ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Պա­հե­ցո­ղու­թիւն»,  իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ ինք­զինք ա­զատ կա­ցու­ցա­նել այն բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րէն, գո­րծե­րէն եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն՝ ո­րոնք ի­րենց բնու­թեամբ իսկ ար­գելք կը հան­դի­սա­նան մարմ­նա­ւոր եւ հո­գե­կան սրբաց­ման։

Ան­շուշտ «ուտե­լիք»ը յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ պա­հե­ցո­ղու­թեան հար­ցին մէջ, քա­նի որ մարդ էա­կին հա­մար «ուտել»ը անհ­րա­ժեշտ է իր մարմ­նա­կան գո­յա­պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար։ Կրնա՞նք ը­սել, թէ մարդս ա­մե­նէն շատ զբա­ղեց­նող գործն է ու­տե­լը, ու­տե­լի­քը միշտ եւ ա­մէ­նու­րեք։

Պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը, ա­հա­ւա­սիկ այդ ան­չափ ու ան­սահ­ման, ը­սենք, կիր­քը չա­փա­ւո­րող, կշի­ռի տակ առ­նող եւ կիր­քը օգ­տա­կար վի­ճա­կի վե­րա­ծող ըն­թացք մը, օ­րէնք մըն է։

Պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը «օ­րէնք» է, քա­նի որ ան ցոյց կու տայ մար­դու նպաս­տա­ւոր գոր­ծե­րը, օգ­տա­կա­րու­թիւն ձեռք բե­րե­լու հա­մար հպա­տա­կե­լի կա­նոն­նե­րը։ Ա­յո՛, այս ի­մաս­տով՝ պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը օ­րէ՛նք մըն է՝ ո­րուն պար­տի հնա­զան­դիլ ու հպա­տա­կիլ ա­մէն ող­ջա­խոհ ան­հատ, անձ։

Պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը, նաեւ պէտք է հասկ­նալ բու­ժա­կան ի­մաս­տով կա­տա­րուած չա­փա­ւո­րու­թիւն։ Այ­լա­պէս պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը երբ բժշկա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն մըն է, կը ստա­նայ բու­ժա­կան հան­գա­մանք, ապ­րե­լա­կերպ։ Պա­հե­ցո­ղու­թեան աս­տի­ճա­նը կա­րե­լի է ըն­դար­ձա­կել կամ ծա­ւա­լել՝ ծո­մա­պա­հու­թեան։

Եւ այն դրու­թիւ­նը՝ որ կը նպաս­տէ մար­դուն գո­յա­պահ­պան­ման, այն կը սահ­մա­նուի օ­րէն­քի ո­րոշ տրա­մադ­րու­թեամբ՝ որ կը նշա­նա­կէ ի­րա­ւուն­քի վա­յե­լում, գոր­ծա­ծում։

Ար­դա­րեւ Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տուի­րան­նե­րը ի­րենց տե­ղը կը գրա­ւեն «բա­րո­յա­կան կեանք»ի ու­ղեգ­ծով, որ ա­ռըն­չուած է ծի­սա­կան­ կեան­քին եւ ա­նով է, որ կը սնա­նի, կ՚ա­ճի։

Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ հրա­հան­գուած դրա­կան օ­րէնք­նե­րուն ստի­պո­ղա­կան հան­գա­ման­քը ի­րեն նպա­տակ ու­նի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ա­ղօթ­քի հո­գիին եւ բա­րո­յա­կան վաս­տա­կին մէջ ա­պա­հո­վե­լու ի՛նչ որ նուա­զա­գոյն անհ­րա­ժեշտ է Աս­տու­ծոյ եւ մեր­ձա­ւո­րին սի­րոյն ա­ճու­մին նկատ­մամբ։ Ու­րեմն պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը պէտք է նկա­տի առ­նել «օ­րէնք»ի շրջա­նա­կին մէջ։

Պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը հո­գե­ւոր ի­մաս­տով բա­ցատ­րա­գիր մը, ցանկ մը, ցու­ցակ մը եւ կամ դե­ղա­տոմս մը չէ։

Պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը, հո­գե­ւոր ի­մաս­տով՝ խղճի կշիռ մը, չափ մըն է։ Ան կապ մըն է մտքին ու խղճին մի­ջեւ։

Ա­հա թէ ի՛նչ կը խրա­տէ Յով­հան Ման­դա­կունի Կա­թո­ղի­կոս (478-490), Ե. դա­րուն։

«Քա­նի որ շատ կա­րե­ւոր է պա­հե­ցո­ղու­թեան դրու­թիւ­նը մարդ­կա­յին բնու­թեան հա­մար եւ շատ մը թե­րու­թիւն­ներ կը շտկուին ա­նոր մի­ջո­ցով, ա­պա ու­րեմն պէտք է խո­նար­հու­թիւն ցոյց տրուի ա­նոր։ Ար­դէն իսկ մար­դուն ստեղ­ծուե­լէն, ա­ռա­ջին պա­հէն, Աս­տուած պա­հե­ցո­ղու­թեան պա­տուի­րա­նով, կամ օ­րէն­քով ամ­րա­ցուց մար­դուն բնու­թիւ­նը եւ ա­ռա­ջին մար­դուն որ­պէս ա­ռա­ջին պա­տուի­րան դրախ­տին մէջ տուաւ պա­հե­ցո­ղու­թեան պա­տուի­րա­նը՝ չու­տել, չճա­շա­կել «չա­րի ու բա­րիի գի­տու­թեան ծառ»էն։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ հե­ռու մնալ այն բա­նէն, որ ար­գի­լուած է, քա­նի որ կրնայ վնաս պատ­ճա­ռել…։

«Ուս­տի ե­թէ Ա­դա­մը գիտ­նար պա­հել, հնա­զան­դիլ պահ­քի, կամ պա­հե­ցո­ղու­թեան պա­տուի­րա­նին, պի­տի ժա­ռան­գէր ա­ռողջ՝ ա­նախտ, ան­մահ եւ ան­մեղ կեան­քը եւ եր­կին­քի մէջ՝ երկ­նա­յին բա­րիք­նե­րը, քա­նի որ շա­տեր՝ որ պա­հե­ցին պա­հե­ցո­ղու­թեան պա­տուի­րա­նը, փրկուե­ցան բազ­մա­թիւ վիշ­տե­րէ, ցա­ւե­րէ եւ ախ­տե­րէ։

«Իսկ ա­նոնք որ հե­ռա­ցան պա­հե­ցո­ղու­թե­նէ, հե­ռա­ցան Աս­տու­ծոյ շնորհ­նե­րէն եւ զա­նա­զան չա­րիք­նե­րով չար­չա­րուե­ցան։ Եւ այն բո­լո­րը, որ ար­հա­մար­հե­ցին պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը՝ ար­հա­մար­հուե­ցան Աս­տուծ­մէ եւ հե­ռա­ցան Ա­նոր բազ­մա­թիւ ո­ղոր­մու­թիւն­նե­րէն։

«Եւ ե­թէ նոյ­նիսկ կե­րա­կուր­նե­րով ազ­նուա­նայ ու պար­կեշ­տա­նայ մարդ, իսկ միւս ան­դամ­նե­րով պա­հե­ցո­ղու­թիւն չը­նէ, չհնա­զան­դի պահ­քի պա­տուի­րա­նին՝ որ օ­րէնք է, զուր եւ ու­նայն կը մնայ իր բո­լոր ջան­քը։ Այս կը նշա­նա­կէ ու­րեմն՝ ե­թէ լե­զուն չպար­կեշ­տա­ցուի, աչ­քի ուն­կը՝ ա­կան­ջը զօ­րաց­նէ, խոր­հուրդ­նե­րու եւ միտ­քե­րո՛ւ հա­մար զգու­շա­նայ, ըն­կե­րոջ նկատ­մամբ ա­տե­լու­թեան զգա­ցում­նե­րով լե­ցուած՝ ոխ պա­հէ, նոյն­պէս եղ­բօր հան­դէպ ա­տե­լու­թեամբ եւ ոե­ւէ մէ­կու նկատ­մամբ կեղ­ծա­ւո­րու­թեամբ սէր ցոյց տայ կամ կեղծ խո­նար­հու­թեամբ ըն­կե­րոջ ծա­ռա­յել ձե­ւաց­նէ, պա­տիւ, փառք եւ իշ­խա­նու­թեան ցան­կայ եւ կար­ծէ թէ ինք պա­հե­ցո­ղու­թեան մէջ է, այն­պի­սին շա՜տ մո­լո­րած կ՚ըլ­լայ։ Քա­նի որ ան ո՛չ թէ խո­նար­հու­թեամբ եւ յօ­ժա­րու­թեամբ, հա­ճու­թեամբ կա­տա­րուած «ըն­դու­նե­լի» պա­հե­ցո­ղու­թիւն է, այլ՝ խա­բէու­թեան, կեղ­ծա­ւո­րու­թեան, որ ո՛չ մէկ օ­գուտ կը ստա­նայ, ո՛չ մէկ ար­ժէ­քի կը հա­մե­մա­տի։

«Ան պա­տի­ժի եւ պա­տու­հա­սի կ՚ար­ժա­նա­նայ։

«Այ­լեւ պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը՝ պահ­քը կ՚ա­նուա­նուի ո՛չ թէ կե­րա­կուր­նե­րու, ու­տե­լի­քի նկատ­մամբ ժուժ­կա­լու­թիւն, այլ խու­սա­փիլ ա­մէն տե­սակ մեղ­քէ, քա­նի որ պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը, հո­գե­ւոր ի­մաս­տով բե­րա­նի լռու­թիւն է եւ ա­ռանց պա­հանջ­քի եւ պէտ­քի, ա­ռանց մէ­կու մը հարց­նե­լուն կամ հար­ցում ուղ­ղե­լուն չխօ­սիլն է։

«Պահք ու պա­հե­ցո­ղու­թիւն է նաեւ խո­նար­հու­թեամբ վա­րուի­լը, հա­մես­տու­թիւ­նը, պա­րապ գոր­ծե­րով ժա­մա­նակ չվատ­նե­լը, ու­նայ­նա­խօու­թիւն չը­նե­լը…»։

­Ներ­կա­յիս նոյ­նա­ցած են պահք եւ ծոմ բա­ռե­րը, մինչ­դեռ նա­խա­պէս տար­բեր ի­մաստ­ներ կ՚ար­տա­յայ­տէին։

«Ծոմ» կը նշա­նա­կէ օ­րա­կան մէկ ան­գամ ու­տե­լով պա­հե­ցո­ղու­թիւն ը­նել, պահք պա­հել, իսկ «պահք» կամ յա­տուկ ի­մաս­տով պա­հե­ցո­ղու­թիւն՝ կ՚ար­տա­յայ­տէ, ընդ­հան­րա­պէս կե­րա­կուր չու­տել։

Պահ­քը կ՚ար­տա­յայ­տէ պա­հե­ցո­ղու­թեան այն տե­սա­կը՝ ո­րու ըն­թաց­քին կը թոյ­լատ­րուի գոր­ծա­ծել բու­սա­կան ծա­գում ու­նե­ցող կե­րա­կուր­ներ՝ զերծ մնա­լով ա­մէն տե­սակ մսե­ղէ­նէ եւ կաթ­նե­ղէ­նէ։

Ըստ Հայ Ե­կե­ղե­ցիի սահ­մա­նած կար­գին, տա­րուայ մօ­տա­ւո­րա­պէս վեց ա­մի­սը պահ­քի օ­րեր են։

Պահ­քը, պա­հե­ցո­ղու­թիւ­նը, պա­սը, ծոմ, ծո­մա­պա­հու­թիւն կրօն­նե­րու ուտե­լիքի կամ ա­նոր ա­ռան­ձին տե­սակ­նե­րու հա­մար ո­րո­շա­կի ժամ­կէ­տով սահ­մա­նուած ար­գելք, հա­ճոյք­նե­րէ եւ ու­տե­լի­քէ լրիւ կամ մաս­նա­կի հրա­ժա­րում է, որ կա­րե­լի է ար­տա­յայ­տել «պա­հե­ցո­ղու­թեան օ­րէնք»ով…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 8, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015