ կամ ո՛ր եւ ի­ցէ կար­գադ­րուած կա­նոն­նե­րը. հա­պա բո­լո­րո­վին մտա­ռու­թեամբ, ու­շադ­րու­թեամբ կար­դա­ցէք, եւ ե­թէ կա­րե­լի է ու կրնաք, խոր զգա­ցու­մով, ար­ցուն­քով ու մեծ վա­խով ու սար­սու­ռով ար­տա­սա­նե­ցէ՛ք, ա­նանկ որ իբր թէ դո՛ւք էք որ նոր ի նո­րոյ ձեր սրտին խո­րէն եւ մտքին մէ­ջէն կը բխէք այդ ա­ղօթք­նե­րը։ Վասն զի այդ ա­մէն սահ­մա­նուած ա­ղօթք­նե­րը առ Աս­տուած խնդրուածք­ներ են, որ­պէս զի պէս պէս բա­րու­թիւն­ներ եւ պար­գեւ­ներ մե­զի շնոր­հէ Տէ­րը։ Եւ նա Ի՛նքն՝ բա­րեաց պար­գե­ւա­տուն, երբ տես­նէ խնդրո­ղին ջեր­մե­ռան­դու­թիւնն եւ սրտա­գին հայ­ցե­լը, խնդրուա­ծը ա­ռա­տօ­րէն կը շնոր­հէ, ըստ Ա­ւե­տա­րա­նի պատ­գա­մին, թէ՝ «Ո՛վ որ կը խնդրէ կառ­նէ…»։

«Գիտ­ցէք թէ, ա­ռաջ, այ­սինքն Ա­ռա­քեալ­նե­րու ժա­մա­նակ, մինչ դեռ Քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի գա­րու­նը նոր կը ծաղ­կէր, ա­մէն հա­ւա­տա­ցեալ­ներ լե­ցուած էին Ս. Հո­գիով, եւ Հո­գիին շնորհ­քո­վը ի­րենք ի­րենց­մէ կը խօ­սէին ա­ղօթք­նե­րը, պէտ­քին, պա­հանջ­քին հա­մա­ձայն, Ս. Պա­տա­րա­գի Խոր­հուր­դին եւ թէ՛ բո­լոր միւս կա­տա­րուած ծէս եւ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու առ­թիւ։

«Իսկ դա­րե­րու հո­լո­վե­լո­վը, քա­նի որ նախ­նա­կան այդ գե­ղե­ցիկ ժա­մա­նակ­նե­րը ան­ցան, մեղ­քի ձմե­ռը ա­ռաջ քա­լեց եւ սառ­նա­մա­նի­քը խստա­պէս ցրտա­ցու­ցին բար­քե­րը եւ ա­մէ­նուն մէ­ջէն գրե­թէ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ սէ­րը նուա­զե­ցու­ցին, եւ Ս. Հո­գիին շնորհ­քը վա­յե­լե­լու մա­սին բո՛ւթ ե­ղան մար­դիկ, Ե­կե­ղե­ցիին սուրբ եւ հո­գե­կիր վար­դա­պետ­նե­րը հո­գե­կան զգա­ցու­մով տե­սան եւ ըմբռ­նե­ցին բար­քե­րու այդ յե­տա­դի­մու­թիւ­նը, եւ գրե­ցին ու ի­րենց յա­ջոր­դող­նե­րուն գրա­ւոր ա­ւան­դե­ցին ի­րենց ար­տա­սա­նած ներշն­չեալ ա­ղօթք­ներն ու մաղ­թանք­նե­րը, որ­պէս զի ա­նոնց­մով անս­խալ եւ ան­սայ­թաք կեր­պով ա­ռաջ­նոր­դուինք ու կա­տա­րենք Ե­կե­ղե­ցիին բո­լոր կար­գա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­սոր հա­մար պէ՛տք է որ այս ա­ղօթք­նե­րը խօ­սինք, ար­տա­սա­նենք ու կա­տա­րենք մեծ հա­ւատ­քով ու յոյ­սով։

«Սա ալ ճանչ­ցէք թէ՝ ձեր քա­հա­նա­յու­թեան ա­նունն ու կո­չու­մը չէ՛ թէ մար­դոց­մէ է, եւ ոչ ալ մարդ­կա­յին կար­գադ­րու­թեամբ, հա­պա Ան­կից (Քրիս­տո­սէ), որ քա­հա­նայ ա­նուա­նուե­ցաւ ըստ ­կար­գին Մել­քի­սե­դե­կի (եւ ո՛չ թէ Ա­հա­րո­նի), որ Ի՛նքն է ճշմա­րիտ Քա­հա­նայ եւ քա­հա­նա­յա­պետ եւ պա­տա­րագ, առ Հայրն Աս­տուած ըն­ծա­յուած։

«Ա­նի­կա, այ­սինքն Քրիս­տոս Յի­սուս է որ Ի՛ր ա­նու­նով ձե­զի քա­հա­նայ ա­նուա­նեց։ Եւ ինչ­պէս որ Իր ա­նու­նը ձե­զի շնոր­հեց, ա­նանկ ալ Իր գոր­ծը ձե­զի յայտ­նեց, այն է որ դուք հո­վուէք Իր ժո­ղո­վուր­դը եւ միշտ բա­րի գոր­ծեր կա­տա­րել սոր­վե­ցէք եւ (մա­նա­ւանդ) ձեր ան­ձո­վը բո­լո­րին բա­րե­գոր­ծու­թեան օ­րի­նակ տաք, տի­պար ըլ­լաք, ի՛նչ­պէս որ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ Տի­մո­թէո­սին գրած է իր հո­վուա­կան նա­մա­կին Դ գ­լու­խին մէջ (14 հա­մար)։ Ան կը գրէր թէ՝ ան­հոգ պէտք չէ՛ ըլ­լաք.- Չըլ­լա՛յ որ ան­հոգ մնաք ե­րէց ձեռ­նադ­րուած ա­տեն ձե­զի տրուած շնորհ­քին մա­սին, հա­պա միշտ յի­շե­ցէ՛ք։

«Դար­ձեալ յի­շե­ցէք թէ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ (Ա. նա­մա­կին Ե գլխուն 17 հա­մար) կ՚ը­սէր.- Ա՛յն­պի­սի քա­հա­նա­նե­րը կրկին պա­տուի ար­ժա­նի են, ո­րոնք կ՚աշ­խա­տին խօս­քով եւ վար­դա­պե­տու­թեամբ։

«Ուս­տի կ՚ա­ղա­չենք որ­պէս զի ձեր ա­նու­նին եւ կո­չու­մին հա­մա­ձայն գործն ալ կա­տա­րէք, եւ ձեր ժո­ղո­վուր­դին իբ­րեւ հայ­րեր կամ ծնող­ներ ա­մէն ա­տեն հո­գե­ւոր խրատ­ներ տաք, միշտ սոր­վեց­նէք ա­նոնց։ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ կամ հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ եւ կա՛մ տու­նե­րու մէջ, ա­մէն­քին ալ սոր­վեց­նե­լու ջա­նա­դիր ե­ղէք ի­րենց տա­րի­քին  կամ ըմբռ­նու­մին հա­մե­մատ զգու­շա­նա­լով եւ զգու­շաց­նե­լով (մո­լու­թիւն­նե­րէ), եւ յոր­դո­րե­ցէք բո­լո­րը որ սի­րեն եւ գոր­ծեն Աս­տուա­ծա­յին պա­տուի­րան­նե­րը։

«Ու թէեւ ա­մէն տե­սակ բա­րի եւ ա­ռա­քի­նի գոր­ծե­րով ալ կա­տա­րեալ պէտք է ըլ­լաք, սա­կայն ե­կե­ղե­ցիի պայ­ծա­ռու­թեան հոգ տա­րէք ու Ս. Պա­տա­րա­գի Խոր­հուր­դին ժա­մա­նակ պա­տուա­կան եւ մա­քուր զգեստ հագ­նե­լու մի՛ մոռ­նաք. հոգ տա­րէ՛ք, վասն զի կը լսեմ թէ տեղ տեղ հա­սա­րա­կաց հա­գած զգես­տը հագ­նե­լով ու աղ­տոտ տրեխ­նե­րը (ա­ռանց կրուն­կի գիւ­ղա­ցիի կօ­շիկ, չա­րուխ) ոտ­քը, կան քա­հա­նա­ներ ո­րոնք սուրբ բեմ կը բարձ­րա­նան, եւ ա­հա­ւոր Խոր­հուր­դը ան­խորհր­դա­կան զգեստ­նե­րով կը կա­տա­րեն, եւ ի­րենց ը­րած այդ բա­նը հա­մես­տու­թիւն կը սե­պեն ի­րենց…»։

Շ­նոր­հա­լիի խրատ­նե­րը շա՜տ բա­նե­րու անդ­րա­դարձ­ման ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ մե­զի։ Ե­րա­նի՜ կա­րե­նա­յինք օգ­տուիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 7, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015