ՓԱՌԱՒՈՐ ԸՆԹԱՑՔ
Անցնող շաբաթուան ընթացքին Երեւանի մէջ Սփիւռքի միակ հայկական համալսարանի՝ Պէյրութի նշանաւոր Հայկազեանի հիմնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանի առթիւ տեղի ունեցան հայկազանեական օրեր: Մինչ այդ, նշանաւոր կրթական այդ հաստատութեան յոբելեանը տօնախմբուած էր Պէյրութի մէջ: Իսկ Հայաստանի մէջ ձեռնարկները դարձան ամփոփումը այս տարուան Մայիս ամսուն սկիզբ առած եւ յաջորդ ամիսներուն շարունակուած կրթական հաստատութեան յոբելենական տօնին:
Այդ առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ ընդունած է համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեանը: Հանրապետութեան նախագահը հաստատած է, որ Հայկազեան համալսարանի` աւելի քան կէս դարու հայրենանպաստ ու հայապահպան գործունէութիւնը հպարտութիւն կը ներշնչէ իւրաքանչիւր հայու:
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Փոլ Հայտոսթեանին անձնական ներդրումը համալսարանին եւ սփիւռքահայ տարբեր կրթօճախներու միջեւ փոխյարաբերութիւններու զարգացման իմաստով, ինչ որ, ըստ նախագահին, կը նպաստէ ո՛չ միայն տուեալ կրթական հաստատութիւններուն, այլ նաեւ միջհամայնքային կապերու սերտացման:
Զրուցակիցները ջերմութեամբ յիշած են 2012 թուականին Հայաստանի նախագահին Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեանի այցը Հայկազեան համալսարան: Հանրապետութեան նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ մնայուն կերպով պատրաստ են օժանդակելու Հայկազեան հայագիտական համալսարանին, երբ կառոյցը անոր անհրաժեշտութիւնը ունենայ:
Այնուհետեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ տեղի ունեցած է համալսարանի 60-ամեակին նուիրուած յոբելենական հաւաքոյթ մը, որուն բացումը կատարած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարը խօսած է ուսանողներու փոխանակման եւ փոխադարձ այցելութիւններու ծրագիրներու իրականացումին մասին, որ սփիւռքահայ ուսանողներուն կարելիութիւն պիտի տայ Երեւանի Պետական համալսարանին եւ հայաստանեան այլ գիտակրթական հաստատութիւններուն մէջ մասնագիտանալու հայագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, ինչպէս նաեւ արաբագիտութեան մարզերուն մէջ, իսկ Հայաստանի ուսանողներուն՝ սփիւռքը անմիջականօրէն ճանչնալու եւ ընտրած մարզին մէջ մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերելու:
Հետագայ օրերուն տեղի ունեցած է նաեւ համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 35-րդ հատորի շնորհանդէսը: Սփիւռքի մամուլի պատմութեան մէջ կարեւորագոյն տեղ ունեցող «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի այս տարուան թիւը, որ ամբողջովին նուիրուած էր 100-ամեակին, երեւանեան ձեռնարկներու յաջորդ օրերուն ներկայացուած է նաեւ Թիֆլիզի եւ Ախալքալաքի մէջ, գործակցութեամբ Երեւանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու Անի կեդրոնին:
Երեւանի, Թիֆլիզի եւ Ախալքալաքի մէջ Հայկազեան համալսարանի 60-ամեակի եւ համալսարանի պաշտօնական ամսագիր հանդիսացող «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 35-րդ հատորի առթիւ հնչեցին շնորհաւորանքի, երախտիքի, քաջալերանքի, գնահատանքի բազում խօսքեր` ուղղուած համալսարանի ղեկավարութեան, աշխատակիցներուն, մեծ ջանքերու գնով ամսագիրը լոյս ընծայող հայ մամուլի մշակներուն:
Ձեռնարկներու աւարտէն ետք Հայկազեան հայագիտական համալսարանի վերատեսուչ Փոլ Հայտոսթեան յայտարարեց. «Հայկազեան համալսարանին ուղղուած բոլոր պարգեւներն ու պատիւները կը նուիրուին այն նահատակին, որուն անունն էր Արմենակ Հայկազեան»:
Եւ այդ մէկը առիթ եղաւ կրկին յիշելու համալսարանի հիմնադիրը՝ Արմենակ Հայկազեանը, որ տեսուչն էր Գոնիոյ Ճենանեան առաքելական հիմնարկին, Թուրքիոյ մէջ։ Ան շրջանաւարտ էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եէյլի համալսարանէն։ Արմենակ Հայկազեան թէեւ միջոցը ունէր Միացեալ Նահանգներ փախչելու եւ խուսափելու հակահայ հալածանքներէն, այդուհանդերձ կը նախընտրէ շարունակել իր ծառայութիւնը։ Այդպէսով, ան կը կիսէ իր հարազատ ժողովուրդին ճակատագիրը եւ կը նահատակուի 1921 թուականին, Խարբերդի բանտին մէջ։
Արմենակ Հայկազեանի ազգականները՝ Մերի Մեխակեան եւ Ֆլորընս Մեխակեան-Կերթմենեան, գործակցութեամբ Ստեփան Փիլիպպոսեանի, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան մօտ կը հաստատեն դրամագլուխ մը, որով 17 Հոկտեմբեր 1955 թուականին կը հիմնուի Հայկազեան գոլէճը, իբրեւ «ազատ արուեստից» (liberal arts) բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւն, պատրաստելու համար ապագայ ուսուցիչներ եւ հոգեւոր hովիւներ:
Նորաստեղծ գոլէճին կը միանան Ուսուցչաց պատրաստութեան հիմնարկը եւ Հայ Աւետարանական գոլէճի բարձրագոյն դասարանները։
Համալսարանը նախ կը մեկնարկէ երկու դասարաններով, իբրեւ կրտսեր գոլէճ, սակայն, հետագային, պահանջներէն մղուած, կ՚որդեգրէ քառամեայ բարձրագոյն ուսումնական ծրագիր։
Մինչեւ 1991 թուականը, Հայկազեանը կը կոչուէր գոլէճ: 1992 թուականին, անիկա կը փոխուի համալսարանական գոլէճի։ 28 Դեկտեմբեր 1996 թուականին, Լիբանանի Մշակոյթի եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութիւնը, թիւ 9657 հրամանագրով կ՚արտօնէ համալսարան բառին գործածութիւնը։
Առաջին տարին, Հայկազեանը կ՚ունենայ 43 ուսանող։ 1975 թուականին, այդ թիւը կը բարձրանայ 650-ի։ Հայկազեանէն շրջանաւարտներու թիւը 2014 թուականին հասած է 3200-ի։ Ինչպէս կը տեղեկանանք, այս ուսումնական տարուան աւարտին նախորդ տարուընէ աւելի շատ թիւով շրջանաւարտներ կ՚ունենայ Սփիւռքի կրթական բարձրագոյն այս կրթօճախը: Համալսարանը ունի իր նշանաբանը՝ «Ճշմարտութիւն, ազատութիւն, ծառայութիւն» (Truth, freedom, service):
ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐ
Ինչպէս կը տեղեկանանք համալսարանի կայքէջէն՝ կրթօճախէն ներս կը տրուին հետեւեալ մասնագիտութիւնները.
Առեւտրական վարչագիտութիւն (Business Admininstration) հետեւեալ մասնագիտութիւններուն շեշտադրումով` Հիւրընկալութեան վարչագիտութիւն (Hospitality Management), Տեղեկատուական համակարգի վարչագիտութիւն (Management Information Systems), Հաշուապահութիւն (Accounting), Ֆինանսներ (Finance), Ծանուցումային վարչագիտութիւն (Advertisement) եւ Առեւտրական օրէնսգիտութիւն (Business Law), Տնտեսագիտութիւն (Economics), Արաբերէն, Հայագիտութիւն, Անգլերէն լեզու, Անգլիական գրականութիւն եւ Անգլերէնի ուսուցում իբրեւ օտար Լեզու (TEFL), Պատմութիւն, Կենսաբանութիւն (Biology), Քիմիագիտութիւն (Chemistry), Համակարգչային գիտութիւն (Computer Science), Հոգեբանութիւն (Psychology), Ընկերային ծառայութիւն (Social Work)։
Հայկազեան համալսարանին մէջ կը գործէ նաեւ Յարատեւ կրթութեան կեդրոնը (Center for Continuing Education), որ զանազան երեկոյեան դասընթացքներ եւ վարժանքներ կը տրամադրէ չափահասներու։
Աշխատող ուսուցիչներու մանկավարժական հմտութիւնները եւ գիտելիքները զարգացնելու նպատակով նոյնպէս կը կազմակերպուին դասընթացքներ եւ վարժանքներ (In-service Teacher Training Program)։ Համալսարանի շրջանաւարտները կը վկայուին Պսակաւոր արուեստից (BA), Պսակաւոր առեւտրական վարչագիտութեան (BBA), Պսակաւոր գիտութեանց (BS), Մագիստրոս արուեստից (MA) եւ Մագիստրոս առեւտրական վարչագիտութեան (MBA) եւ Մանկավարժութեան (Normal Diploma) վկայականներով։
1995 թուականին, համալսարանը իրաւասութիւն կը ստանայ շնորհելու մագիստրոսի աստիճան հետեւեալ չորս մասնագիտութիւններու մէջ.
Կրթութեան տնօրինում եւ վերահսկում, Ընդհանուր հոգեբանութիւն, Դարմանական հոգեբանութիւն եւ Պանդոկի վարչագիտութիւն։
Հայկազեան համալսարանը կը շնորհէ նաեւ «Պատուոյ տոքթոր»ի կոչումներ հայ ազգային կեանքին մէջ մասնայատուկ ներդրումներ ունեցած անհատներու։
Հայկազեան համալսարանը անդամ է Ամերիկեան Միջազգային գոլէճներու եւ համալսարաններու ընկերակցութեան (AAICU)։ Ան նաեւ գործակից է հետեւեալ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններուն.
Յունաստանի Ամերիկեան համալսարան
Գահիրէի Ամերիկեան համալսարան
Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան
Ֆրանքլին գոլէճ, Զուիցերիա
Ամերիկեան Համալսարաններու հիմնարկ, Ֆրանսա
Լիբանանի Ամերիկեան համալսարան
Լոնտոնի Ամերիկեան միջազգային համալսարան, Ռիչմընտ գոլէճ
Պուլկարիոյ Ամերիկեան համալսարան
Փարիզի Ամերիկեան համալսարան
Ճոն Քապոթ համալսարան, Իտալիա
Լա Վըրն համալսարան, Յունաստան
Սէնթ Լուիզ համալսարան, Սպանիա
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան
Շարժայի Ամերիկեան համալսարան
Կեդրոնական Ասիոյ Ամերիկեան համալսարան
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
Հակառակ հայկական ըլլալու ծագումին՝ համալսարանի դռները բաց են բոլորի առջեւ: Այս մասին բազմիցս յայտարարած են համալսարանի պատասխանատուները, այս մասին ամրագրուած է համալսարանի կանոնադրութեան մէջ: Հայկազեանը կամրջած է հայը այլ լիբանանցիներու եւ արաբ ժողովուրդներու հետ: Կամրջած է նաեւ բոլոր հայերը իրարու հետ: Համալսարանը կամրջած է նաեւ իր իրականութիւնը, հայկականը, լիբանանեանը մանաւանդ ամերիկեան համալսարաններու համակարգին հետ: Հայկազեանի մէջ ոչ մէկ հայ յարանուանական խտրութիւն կայ եւ կամ ընդհակառակը՝ իսկապէս միասնականութիւն կայ, կայ նաեւ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, տարբեր խաւերու, մակարդակներու, ժողովուրդներու մարդոց մէկտեղումը:
ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Յունուար 2012 թուականին Հայկազեան համալսարանի Heritage պատմական շէնքին մէջ (Լիբանան), բարերար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատւութեան շնորհիւ հիմնուած է Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը, որու տնօրէնն է Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան։
Սփիւռքի մէջ հայագիտութեան ասպարէզէն ներս արդէն երեք տարի գործող այս կեդրոնը նպատակ ունի ուսումնասիրել հայկական սփիւռքի, յատկապէս միջին-արեւելեան գաղութներու պատմութիւնը, ուշադրութիւն բեւեռելով անոնց պատմութեան, մշակոյթին, հիւրընկալ երկիրներուն եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վրայ: Կեդրոնի նպատակներուն մէջ է նաեւ հարստացնել հայկական սփիւռքի անցեալի եւ ներկայի մշակոյթի եւ բնակչութեան մասին գիտելիքները, պահպանել եւ պաշտպանել հայկական սփիւռքի մշակութային ժառանգութիւնը։
Ցարդ կեդրոնը կազմակերպած է հայագիտութան նիւթերով չորս գիտաժողով եւ հրատարակած է երեք կարեւորագոյն ուսումնասիրութիւններ՝ «Լիբանանահայ գիրքը, 1894-2012, Մատենագիտական ցանկ», աշխատասիրութեամբ Անդրանիկ Տագէսեանի եւ Արմէն Իւրնէշլեանի, Պէյրութ, 2014 թուական։
«Սփիւռքագիտութիւն տարեգիրք», Երեւան, 2012 թուական։
«Հայկական անդրսահմանային տարածականութիւնը եւ արդի հաղորդակցական միջոցները» գիտաժողովի նիւթեր (15-17 Մայիս 2013), խմբագիր՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Պէյրութ, 2014 թուական։
ՀԱՆԴԷՍԸ
Հայկազեան համալսարանի գործունէութեան մէջ առանձին յիշատակութեան արժանի է «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ը, որ լոյս կը տեսնէ 1970 թուականէն ի վեր Լիբանանի մէջ։
Հանդէսի հրատարակութեան մտայղացումը կը պատկանի Տքթ. Երուանդ Քասունիին, որ եղած է նաեւ առաջին տասը հատորներուն խմբագիրը։
Հանդէսին հիմնական նպատակներէն է ստեղծել փոխհաղորդակցութեան կամուրջ մը՝ հայրենի եւ սփիւռքահայ հայագէտներու միջեւ։
Տարբեր տարիներու Հանդէսի խմբագիրներ եղած են՝ Երուանդ Քասունին, Լեւոն Վարդանը, Ժիրայր Դանիէլեանը, Արա Սանճեանը, Պարոյր Աղպաշեանը, Կարօ Յովհաննէսեանը։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, հանդէսը ունեցած է անկանոն հրատարակութիւն (դադրած է 1985-1991 թուականներու միջեւ), սակայն 1991 թուականէն ի վեր, կը շարունակէ հրատարակուիլ կանոնաւորապէս։ ԺԱ. հատորէն ի վեր հանդէսի խմբագիրն է Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան։ Խմբագրական կազմին մաս կը կազմեն Տքթ. Արտա Էքմէքճի, Տքթ. Արշալոյս Թոփալեան, Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան (պատասխանատու քարտուղար), Տքթ. Արմէն Իւրնէշլեան։ Հանդէսը ունի նաեւ Խորհրդատու մարմին, բաղկացած հայաստանցի եւ սփիւռքահայ մասնագէտներէ։
«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի առանձնայատկութիւններէն է հայագիտական լայնածիր յօդուածներու հրատարակութիւնը։ Ըստ խմբագիրներուն աշխարհահայեացքին, հայութեան առընչուող ամէն նիւթ, եթէ ունի գիտական հիմք, հայագիտութիւն է, ուստի այնտեղ կը հրատարակուին այլաբնոյթ յօդուածներ, առանց բովանդակային սահմանափակման։
Հանդէսի իւրաքանչիւր հատոր, մանաւանդ ԺԱ. հատորէն ետք, ունի խմբագրական խօսք, ուր կ՚արտայայտուին հայագիտութեան տարբեր խնդիրներու եւ նիւթերու շուրջ հանդէսի խմբագրական կազմին տեսակէտերն ու կեցուածքները։
Հանդէսը լոյս կ՚ընծայէ նաեւ մահագրականներ, որոնք ունին կենսագրական եւ մատենագիտական լուրջ արժէք, լոյս կը տեսնեն արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն յօդուածներ։ Հայերէն յօդուածները կ՚ունենան անգլերէն ամփոփում, իսկ օտարալեզու յօդուածները՝ հայերէն։
Մինչեւ հատոր ԼԴ.՝ 2014 թուականը, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ը լոյս ընծայած է աւելի քան 1000 յօդուած, 15.500 էջ ընդհանուր էջաքանակով։ Երեսուներորդ հատորէն ի վեր անիկա ունի ISBN (Գրքի միջազգային ցուցանիշ-թիւ) ճանաչում։
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Գալով Հայկազեան համալսարանին՝ 60-ամեակը եւ հայրենիքի մէջ յոբելենական տօնախմբումը առիթ դարձան անգամ մը եւս շեշտելու, որ Հայկազեան համալսարանին առաքելութիւնն է որակաւոր կրթութեան ջամբումը քրիստոնէական մթնոլորտի մը մէջ, ուր գերակայ սկզբունքներ են ակադեմական ազատութիւնը եւ ճշմարտութեան որոնումն ու սփռումը։
Համալսարանը կը ձգտի պատրաստել մասնագէտներ, որոնք ունենան նաեւ առաջնորդի ունակութիւններ, ծառայելու համար լիբանանահայ եւ լիբանանեան ընկերութեան։
Համալսարանին ազգային դիմագիծը եւ աշխարհագրական դիրքը կը պահանջեն, որ ան պահպանէ եւ ջատագովէ իր հայկական եւ միջին-արեւելեան ժառանգութիւնը, համաշխարհային պարունակին մէջ դիտուած։
Հայկազեան համալսարանը Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ վկայութեան գործնականացած տեսիլքներէն մին է։ Այդուհանդերձ, համալսարանին դռները բաց են ամէն որակաւոր ուսանողի դիմաց, առանց ցեղային, քաղաքացիական եւ դաւանանքային խտրականութեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024