ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԷՆ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐ ՄԸ
Պատրիարքական Աթոռը կը շարունակէ իրերայաջորդ գիրքեր հրատարակել իր «Արմաշ» մատենաշարէն։ Այս ամբողջին մէջ, որպէս տասներորդ հատոր լոյս տեսաւ մեծանուն արմաշականի մը՝ Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի «Սրբուհի Սանդուխտ Կոյսին թռչնիկները» ընդարձակ պատմուածքը։ Հեղինակը այս պատմուածքը ստեղծագործած ու մեքենագրած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ որպէս առաջնորդ ու Հայրապետական պատուիրակ պաշտօնավարած շրջանին։ Մեքենագրուած այդ բնագիրը մաս կը կազմէր Պատրիարքարանի հաւաքածոյին եւ այսօր ահա այդ թղթածրարն է, որ հրատարակուած է գիրքի ձեւաչափով ու դարձած՝ ընթերցասէր հասարակութեան սեփականութիւնը։ Սրբազան հեղինակը սոյն պատմուածքը աւարտած է 19 Յունիս 1952 թուականին։
144 էջերէ կը բաղկանայ նորատիպ հատորը, որ բացի պատմուածքի բնագիրէն կ՚ընդգրկէ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի գրի առած նախաբանը, հեղինակին կենսագրութիւնը, Հարաւային Ամերիկայի տարիներէն լուսանկար մը, իր զանազան շրջաններու ստորագրութիւններն ու կնիքները, շիրմին լուսանկարն ու արձանագրութիւնը, իր յաջորդին՝ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի կողմէ գրի առնուած Ս. Սանդուխտ կոյսի հակիրճ վարքը եւայլն։ Յառաջաբանի հեղինակ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան միեւնոյն ժամանակ եղած է այս հատորին խմբագիրը, իսկ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։ Հետաքրքիրներ պիտի կարենան այս հատորը ապահովել Պատրիարքարանէն՝ դիմելով աշխատանքային ժամերուն։
Հոգելոյս Պատրիարքի այս ստեղծագործութիւնը հրատարակուած է մեկենասութեամբ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Տոց. Թորոս Ալճանի, որ հրատարակչական այս ծրագիրը ձօնած է ի յիշատակ իր հոգելոյս քրոջ՝ Աղաւնի Ալճանի։
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024