ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ՝ ԴՐԱՄԻՆ ԲՈՒՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ - Ա -

Բա­րե­պաշ­տու­թեան ընդ­հա­նուր եւ հա­սա­րա­կաց կա­նոն մը կը պար­տա­ւո­րէ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ձեռն­թափ ըլ­լալ միտ­քի եւ կամ մարմ­նոյ այն բո­լոր զբա­ղում­նե­րէն՝ ո­րոնք կեան­քի նիւ­թա­կան ըմբռ­նու­մին կը վե­րա­բե­րին։ Ա­սի­կա շատ ա­ւե­լի զգա­լի է մա­նա­ւանդ ա­պաշ­խարու­թեան օ­րե­րուն մէջ։

«Ա­րա­րէք ձեզ բա­րե­կամս ի մա­մո­նա­յէ ա­նի­րա­ւու­թեան» (ՂՈՒԿ. ԺԶ 9) հա­տուա­ծին յե­նուե­լով, ո՛չ ան­խոր­հուրդ հա­կադ­րու­թեամբ մը, այլ եր­կիւ­ղած ող­ջա­խո­հու­թեամբ, Ե­կե­ղե­ցին մեր մտադ­րու­թիւ­նը կը հրա­ւի­րէ ա՛յն­պի­սի կէ­տի մը վրայ՝ որ կեան­քի գա­ղա­փա­րին նիւթա­կա­նա­ցումն է բո­լո­րո­վին։

Քիչ մը տա­րօ­րի­նակ է ան­շուշտ այս, ու հի­մա՛ մա­նա­ւանդ, որ ան­կեղ­ծու­թեան եւ միամ­տու­թեան ա­նուն­նե­րո­վը քօ­ղար­կուած՝ սու­տը եւ կեղ­ծի­քը՝ կրօն­քի հո­վա­նիին ներ­քեւ ա­մե­նէն ա­ւե­լի՛ կը գոր­ծեն ի­րենց ա­ւե­րը, տխուր եւ մութ հո­գի­նե­րու հա­մար գու­ցէ գայ­թակ­ղե­ցու­ցի՛չ բայց լրջօ­րէն խոր­հո­ղի եւ ա­զա­տա­միտ մտքի մը մօ­տե­ցու­մով եւ մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցիին խո­հա­կան ո­գիին վրայ հաս­տատ հա­մա­րում ու­նեցո­ղի մը հա­մար՝ դիւ­րի՛ն է ըմբռ­նել, թէ այս կար­գադ­րու­թիւ­նը ինք­նին ո՜ր­քան բնա­կան, նո՛յն­քան բա­նա­ւոր է ա­մէն կեր­պով, եւ ո՛չ տա­րօ­րի­նակ։

Մարդ­կա­յին միտ­քը սո­վո­րա­բար շա՜տ հան­դարտ, եւ հե­տե­ւա­պէս շա՛տ յա­տուկ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ մը կ՚անդ­րա­դառ­նայ ա­ւե­լի հե­ռա­կայ քան թէ մօ­տը գտնուած ի­րի կամ ի­րո­ղու­թեան մը վրայ, ա­ւե­լի ան­ցեալ քան թէ ներ­կա­յա­պէս կա­տա­րուող դէպ­քե­րու վրայ։

Ար­դա­րեւ, երբ քովդ ան­մի­ջա­պէս մօտդ՝ աչ­քիդ առ­ջեւ՝ կամ ձեռ­քիդ տակ ու­նիս սի­րած մէկ ա­ռար­կադ, չե՛ս խոր­հիր ա­նոր վրայ, քա­նի որ կը ջա­նաս միայն վա­յե­լել զայն. իսկ տե­սու­թեանդ առ­ջե­ւէն ան­հե­տա­ցած բան մը կամ գործ մը, իր մը կամ ի­րո­ղու­թիւն մը՝ իս­կոյն իր վրայ կը հրա­ւի­րէ ամ­բողջ մտա­ծո­ղու­թիւնդ, կը խոր­հիս ու կը խորհր­դա­ծես ա­նոր վրայ, միտքդ կը զբա­ղեց­նես զայն յա­ռաջ բե­րող պատճա­ռին կամ ան­կէ յա­ռաջ գա­լիք հե­տե­ւան­քին վրայ, ու այն կեր­պով՝ ի­րօք ա­ւե­լի՛ ճիշդ եւ ա­ւե­լի՛ խոր կ՚ըլ­լայ ա­նոր մա­սին քու կազ­մած ծա­նօ­թու­թիւնդ։

Ա­սի­կա, ար­դա­րեւ ա՜յն­քան բնա­կան բան մըն է միտ­քին հա­մար, ո՛ր­քան սո­վո­րա­կան է մեր բո­լո­րին հա­մար այն ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ ո­րով կարծես թէ ինք­նա­բե­րա­բար կը գո­ցենք մեր աչ­քե­րը, երբ կ՚ու­զենք մե­զի ար­դէն ծա­նօթ բա­նի մը վրայ մտա­ծել ու­շադ­րու­թեամբ։

Խոր­հիլ տա­լու միշտ եւ ճի՛շդ այս ե­ղա­նակն է զոր կը հրա­ւի­րէ նաեւ ե­կե­ղե­ցին, մէկ կող­մա­նէ ար­գի­լե­լով հա­ճոյ­քին վա­յե­լու­մը ա­պաշ­խա­րու­թեան օ­րե­րուն ըն­թաց­քին մա­նա­ւանդ, եւ միւս կող­մա­նէ պար­տա­ւո­րե­լով զմեզ որ մեր խորհր­դա­ծու­թեան ա­ռար­կայ ը­նենք զայն՝ քննե՛նք ու ճանչ­նանք ա­նոր լաւ կամ յո­ռի ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը մեր կեան­քին՝ մեր քրիս­տո­նէա­կան կեան­քին վրայ, մէկ կող­մա­նէ չնե­րե­լով որ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ՝ այդ­պի­սի օ­րե­րու մէջ մա­նա­ւանդ՝ ջա­նան շա­հու գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րով եւ դրա­մի հե­տապն­դու­թեամբ անցը­նել իրենց ժա­մե­րը, եւ միւս կող­մա­նէ ալ մե­զի իբ­րեւ հո­գե­ւոր ըն­թեր­ցու­մի նիւթ ներ­կա­յաց­նե­լով Ա­ւե­տա­րա­նի այդ հա­տուա­ծը, Յի­սու­սի ա՛յն ա­ռակը՝ ո­րուն մէջ ա­մե­նէն ա­ւե­լի քան այ­լուր, կը քա­րո­զուի դրա­մին պէտ­քը՝ դրա­մին կա­րե­ւոր դե­րը՝ դրա­մին ար­ժէքն ու յար­գը մեր կեան­քի գործա­ծու­թեան մէջ ընդ­հան­րա­պէս։

Դարձ­նենք ու­րեմն պահ մը մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը մեր բո­լո­րին ար­դէն շատ մօ­տիկ՝ մեր բո­լո­րին ալ մտա­ծու­թիւն­նե­րուն ա­մե­նէն յան­կուցիչ մէկ պայ­մա­նը ե­ղող այն չնչին ի­րին՝ դրա՛­մին վրայ, հասկ­նա­լու հա­մար թէ ի՛նչ է Յի­սու­սի տե­սու­թիւ­նը ա­նոր մա­սին, ի՞նչ է ա­ւե­տա­րանա­կան բա­րո­յա­կա­նի կող­մէ ա­նոր հա­մար կշռուած ար­ժէ­քը, եւ թէ վեր­ջա­պէս ի՞նչ պէտք է ըլ­լայ ա­նոր ընդ­հա­նուր նշա­նա­կու­թիւ­նը քրիս­տո­նէա­կան կեան­քի մէջ…։

Հին Կտա­կա­րա­նէն սկսեալ, ի­րա­ւա­կան ա­մէն տե­սակ մի­ջո­ցա­ռում­ներ, զոր օ­րի­նակ «թո­ղու­թեան տա­րի», «ար­գե­լում տո­կո­սով փո­խա­տուու­թիւն կա­տա­րե­լու եւ գրա­ւա­կան պա­հե­լու», «տա­սա­նոր­դին պար­տա­ւո­րու­թիւն», «ա­ռօ­րեայ վճա­րում օ­րա­վար­ձին», «ի­րա­ւունք ճռա­քա­ղու­թեան եւ հաս­կա­քա­ղու­թիւն» կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն Երկ­րորդ Օ­րէն­քին յոր­դո­րին. «Քա­նի կա­րօ­տեալ­նե­րը եւ կա­րի­քա­ւոր­նե­րը պի­տի չպակ­սին այս երկ­րէն, ա­սոր հա­մար Ես կու տամ քե­զի այս պա­տուի­րա­նը. բա՛ց ձեռքդ դէ­պի քու եղ­բայրդ, դէ­պի ան որ տա­ռա­պեալ եւ չքա­ւոր է քու երկ­րիդ մէջ» (Բ ՕՐ ԺԵ 11)։

­Յի­սուս կը սե­փա­կա­նաց­նէ այս խօս­քը, ը­սե­լով.

«Աղ­քատ­նե­րը միշտ հե­տեր­նիդ ու­նիք, բայց զիս միշտ ձե­զի հետ չու­նիք» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 8)։­

Ա­սով Ան ժա­ման­ցուած չի հա­մա­րիր խստու­թիւ­նը հին պատ­գա­մա­խօս­նե­րուն. «Կը գնեն ար­դա­րը ար­ծա­թով եւ աղ­քա­տը՝ զոյգ մը կօ­շիկի գի­նով» (ԱՄՍ. Ը 6)։ Իսկ մեզ կը հրա­ւի­րէ Իր իսկ ներ­կա­յու­թիւ­նը տես­նե­լու աղ­քատ­նե­րուն մէջ՝ ո­րոնք Իր եղ­բայր­ներն են։ Հ. Հան­սէն սա­պէս կը գրէ.

«Այն օ­րը երբ մայ­րը զինք յան­դի­մա­նեց տան մէջ աղ­քատ­ներ ու հի­ւանդ­ներ պա­հե­լուն հա­մար, Լի­մա­յի սրբու­հի Ռո­զա ը­սաւ ա­նոր.- Մենք երբ կը ծա­ռա­յենք աղ­քատ­նե­րուն եւ հի­ւանդ­նե­րուն, Յի­սու­սի կը ծա­ռա­յենք։ Մենք պէտք չէ՛ յոգ­նինք օգ­նե­լու մեր մեր­ձա­ւո­րին, քա­նի որ ա­նոնց մէ­ջէն Յի­սու­սի՛ կը ծա­ռա­յենք»։­

Այս կը նշա­նա­կէ՝ դրա­մը գոր­ծա­ծել մեր­ձա­ւո­րին օգ­տին հա­մար եւ ի նպաստ ա­նոր։ Ե­կե­ղե­ցին տնտե­սա­կան ու ըն­կե­րա­յին հար­ցին շուրջ իր դա­տակ­շի­ռը կը յայտ­նէ հոն ուր մարդ­կա­յին ան­ձին հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը կամ հո­գի­նե­րուն փրկու­թիւ­նը կը պա­հան­ջեն զայն։ Ար­դա­րեւ ան­յա­գու­թիւ­նը ար­գի­լուած է բո­լոր բա­րո­յա­կան դրու­թիւն­ե­րու մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ երկ­րա­ւոր բա­րիք­նե­րուն սե­փա­կա­նա­ցու­մի ան­յա­գուրդ բաղ­ձան­քը, ո­րոնց մէջ ա­ռաջ­նա­կարգ տե­ղը կը գրա­ւէ՝ դրա­մը, դրա­մա­սի­րու­թիւ­նը։ Նոյն­պէս բա­րո­յա­կան ա­մէն կար­գա­վի­ճակ կ՚ար­գի­լէ ան­կարգ ու ան­սո­վոր ըն­չա­քաղ­ցու­թիւ­նը՝ ծնած հարս­տու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց զօ­րու­թեան ան­յագ կիր­քէն։ Ան կ՚ար­գի­լէ նաեւ անար­դա­րու­թիւն մը գոր­ծե­լու բաղ­ձան­քը, ինչ որ մեր­ձա­ւո­րին ու­նե­ցած­նե­րուն վնաս պի­տի հասց­նէր։

Ուս­տի այս կը նշա­նա­կէ՝ բաղ­ձանք­նե­րը հե­ռո՛ւ պա­հել ի­րեն չպատ­կա­նող ա­մէն բա­նէ։ Ան­շուշտ այս բաղ­ձանք­նե­րուն կեդ­րո­նը կը գտնուի «դրամ»ը՝ որ­պէս խորհր­դա­նիշ ա­մէն ստա­ցուած­քի։ Այս պատ­ճա­ռով իր լայն ա­ռու­մով «դրամ»ին չա­փա­ւոր գոր­ծա­ծու­թիւ­նը վերջ կու տայ ա­գա­հու­թեան՝ որ վնա­սա­կար է ա­մէն ըն­կե­րա­յին կազ­մու­թեան…։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 18, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2015