ԳՈՀԱՐ-Ի ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՒ ՀԱՍՈՅԹՈՎ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ
ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած վերջին համերգներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Այս խումբը գերազանց յաջողութեամբ եւ բերկրանքով հանդէս եկաւ իրերայաջորդ չորս իրիկնաշող համերգներով, օգտագործելով ամենաարդիական փորձագիտութիւնը։ «Ֆորում Տը Պէյրութ»ի աստղազարդ լուսաւորման ներքեւ, իւրաքանչիւր համերգին ներկայ գտնուեցաւ 2250 հանդիսատես։ Համերգները ուղիղ եթերով սփռուեցան Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ համացանցի միջոցաւ, ինչ որ ամբողջ Սփիւռքին հնարաւորութիւն ստեղծեց ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնն ու մշակոյթը՝ «ԳՈՀԱՐ-ի բոլոր ժամանակներու սիրուած երգեր»ով։
Երբ համերգներուն արձագանգը կը շարունակուի, կը հաղորդուի, որ շուրջ 260 հազար ամերիկեան տոլար հասոյթը որոշուած է ամբողջութեամբ յատկացնել՝ կարիքաւոր հարիւր հայ աշակերտի ուսման նպատակին։ Այս համոյթը վաղուց կը հետապնդէ հայոց լեզուին ու մշակոյթին սատար հանդիսանալու նպատակը եւ այս վերջին կարգադրութիւնն ալ վառ ապացոյց մը կը համարուի այս ուղղութեամբ։ Կրթաթոշակները պիտի յատկացուին 2015-2016 կրթական շրջանին։