ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՄԵՐԻ ՄՈՒՆԻ ՆՈՅՆԱԺԱՄԱՆԱԿ ԵՐԿՐՈՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ
Նկարչուհի Մերի Մուն երէկ երեկոյեան նոր ցուցահանդէս մը եւս բացաւ Պէյօղլուի մէջ։ Սա քաղաքիս մէջ յայտնի արուեստագիտուհիին կողմէ բացուած նոյնաժամանակ երկրորդ ցուցահանդէսը կը հանդիսանայ։ Անցեալ շաբթուան մէջ Թոփհանէի «Tütün Deposu»ին մէջ ցուցահանդէսէն վերջ երէկ երեկոյեան ալ մօտակայքի «G-art» գեղարուեստասրահին մէջ Մերի Մունի ստեղծագործութիւնները յանձնուեցան գեղարուեստասէրներու դատին։ Այս երկու ցուցահանդէսներն ալ կը կրեն նոյն անունը. «Գեղեցիկ է իրականութիւնը»։
Հայաստանէն քաղաքս գալով ստեղծագործական աշխատանքի ձեռնարկած Մերի Մուն 2004 թուականէն ի վեր կ՚արտադրէ քաղաքներու համայնապատկերներ՝ իր ուրոյն ոճով։ Առարկաները տարբեր տեսանկիւնէ մը դիտարկելու ձգտումով՝ ան կը նկարէ քաղաքներու վերաբերեալ շարքեր։ Նկարչասէրները Մերի Մունի գործերը տեսնելով հնարաւորութիւն կ՚ունենան բարձր դիրքէ մը նայելու քաղաքի մը, դիրքաւորուելով այնպիսի կէտի մը վրայ, ուր մարդիկ չեն գտնուիր առօրեայի ընթացքին։ Խորաթափանց ակնարկով մը՝ Մերի Մունի ստեղծագործութիւններուն մէջ կարելի է նշմարել, որ մարդիկ թէեւ մէկ կողմէ կը ջանան առողջ կեանք մը ապրիլ, միւս կողմէ սակայն անհանգիստ եւ դժբախտ են։ Նկարչուհիի տեսադաշտին մէջ է քաղաքին այն երեսակը, որ բնակիչներու կողմէ չի նշմարուիր անոր մէջ ապրելու ժամանակ։ Այս տեսանկիւնէն, իրականութեան մէջ, գեղարուեստասէրները իր գործերուն միջոցաւ կը նշմարեն՝ թէ բոլոր քաղաքներու դիմագիծը սկսած է քիչ թէ շատ նմանիլ իրարու։ Աշխարհ հետզհետէ ինքնին մեծ քաղաքի մը կը վերածուի եւ այս պայմաններուն ներքեւ նկարչուհի Մերի Մունին տեսակէտէ գեղարուեստը կը վերածուի միջոցի մը՝ զանազան մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու համար։
Մերի Մունի այս ցուցահանդէսին մէջ եւս ընդգրկուած են թէ՛ պաստառներ եւ թէ իր կողմէ ստեղծագործուած արձաններ կամ առարկաներ, որոնք այս անգամ դրուած են նաեւ վաճառքի։
Ցուցահանդէսի երէկուան բացման ընթացքին ան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր արուեստի համակիրներուն կողմէ, որոնք իրեն մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ։
Նկարչասէրները հնարաւորութիւն պիտի ունենան այս ցուցահանդէսը այցելել մինչեւ տարեվերջ։
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024