ՇՆՈՐՀ ԸՆԴՈՒՆԻԼ՝ ՓՈԽԱՆԱԿ ՇՆՈՐՀ ՄԸ ԸՐԱԾ ԿԱՐԾԵԼՈՒ
Մեր համեստ խորհրդածութիւններուն մէջ յաճախ կ՚անդրադառնանք անկեղծութեան եզրին կարեւորութեան մարդկային յարաբերութիւններու լաւ մշակման համար։
Իրապէս, «բան մը ընել» եւ «բան մը ըրած երեւիլ» բոլորովին տարբեր վիճակներ են, որոնցմէ երկրորդին աւելի շատ կարելի է հանդիպիլ առօրեային մէջ։ Կան մարդիկ՝ որ շատ բան ըրած կ՚երեւին, բայց իրականին ո՛չինչ կ՚ընեն, ո՛չ մէկ օգտակար գործ կը կատարեն ընկերութեան մէջ, բայց այդպէս երեւիլը իրենց յարգ ու պատիւ կ՚ընծայէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ մարդիկ իրենց արտաքնապէս տեսածին, աւելի ճի՛շդ է ըսել, տեսնել կարծածին, տեսնուածին կարեւորութիւն կու տան եւ չե՛ն թափանցեր խորը, կը բաւականանան երեւոյթով։ Մինչդեռ արտաքինը միշտ խաբէական է, էականը ցոյց չի տար։ Ասիկա չեն հասկնար շատեր, եւ ծրարին կարեւորութիւն կ՚ընծայեն՝ առանց գիտնալու, թէ ծրարին մէջ ի՛նչ կայ, նոյնիսկ պարապ է թէ՝ ո՛չ…։
Մարդիկ ալ կան, անձայն անշշուկ, անաղմուկ կ՚աշխատին, կը ծառայեն, ուրիշներու ուշադրութիւնն իսկ չեն գրաւեր, բայց շատ գործ կը տեսնեն՝ օգտակար կը հանդիսանան հաւաքականութեան։ Անոնք պահանջքը չեն զգար իրենք զիրենք ծանուցանելու, փաստելու իրենց բարեգործութիւնը։ Անոնք իրաւ եւ անկե՛ղծ ծառայասէրներ են. անոնց նպատակը օգուտ ապահովել է ուրիշներուն, եւ ո՛չ թէ ցուցամոլութեամբ փառք ու պատիւ շահիլ…։
Մանաւաանդ եկեղեցական ամէն տեսակի, ամէն աստիճանի ծառայութեան մէջ կարեւոր է անկեղծ վարմունքը։ Այս մասին կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ՝ չըսելու համար շատեր, ոմանք եկեղեցական ծառայութեան իբր թէ կը լծուին՝ պարզապէս աշխարհական կեանքի մէջ չտիրացած, կամ իրենց չընծայուած յարգն ու պատիւը կարենալ վայելելու համար։
Այս պարագային, սիրելի՜ բարեկամներ, ո՞ւր է անկեղծութիւնը, ո՞ւր է նուիրական ոգին, ո՞ւր է ուղղամտութիւնը, երբ իսկական նպատակը ո՛չ թէ ծառայել, օգտակար ըլլալ, բաժին ունենալ ընկերային բարոյական շէնքին կառուցման մէջ, այլ՝ օգտագործուիլ, շահ ապահովել եւ մէկ խօսքով՝ ո՛չ թէ շնորհ ընդունիլ, այլ՝ շնորհ մը ընել, որուն փոխարէնը աւելիով ընդունիլ։ Այդ շահագործումը եթէ ո՛չ նիւթական, բայց աւելի բարոյական կ՚երեւի։
Պարզ հարցում մը սիրելի՜ բարեկամներ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ Մէկը ինչո՞ւ հոգեւորական դառնալ կ՚ուզէ։ Կը հաւատա՞ք, որ իրենց բարձր ու ազնիւ զգացումներն են շարժառիթը։ Կը կարծէ՞ք, որ բարձր իտէալներու՝ հաւատքի, զոհողութեան, ծառայութեան, վեհանձնութեան, նուիրականութեան առաքինութիւններու պատճառով է, որ «ոմանք» հոգեւորականի սքեմ կրել կ՚ուզեն։ Թող ներուի ինծի, անկեղծութեամբ պիտի ըսեմ. վստահ չե՛մ։ Հապա ինչո՞ւ։
Վստահ չեմ ոմանց անկեղծութենէն, քանի որ ոմանք իրենց գիտութեամբ, ոմանք իրենց հաւատքով, անշուշտ եթէ ունին, կ՚ուզեն տիրապատել՝ այն ինչ որ չեն կրցած ընել աշխարհական կեանքի մէջ իրենց «գիտութեամբ» եւ «հաւատալիք»ներով։ Այնպիսիներուն ուժը ո՛չ թէ իրենց միտքը եւ հոգին, այլ իրենց որեւիցէ կերպով վստահուած սքեմէն բխած զօրութիւնն է։ Ինչո՞ւ «սքեմ», քանի որ կարեւորը «տարբեր ըլլալ», «տպաւորել», «ազդեցիկ ըլլալ» եւ հասարակ մարդոցմէ բացառութիւն կազմելու պահանջքը կը զգացուի։ Հապա եթէ «սքեմ»ը չունենան՝ անոնք ո՛րքան վստահութիւն կը ներշնչեն որպէս անձ. կարեւորը ա՛յդ է…։
Արդարեւ, ձեռնադրութիւնը ո՛րքան արդարացի է, ո՛րքան իրաւացի է, առանց այդ որոշելու կարելի՞ է անոր արդիւնքներուն վստահիլ։ Ուրիշ հարց մը եւս. ձեռնադրութիւնը ո՛րքան կը փոխէ անձը, մանաւանդ ինքնութիւնը։ Անարժան մէկու մը ձեռնադրութիւնը արդեօք օգուտէ աւելի վնաս չի պաճառե՞ր…։
Միթէ կեանքի ոփրձառութիւնը եւ պատմութիւնը չի՞ վկայեր դէպքերու եւ դէմքերու խռովայոյզ գայթակղութիւններուն, սայթաքումներուն՝ որ հետեւանքն են անարժան ձեռնադրութիւններու եւ անիրաւ գովեստաբանութիւններու, խնկարկութիւններու։ Անիրաւ, անարդար եւ անարժան կերպով յարգ ու պատիւ ստացողներ, իրենց տարողութենէն վեր իրաւասութիւններ ստացողներ, մանաւանդ հոգեւոր մարզի մէջ, հաւաքականութեան ամենէն վնասակար տարրերը եղած են։ Եկեղեցական պատմութիւնը եթէ լուրջ ուսումնասիրուի՝ պիտի տեսունի, որ ո՛չ թէ զգացական, այլ՝ բոլորովին իրական ու վաւերական եւ ստոյգ են մեր խորհրդածութիւնները։ Ուստի անարժանի մը իրաւասութիւն տալ ո՛րքան որ վտանգաւոր է՝ արժանաւորէ մը զլանալ, իրաւազրկել նո՛յնքան չարիք սպառնացող, տագնապալից եւ աղիտաւոր արարք մըն է։
Արդէն ընկերային անարդարութիւնը ինքնին ամենամեծ վտանգն է թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքին համար։ Անարժէք մէկուն արժէք ընծայել անարդարութիւն է եւ անիրաւութիւն, բայց արժէք ունեցող, արժանաւոր մէկէն արժանի յարգը զլանալ, ոճի՛ր է՝ որմէ կը վնասուի թէ՛ անհատը եւ թէ ընկերութիււը։ Ինչո՞ւ չափ եւ կշիռ չունենալ այս մասին, ինչո՞ւ արժանաւորը եւ անարժանը նոյն նժարին մէջ դնել. չէ՞ որ այդպէս ընելով կը խախտուի, կը քանդուի ամբողջ կշիռը։
Եթէ կ՚ուզենք ընկերային ներդաշնակութիւնը ապահովել ու պահել, մանաւանդ եկեղեցական կեանքին մէջ, պէտք է գիտնանք զատել արժանաւորը եւ անարժանը, պէտք է արդարութեան կշիռը, իրաւունքի հաւասարակշռութիւնը լաւ գործածենք։ Անարժաններու, վնասակար տարրերու եկեղեցւոյ ծառայութիւն յանձնել, ժողովուրդին հոգեւոր կեանքը անոնց վստահութեան աւանդել՝ եթէ ո՛չ ոճիր, այլ պատմական պատասխանատուութիւն բեռցնել կը նշանակէ ենթակային՝ որ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ տանիլ զայն։
Իրապէս արժանաւորները, անկեղծ ծառայասէրները, նուիրուած սպասաւորներն են, որ պիտի աւելի եւս բարգաւաճեն, աւելի՛ եւս բարձրացնեն եւ իր պատնէշին վրայ պիտի պահեն դարաւոր քրիստոսաւանդ Եկեղեցին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 10, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024