ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու հաւաքին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակչութեան կեդրոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքը, որ զուգադիպեցաւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին։ Հայաստանի բոլոր թեմերու կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչները այս առթիւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագի, որու աւարտին մէկտեղուեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ։
Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան հետ միասնաբար իրականացուող «Աստուածաշունչ դպրոցներուն» ծրագրի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց ուսուցիչներու ծառայութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ անոնք իրենց հոգիի հաւատքի ապրումը կը փոխանցեն մատաղ սերունդին, որպէսզի երիտասարդները ճանչնան ու սիրեն Յիսուս Քրիստոսը, ապրին Աստուծոյ պատգամներուն ու պատուիրաններուն հաւատարիմ, սիրեն եկեղեցին։
Այս հանդիպումէն վերջ, մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ «Աստուածաշունչ դպրոցներուն» ծրագրին շրջանակներով տեղի ունեցաւ քննարկում՝ Տէր Եզնիկ Արքեպիսկոպոս Պետրոսեանի եւ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեանի հետ։ Աւարտին, ուսուցիչներուն բաժնուեցան Աստուածաշունչեր։
Մինչ այդ, Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առթիւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաւատացեալներու երկրպագութեան համար դուրս բերուեցաւ Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը։ Հայրապետական ծանրաշուք թափօրով Ս. Պատարագի ընթացքին Մայր Տաճար վերաբերուեցաւ Սուրբ Գեղարդը, որպէսզի հաւատացեալ ժողովուրդը ամբողջ օրուան ընթացքին կարենայ համբուրել հրաշագործ Սուրբ Գեղարդը եւ ստանալ անկէ ճառագող աստուածային օրհնութիւնը։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Վրաստանի եզիտիներու հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Տիմիթրի Փիրպարիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, ուղեկցութեամբ Հայաստանի եզիտի համայնքի ներկայացուցիչներուն։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024