ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒՄԸ

Վեր­ջերս Հա­յաս­տան կը գտնուէր ա­մե­րի­կաբ­նակ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան, գրա­կա­նա­գէտ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Ե­րուանդ Ա­զա­տեան: Ան գրա­կա­նու­թեան, գե­ղա­րուես­տի, հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան, քննա­դա­տու­թեան, քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծու­մի, կրթա­կան, կազ­մա­կերպ­չա­կան աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ ա­ւե­լի քան վեց տաս­նա­մեակ նուի­րու­մով կը ծա­ռա­յէ հայ գի­րին, գրա­կա­նու­թեա­ն, բարձր գե­ղա­րուես­տա­կան խօս­քին:

Հե­տաքրք­րա­կան ճա­նա­պարհ ան­ցած է մեր ժա­մա­նակ­նե­րու սփիւռ­քա­հայ նշա­նա­ւոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն մին՝ Ե­րուանդ Ա­զա­տեան: Ծնած է Լի­բա­նան, 1935 թուա­կա­նին: Այս տա­րուան Մա­յի­սին Ե­րուանդ Ա­զա­տեան բո­լո­րեց իր ծննդեան 80-ա­մեա­կը, որ բա­ցի Սփիւռ­քի մէջ նշուե­լէ, նշուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, եւ ան նոյն­պէս ներ­կայ էր այդ հան­դի­սու­թեա­ն:

Ա­ւար­տած է Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նը, 1958 թուա­կա­նին, Պոս­թը­նի «Նորթ Իս­թըր­ն» եւ Տիթ­րոյ­ի­թի «Ո­ւէյն Սթէյ­թ» հա­մալ­սա­րան­նե­րը, 1973 թուա­կա­նին:

Ե­րուանդ Ա­զա­տեան մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած է սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի զար­գաց­ման կա­նո­նա­ւոր ըն­թաց­քի մէջ` 1954-1958 թուա­կան­նե­րուն ան ե­ղած է Պէյ­րու­թի «Զար­թօնք-սփոր­» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր-խմբա­գի­րը, իսկ 1959-1967 թուա­կան­նե­րուն՝ Գա­հի­րեի «Ա­րե­ւ» օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­պե­տը: Խմբագ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը 1960-ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րէն ար­դէն շա­րու­նա­կած է Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ, 1967-1972 թուա­կան­նե­րուն, ըլ­լա­լով Պոս­թո­նի «Պայ­քա­ր» հաս­տա­տու­թեան վա­րիչ-տնօ­րէ­նը, «Պայ­քա­ր» գրա­կան ե­ռամ­սեայ հան­դէ­սի եւ «Տը Արմենիըն Մի­րըր Սփէք­թա­թէօ­ր» թեր­թի խմբագ­րա­կազ­մե­րու ան­դամ: Ե­րուանդ Ա­զա­տեան 1971 թուա­կա­նէն ի վեր Մոն­րեա­լի «Ա­պա­գա­յ» շա­բա­թա­թեր­թի, 1986 թուա­կա­նէն ի վեր՝ Նիւ Եոր­քի «Ա­րա­րա­տ» (անգ­լե­րէն) հան­դէ­սի, 1991 թուա­կա­նէն ի վեր՝ Հա­յաս­տա­նի «Ազ­գ» օ­րա­թեր­թի, 2006 թուա­կա­նէն ի վեր՝ Պէյ­րու­թի «Կա­մա­ր» գրա­կան հան­դէ­սի հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ գլխա­ւոր աշ­խա­տա­կից­նե­րէն է:

Սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նը եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լած է նաեւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) մշա­կու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րէն ներս, ե­ղած է ազ­գա­յին մեծ բա­րե­րար Ա­լեք Մա­նու­կեա­նի անձ­նա­կան գրա­սե­նեա­կի վա­րի­չը, իսկ 1972-1997 թուա­կան­նե­րուն` ՀԲԸՄ-ի «Ա­լեք Մա­նու­կեան» մշա­կու­թա­յին հիմ­նադ­րա­մի ա­տե­նա­պե­տը, Տիթ­րոյ­ի­թի «Հայ մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գու­թիւ­ն» (անգ­լե­րէն) ձայ­նաս­փիւ­ռա­յին ծրագ­րի տնօ­րէ­նը, նաեւ Տիթ­րո­յի­թի ՀԲԸՄ-ի «Ա­լեք Մա­նու­կեան» վար­ժա­րա­նի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պե­տը:

Սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նը հե­ղի­նակ է «Կեանք ու ե­րազ Հա­յաս­տա­ն» (1964 թուա­կան, ու­ղեգ­րու­թիւն­ներ), «Գրա­կան-գե­ղա­րուես­տա­կան սե­ւե­ռում­նե­ր» (1988 թուա­կան), «Դի­ման­կար­ներ եւ դի­մաս­տուէր­նե­ր» (անգ­լե­րէն, 1995 թուա­կան) գրա­կա­նա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու, «Պատ­մու­թիւ­նը ըն­թաց­քի մէ­ջ» (քննա­սի­րու­թիւն, անգ­լե­րէն, 1999 թուա­կան), «Դի­տում­ներ եւ դա­տում­նե­ր» (2006 թուա­կան, հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւն), Վա­հան Թէ­քէեա­նի «Հա­տըն­տի­ր» եւ «Perspectives Armniennes»` իր յօ­դուած­նե­րու ֆրան­սե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ խմբագ­րած է Վա­հան Թէ­քէեա­նի փունջ մը քեր­թուած­նե­րու հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն երկ­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը:

Ղե­կա­վար պաշ­տօն­ներ ստանձ­նած է Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՌԱԿ) եւ Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան (ԹՄՄ) ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, ան­դամ է Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան եւ յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով` Հա­յաս­տան եւ այլ եր­կիր­ներ, սերտ կա­պեր հաս­տա­տած է Սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­նի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան մի­ջեւ: Պար­գե­ւատ­րուած է «Սուրբ Սա­հակ-Սուրբ Մես­րո­պ» հայ­րա­պե­տա­կան շքան­շա­նով, ձե­ռամբ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Վազ­գէն Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի, ար­ժա­նա­ցած է «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» նա­խա­գա­հա­կան եւ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան մե­տայլ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Պատ­ուոյ տոք­թո­րի կո­չու­մին։

Այս տա­րուան Մա­յի­սի 29-ին, իր ութ­սու­նա­մեա­կին ա­ռի­թով ԹՄՄ­-ի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Գա­նա­տա­յի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Տքթ. Յա­րու­թիւն Ար­զու­մա­նեան «Պատի՜ւ արժանաւորին» խորագրով գրած է հե­տե­ւեալ գրու­թիւ­նը.

«Քիչ է թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք ի ծնէ օժ­տուած են գրա­կա­նու­թեան, գե­ղա­րուե­ստի, հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան, քննա­դա­տու­թեան, քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծու­մի, կրթա­կան, կազ­մա­կերպ­չա­կան բազ­մա­զան բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րով: Ա՛լ ա­ւե­լի քիչ են ա­նոնք՝ ո­րոնք այդ երկ­նա­տուր շնորհ­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ նուի­րած են ու ա­ւե­լի քան վեց տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր անս­պառ ե­ռան­դով կը շա­րու­նա­կեն նուի­րա­բե­րել ի նպաստ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման:
Այդ բա­ցա­ռիկ դէմ­քե­րէն մին է Ե­րուանդ Ա­զա­տեան, որ իր ծննդա­վայր Լի­բա­նա­նէն մին­չեւ Ե­գիպ­տոս եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ու Գա­նա­տա, հայ գաղ­թօ­ճախ­նե­րու մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան, մա­մու­լի, քա­ղա­քա­կան եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս ա­ռա­տա­պէս սա­տա­րած է յե­տե­ղեռ­նեան հին ու նոր հայ հա­մայնք­նե­րու ա­ռողջ բար­գա­ւա­ճու­մին:
Պէյ­րու­թի ՀԲԸՄ-ի Յո­վա­կի­մեան-Մա­նու­կեան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ կո­փուած մեծ դաս­տիա­րակ Ա­րա Թօփ­ճեա­նի շուն­չով, հայ մա­մու­լի հնոց՝ «Զար­թօնք»ին մէջ թրծուած է խմբագ­րա­պետ Գեր­սամ Ա­հա­րո­նեա­նով, Փրոֆ. Բա­րու­նակ Թով­մա­սեա­նով եւ Հայ­կա­շէն Ու­զու­նեա­նով: Ա­պա Գա­հի­րէի մէջ խմբագ­րած է «Ա­րեւ» օ­րա­թեր­թը, Վա­հան Թէ­քէեա­նի, Միհ­րան Տա­մա­տեա­նի, Մի­քա­յէլ Կիւր­ճեա­նի, Ա­լեք­սանտր Սա­րու­խա­նի, Նու­պար Պէր­պէ­րեա­նի, Համ­բար­ձում Գա­րա­յեա­նի, Ար­շակ Ալ­պո­յա­ճեա­նի եւ ու­րիշ­նե­րու ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ա­ռողջ մթնո­լոր­տին մէջ: Հա­մալ­սա­րա­նի ու­սու­մը ստա­ցած է Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին ու հե­տա­գա­յին Պոս­թո­նի North East եւ Wayne State հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ, նոյն ­ժա­մա­նակ ստանձ­նե­լով Պոս­թո­նի «Պայ­քար» ու անգ­լիա­տառ The Armenian Mirror-Spectator թեր­թե­րու հո­գը: Քա­ռա­սուն­հինգ տա­րի­ներ ա­ռաջ մաս­նակ­ցած է Մոն­րէա­լի «Ա­պա­գայ» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նադ­րու­թեան, աշ­խա­տակ­ցած է տաս­նեակ մը այլ հայ­կա­կան թեր­թե­րու, ու կը շա­րու­նա­կէ իր փնտռուած, քա­ղա­քա­կան հմուտ վեր­լու­ծում­նե­րու շա­բա­թա­կան սիւ­նա­կը, ժա­մա­ցոյ­ցի կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ:
Հրա­տա­րա­կած է «Կեանք ու ե­րազ Հա­յաս­տան», «Գրա­կան Գե­ղա­րուես­տա­կան սե­ւե­ռում­ներ», «History on the Move», «Portraits and Profiles», «Վա­հան Թէ­քէեան հա­տըն­տիր» եւ «Perspectives Arméniennes» իր յօ­դուած­նե­րու ֆրան­սե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ խմբագ­րած է Վա­հան Թէ­քէեա­նի փունջ մը քեր­թուած­նե­րու հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն երկ­լե­զու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը: Տուած է բազ­մա­թիւ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ եւ բա­նա­խօ­սու­թիւն­ներ ու մաս­նակ­ցած է գի­տա­ժո­ղով­նե­րու:
Ե­ղած է ազ­գա­յին մեծ բա­րե­րար Ա­լեք Մա­նու­կեա­նի անձ­նա­կան գրա­սե­նեա­կի վա­րի­չը եւ «Ա­լեք Մա­նու­կեան» մշա­կու­թա­յին հիմ­նադ­րա­մի ա­տե­նա­պե­տը, աշ­խար­հա­տա­րած մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան ծրագ­րա­ւո­րում­նե­րու իր կեն­սա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով: Ե­ղած է Տիթ­րո­յի­թի ՀԲԸՄ-ի «Ա­լեք Մա­նու­կեան» վար­ժա­րա­նի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, ու իր կո­ղա­կի­ցին՝ Նո­րա Ի­փէ­քեան-Ա­զա­տեա­նի հետ աշ­խոյժ կեր­պով կազ­մա­կեր­պած է մշա­կու­թա­յին բազ­մա­թիւ բարձ­րո­րակ յայ­տա­գիր­ներ:
Ղե­կա­վար պաշ­տօն­ներ ստանձ­նած է ՌԱԿ-ի եւ Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, ան­դամ ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան եւ յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով սերտ կա­պեր հաս­տա­տած է Սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­նի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան մի­ջեւ: Պար­գե­ւատ­րուած է «Ս.­ Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ» հայ­րա­պե­տա­կան շքան­շա­նով ձե­ռամբ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Վազ­գէն Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի, ար­ժա­նա­ցած է «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» նա­խա­գա­հա­կան մե­տայ­լին եւ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան մե­տայ­լին, ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Պա­տուոյ տոք­թո­րա­յին:
Կը շնոր­հա­ւո­րենք Ե­րուանդ Ա­զա­տեա­նի 80-ա­մեայ յո­բե­լեա­նի այս նշա­նա­կա­լից հանգ­րուա­նը եւ կը մաղ­թենք իր պատ­կա­ռե­լի վաս­տա­կին յա­րա­ճուն երթ, ի նպաստ հայ Ժո­ղո­վուր­դի պայ­ծառ ա­պա­գա­յին»:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ Ե­րե­ւա­նի մէջ Ե­րուանդ Ա­զա­տեա­նի հա­յաս­տա­նեան վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ա­նուա­նի մտա­ւո­րա­կա­նին հետ եւ զրու­ցեց այ­ցի ա­ռիթ­նե­րուն, սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նի դե­րին եւ հա­յու­թիւ­նը յու­զող քա­նի մը հար­ցե­րու շուրջ:

-Պա­րոն Ա­զա­տեան, ի՞նչ ա­ռի­թով կը գտնուիք Հա­յաս­տան:

-Այս ան­գամ հա­յաս­տա­նեան այ­ցե­լու­թիւնս եր­կու պատ­ճառ ու­նի. մէ­կը՝ Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան գրա­կան յա­ջոր­դա­կան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւնն էր, իսկ միւ­սը` ա­ւե­լի կու­սակ­ցա­կան ուղ­ղու­թիւն ու­նէր: Գաղտ­նիք չէ, որ Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը բաժ­նուած է Սփիւռ­քի մէջ, եւ պա­տա­հա­կան մար­դիկ իշ­խա­նու­թեան պի­տա­կը յափշ­տա­կած են, պի­տա­կը, բայց ոչ` էու­թի­ւնը: Սա­կայն, մեր ա­ւան­դա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ընդ­հա­նուր հա­ւաք մը ու­նե­ցանք Ե­րե­ւա­նի մէջ, եւ այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք ա­նո­րո­շու­թեան մէջ էին, կամ յա­րած էին կու­սակ­ցու­թիւ­նը պա­ռակ­տող կարգ մը տար­րե­րու, վեր­ջա­պէս անդ­րա­դար­ձան, թէ ո՛վ, ի՛նչ գոր­ծու­նէու­թիւն կը տա­նի կու­սակ­ցու­թե­նէն ներս:

Մենք կրցանք այս­տեղ ստեղ­ծել բա­ւա­կան զօ­րա­ւոր շար­ժում մը, որ նոյ­նիսկ կու­սակ­ցու­թիւ­նը պա­ռակ­տել փոր­ձող ան­ձե­րու շուրջ ե­ղող մար­դի­կը ե­կան եւ մե­զի յա­րե­ցան, ու ան­մի­ջա­պէս հասկ­ցան, թէ ո՛վ է կո­սակ­ցու­թեան դի­մա­գի­ծը, ա­ւան­դոյթ­նե­րը պա­հո­ղը եւ ո՛վ է զայն պա­ռակ­տո­ղը: Կաս­կած չկայ, որ մենք ոտ­քի պի­տի կանգ­նինք եւ նոյն միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը նաեւ դուր­սը պի­տի ստեղ­ծենք:

-Դուք միշտ ե­ղած էք զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող հայ մտա­ւո­րա­կա­նի հոգ­ե­րուն եւ ներշն­չում­նե­րուն տե­ղեակ գոր­ծիչ մը: Այ­սօր ի՞նչ խնդիր­ներ, տագ­նապ­ներ, հար­ցեր ու­նի սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նը:

-Սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս` հայ մտա­ւո­րա­կա­նի ներշն­չու­մը հայ­րե­նիքն է, հա­կա­ռակ, որ Սփիւռ­քը ունի իր ցա­ւե­րը, իր խնդիր­նե­րը, իր կո­րուստ­նե­րը, բայց Հա­յաս­տա­նի ճա­կա­տագ­րին հետ կա­պուած շատ մը հար­ցեր նոյն­քան կը ճնշեն նաեւ սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նին վրայ: Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան ան­նա­խա­տե­սե­լի վի­ճա­կը, մա­նա­ւանդ ար­տա­գաղ­թը, չա­փա­զանց մտա­հո­գիչ ե­րե­ւոյթ­ներ են Սփիւռ­քի մտա­ւո­րա­կա­նին հա­մար: Դժբախ­տա­բար, ամ­բողջ դա­րե­րու ըն­թաց­քին երկ­րէն դէ­պի դուրս գաղթ մը ե­ղած է, հի­մա, երբ ան­կա­խու­թիւն հռչա­կե­ցին, փո­խա­նակ հա­մախմ­բուե­լու, փրկե­լու Հա­յաս­տա­նը, իր զրկանք­նե­րով տա­ռա­պե­լու, ա­մէն մարդ կօ­շի­կը հա­գուած կը ձգէ Հա­յաս­տա­նը ու կ՚եր­թայ: Ա­սի­կա պատ­մա­կան եր­կար պրո­ցես մըն է, ա­տոր հա­մար Հա­յաս­տա­նը կը կորսնց­նենք, վեց դար կու լանք ան­կա­խու­թեան հա­մար, ա­ւե­լի շատ լա­լով ժա­մա­նակ կ­­՚ան­ցը­նենք, քան` Հա­յաս­տա­նը կեր­տե­լով:

-Յա­ճախ հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նաք զա­նա­զան հայ պաշ­տօ­նա­տար ան­ձե­րու հետ, սո­վո­րա­բար Ձեր այս մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու մա­սին կ՚ար­տա­յայ­տուի՞ք այդ հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին:

-Հա­յաս­տա­նի մէջ, ըլ­լա՛ն պաշ­տօ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րը, ըլ­լա՛ն մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րը, սո­վո­րա­բար կ՚ու­զեն լսել այն, ինչ որ հա­ճե­լի է ի­րենց համար: Քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը այն­քան լրջու­թեամբ չեն դի­մա­ւո­րուիր, ա­ւե­լի կը թշնա­մա­նան քննա­դա­տող­նե­րուն կամ ալ ան­տար­բե­րու­թեամբ կը լսեն, եւ սրտցաւ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը յա­ճախ կ՚ան­տե­սուին: Իսկ խօ­սե­լու շատ հար­ցեր կան, եւ նո­րէն նշեմ, որ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը այ­սօր ար­տա­գաղթն է, որ մեծ չա­փե­րու հա­սած է: Հա­յաս­տա­նը լքող­նե­րու գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը հե­ռան­կա­րի պա­կասն է: Ո­մանք նոյ­նիսկ հաց ու­նին, գործ ու­նին, բայց կ՚ու­զեն եր­թալ: Կար ժա­մա­նակ մը, երբ նոյ­նիսկ հա­ցի պա­կաս կար, բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թեան պատ­ճա­ռը` Հա­յաս­տա­նը լքե­լու, սնուն­դի, ապ­րուս­տի դժուա­րու­թիւնն էր: Հի­մա կայ դա­սա­կարգ մը, որ ու­նի ա­տի­կա, բայց հե­ռան­կար չու­նի: Մեզ կը տա­ռա­պեց­նէ Սփիւռ­քի մէջ, որ մեր ձեռ­քը չէ այդ ըն­թաց­քը փո­խե­լը, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ձեռքն է: Իսկ ե­թէ հարց­նեք իշ­խա­նա­ւոր­նե­րէն ոե­ւէ մե­կուն, թէ դուք ի՞նչ կ՚ը­նէք, որ այս ար­տա­հոս­քը, այս հայ­րե­նալ­քու­մը դադ­րի, շի­տակ պա­տաս­խան մը չկայ: Ա­սի­կա շատ ցա­ւա­լի ե­րե­ւոյթ է. ո՞վ պի­տի պաշտ­պա­նէ Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը, ո՞վ պի­տի զար­գաց­նէ հայ­րե­նի­քի տնտե­սու­թիւ­նը: Ես ի­մա­ցած եմ պա­րա­գա­ներ, որ հսկայ ներդ­րում­ներ կ՚ը­լլան ճամ­բա­նե­րու շի­նա­րա­րու­թեան վրայ, եւ օ­տար եր­կիր­նե­րէ շի­նա­րար­ներ կը բե­րեն, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի շի­նա­րար­նե­րը կ՚եր­թան, ու­րիշ եր­կիր­ներ կ՚աշ­խա­տին:

Երբ որ Հա­յաս­տան իր ա­ռա­ջին ան­կա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ, մեր կա­ռա­վա­րու­թիւնն ան­գամ Թիֆ­լի­զի մէջ էր, դա­րե­րով Թիֆ­լի­զը եւ այլ քա­ղաք­ներ կեր­տած են մեր շի­նա­րար­նե­րը, այ­սօր կրկին դուր­սը կ՚աշ­խա­տին: Նոյ­նիսկ սու­րիա­հա­յե­րը չկրցանք պա­հել Հա­յաս­տա­նի մէջ: Այդ ա­ռու­մով շատ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ե­ղան, բայց այն աս­տի­ճան զօ­րա­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը չե­ղաւ, որ­պէս­զի ա­նոնք կրնա­յին հե­ռան­կար մը տես­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ ու մնալ: Իսկ սու­րիա­հայ գա­ղու­թը մեր վեր­ջին հա­յե­ցի, հայ­կա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րով գա­ղութն էր, փոք­րիկ պատ­մա­կան Հա­յաս­տանն էր իր խոր­քին մէջ, եւ մեծ հարս­տու­թիւն պի­տի ըլ­լար, որ այդ հա­մայն­քը մնար Հա­յաս­տա­նի մէջ: Սերն­դա­փո­խու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի նրբա­ցու­ցած, շեշ­տած էին սու­րիա­հայ գա­ղու­թին հա­յե­ցիու­թիւ­նը:

-Իբ­րեւ գրող, հրա­պա­րա­կա­խօս, այս օ­րե­րուն ի՞նչ գիր­քե­րու վրայ կ՚աշ­խա­տիք:

-Ես վեր­ջերս հրա­տա­րա­կե­ցի Վա­հան Թէ­քէեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան հա­տըն­տի­րը, հրա­տա­րա­կե­ցի Թէ­քէեա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու անգ­լե­րէն-հա­յե­րէն երկ­լե­զու հա­տո­րը, Ժի­րայր Բա­բա­զեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ եւ իմ խմբագ­րու­թեամբ: Տա­սը տա­րի աշ­խա­տած էի Ա­լեք Մա­նու­կեան թան­գա­րա­նի ալ­պո­մին վրայ, ան­ցեալ տա­րի ալ այդ ալ­պո­մը հրա­տա­րա­կուե­ցաւ: Ինչ կը վե­րա­բե­րի հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան աս­պա­րէ­զին, ես շա­բա­թա­կան յօ­դուած­ներ, քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծում­ներ կը գրեմ «Տը Արմենիըն Մի­րըր Սփէք­թա­թէօ­ր­»ին մէջ: Հրա­տա­րակ­չա­կան ծրագ­րե­րուն գա­լով` պատ­րաս­տե­լու վրայ եմ նոր հա­տոր մը, որ պի­տի ընդգր­կէ իմ բո­լոր գրա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներս եւ յա­ջորդ տա­րի լոյս պի­տի տես­նէ:

-Ձեր խո­հե­րու, մտա­ծում­նե­րու մա­սին գրու­թիւն­նե­րու ըն­թեր­ցող­նե­րը թէ՛ Սփիւռ­քէն եւ թէ Հա­յաս­տա­նէ՞ն են:

-Սփիւռ­քի մէջ շատ հայ ըն­թեր­ցող չմնաց եւ ա­տոր հա­մար ես ստի­պուած եմ անգ­լե­րէն գրել:

-Իսկ խօ­սե­լով Հա­յաս­տա­նի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան մա­սին` ինչ­պէ՞ս կը բնո­րո­շէք ա­նոր դիր­քո­րո­շում­նե­րը` վե­րը նշուած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն առ­թիւ:

-Երբ որ Հա­յաս­տա­նը ան­կախ հռչա­կուեցաւ, Նիա­կա­րա­յի ջրվէ­ժին պէս մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ան­կում ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ, շու­կա­յա­կան ար­ժէք­նե­րը սկսան տի­րա­պե­տել: Այն ժա­մա­նակ ես «Ա­լեք Մա­նու­կեան» հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տուն էի, մենք այս­տեղ նա­խա­ձեռ­նե­ցինք ե­րի­տա­սարդ գրող­նե­րու գիր­քե­րու տպագ­րու­թեան, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք պահ­պա­նել գրա­կան դաշ­տը: Շուրջ տասն­հինգ հա­տոր գիրք տպե­ցինք: Բայց ը­սեմ, որ թէ՛ այն ժա­մա­նակ, թէ՛ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը Սփիւռ­քի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան հետ հասկ­ցուե­լու խնդիր ու­նի: Ա­ւե­լի ճիշդ` Սփիւռ­քի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան կող­մէ կայ չհասկ­ցուե­լու մտա­հո­գու­թիւ­նը: Ե­թէ խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն այդ մէ­կը գա­ղա­փա­րա­կան տա­րան­ջա­տում­նե­րով էր պայ­մա­նա­ւո­րուած, ը­սենք, թէ այն սփիւռ­քա­հա­յը, ով սո­վե­տի գով­քը չէր ը­ներ, իր գրա­կան ար­ժէ­քը չէր գտներ, ա­պա այ­սօր ան­հաս­կ­նա­լի է, թէ ին­չո՛վ է պայ­մա­նա­ւո­րուած այս տա­րան­ջա­տու­մը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015