ՆԿԱՐԻՉ ԵՈՒՐԻ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆԻ «ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ այս օրերուն գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ նկարիչ Եուրի Եղիազարեանի «Խաչմերուկ» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որու բացումը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Նկարիչներու տան երդիքին տակ։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ Եուրի Եղիազարեան այս ցուցահանդէսը բացած է 2015-ի տարելիցին շրջագծով եւ ձեռնարկը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 19-ը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան գեղարուեստասէրներու դատին յանձնած է իր 69 ստեղծագործութիւնները, իսկ իր ոգեշնչման հիմնական աղբիւրը բնութիւնն է։ «Խաչմերուկ»ին մէջ ընդգրկուած են հեղինակին կողմէ 1983 թուականէն ի վեր ստեղծագործուած գործեր։ Նկարիչը համոզուած է, որ իրականութեան մէջ մարդկային ամբողջ կեանքը խաչմերուկ մըն է։ Եուրի Եղիազարեանի ցուցահանդէսի գործերուն մէջ կ՚առանձնանայ «Զարթօնք» գեղանկարը, որու պարագային նկատելի է գոյներու բազմազանութիւնը եւ հեղինակի հաւաստիացումով՝ այդ մէկը ստեղծագործուած է տակաւին այս տարի՝ ընդամէնը երկու օրուան ընթացքին։
Ցուցահանդէսի բացման մասնակից քանդակագործ Լեւոն Գրիգորեանն ալ յայտնեց, որ Եուրի Եղիազարեան ունի իւրայատուկ ոճ մը։ Իր բնորոշմամբ, ան բազմաոճ նկարիչ մըն է, ունի մեծ ներուժ, կ՚ապրի նկարներով։ Իր իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը կ՚ընկալուի իւրովի։ Իր գործերուն մէջ միշտ տեսանելի կ՚ըլլան ներաշխարհը եւ նկարիչը շատ լուրջ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ իր աշխատանքներուն նկատմամբ։
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024