ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ՝ ԴՐԱՄԻՆ ԲՈՒՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ - Բ -
Անիրաւութիւննե՜ր, անարդարութիւննե՜ր, անհաւասարութիւննե՜ր շատ անգամ կը վերագրուին դրամին, բայց ի՜նչ կրնայ ընել դրամը ինքնին, կրնա՞յ բարի ըլլալ երբ զինք գործածողը չա՛ր է, եւ մոլորած…։
Դրամը ինքնին՝ անկենդան, չէզոք առարկայ մըն է միայն, զայն շարժման մէջ դնո՛ղն է իսկական պատասխանատուն։ Ուստի երբ քննուի մարդիկ եւ առարկաներ, իրեր, պիտի տեսնուի որ սերտ յարաբերութիւններ կը գտնուին անոնց մէջ։ Եւ առարկան շարժման մէջ պահողը մա՛րդն է, առարկան կը գործէ գործածողին համեմատ, անոր ուղղութեամբ։ Մարդ երբ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կը շարժի եւ կը գործէ առարկան, զոր օրինակ դրամը, այն ատեն առարկան օգտակար է, հակառակ պարագային՝ վնասակա՛ր։
Դրամը, ա՜հ, աղքատին արցունքներովը եւ անիրաւութիւններու քրտինքովը աղտոտած այդ գարշելի՜ մետա՜ղը… կը խորհին, պիտի մտածեն շատեր, ա՞յդ պէտք էր ըլլար միթէ բարեպաշտիկ խոկումներու առարկան, նիւթը երբ անդին Աստուծոյ նախախնամութեան խորհուրդը կամ մարդուն ճակատագրին գաղտնիքը կայ՝ բացատրութեան ա՛յնքան կարօտ, եւ կամ հանդերձեալին երանաւէտ յոյսերը՝ նկարագրութեան ա՛յնքան ընդուակ, երբ հաւատքը թեւեր կու տայ մեզի՝ երկնային անսահման բարձունքներուն եւ վեհ բարձրութիւններուն վերանալու, ի՛նչ հարկ սողոսկելու երկրաքարշ ստորնութիւններու մէջ։
Ո՛վ որ, սիրելիներ, այսպէս կը խորհի, շա՜տ կը սխալի՛, այնպիսին ինքզինք կը խաբէ նախ, եւ ապա դիմացինը։
Դրամը՝ հարստութիւնը՝ ինչքերու եւ ըս-տացուածքի առատութիւնը այնքան անարգ չէ՛ եւ անգոսնելի առաւելութիւն մը, ո՛րքան կ՚ուզեն ցոյց տալ մեզի պայմանագրեալ բարեպաշտութեան մը բանաձեւուած վճիռները։ Արդարեւ դրամին սէրը խորունկ եւ հասարակաց զգացում մըն է բոլոր մարդոց սիրտերուն մէջ, ամէնուրեք։ Փնտռեցէ՛ք, սիրելիներ, թէ ո՛ւր չի գտնուիր անոր ազդեցութիւնը։ Եկեղեցի՛ն ալ պէտք ունի անոր, չէ՞ որ գանձանակներու եւ պնակներու մէջ դրամ կը ձգուի, չէ՞ որ Եկեղեցիին ի նպաստ նուիրատուութիւններ կ՚ըլլան եւ հաճոյքով կ՚ընդունի զայն Եկեղեցին…։
Կէօթէ կ՚ըսէ, թէ ամենաընդարձակ ստամոքսը Եկեղեցին ունի՝ ի՛նչ որ տաս, կ՚ընդունի։ Ուրեմն դրամը ամէն տեղ պահանջք մըն է, նոյնպէս հոգեւոր մարզի մէջ ալ։ Անոր ազդեցութիւնը համատարած է։
Դրամ՝ ամէն երազներու խորը, դրամ՝ ամէն ասպարէզներու ծայրը՝ դրա՛մ. ամէն պատիւներու կատարը…։
Օդին դէմ պատերազմողի զրաջան յոգնութիւնը կը ստանձնեն անոնք, որ կ՚ուզեն փրցնել խլել դրամին սէրը մարդուն սրտէն, աշխարհի տէ՛րն է այն. ամէն ինչ է մարդ՝ երբ ունի զայն, եւ ո՛չինչ է՝ երբ չունի զայն։ Հայր, մայր՝ ազգակից, բարեկամ եւ հեռաւո՜ր պարագա՛յ մը իսկ չունեցող անտէրունջ, անպաշտպան, անոք որբը՝ երբ ունի դրամ կամ ինչք, հեգնոտ զուարթութեամբ մը կը դիմակալէ բախտին անագորոյն խաղերուն, մինչ անդին՝ բազմանդամ ազգատոհմի մը երջանիկ շառաւիղը՝ գգուանքներու եւ համբոյրներու մէջ մեծցած պատանին՝ որբի մը տխրութեամբ կը հիւծի երբ չի տեսներ իր ապագան՝ ապահոված դրամի կամ ստացուածքի որեւէ ժառանգութեամբ։ Դրամը լուծո՛ւմն է «կեանքի հանելուկ»ին, բանալին՝ անոր ամենէն կնճռոտ դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն։
Մեծամեծնե՜ր իր առջեւ խոնարհեցնող, բազմութիւննե՜ր շարժման մէջ դնող, ազգերու մէջ բարեկամութեան, հաշտութեան կամ ատելութեան, հակառակութեան սերմ ցանող, ամենէն անհամաձայն նկարագրի տէր անձեր իրարու մօտեցնող մոգական զօրութի՛ւն մըն է դրամը՝ որուն առջեւ շատ անգամ ամէն սկզբունք կը տկարանան…։
Եկեղեցին մերժած է «դրամատիրութեան» գործելակերպին պատկանող «անհատապաշտութիւն»ը եւ «շուկայի օրէնք»ին բացարձակ գերիշխանութիւնը մարդկային աշխատանքին վրայ։ Միմիայն կեդրոնացած ծրագրաւորումի միջոցով տնտեսութեան կանոնաւորումը իր հիմէն կը զեղծանէ ընկերային կապերը. միմիայն «շուկայի օրէնք»ին համեմատ անոր կանոնաւորումը եւ կազմաւորումը թերացո՛ւմ է ընկերային արդարութեան դէմ, քանի որ մարդկային բազմաթիւ կարիքներ կան, որոնք գոհացում չեն կրնար գտնել միայն շուկայով։ Հարկ է յանձնարարել շուկային եւ տնտեսական նախաձեռնութիւններուն խոհական ու բանաւոր կանոնաւորում մը, ըստ արժէքներու արդա՛ր դասաւորումին եւ ի շահ հասարակաց ընդհանուր բարիքին…։
«Սիմոնականութիւն»ը կարելի է սահմանել՝ իբրեւ գնումը կամ վաճառքը «հոգեւոր իրականութիւն»ներու։ Սիմոն մոգը կ՚ուզէր գնել այն հոգեւոր զօրութիւնը՝ զոր գործադրուած կը տեսնէր առաքեալներուն կողմէ։ Պետրոս անոր կը պատասխանէ.
«Կորսուի՛ դրամդ եւ դո՛ւն ալ հետը, քանի որ կարծեցիր դրամով գնել Աստուծոյ պարգեւը» (ԳՈՐԾ. Ը 20)։ Պետրոս կը հետեւի Յիսուսի խօսքին. «Ձրի առի՛ք, ձրի ալ տուէք» (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։
- Պիտի շարունակենք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 18, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024