ՈՒՆՃԵԱՆ ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Արարողութեան ներկայ եղաւ նաեւ եկեղեցւոյ երէց՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Ուրարակիր դպիրներ Մուրատ Կոստանեան եւ Զարեհ Ազարեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբի երկսեռ անդամները՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Արարողութեանց ներկայ գտնուեցան Ունճեան ընտանիքի շառաւիղէն Խաչիկ-Սաթի Մանկասարեան ամոլը, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչաց կազմէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութենէն, Գալֆաեան Տան խնամակալութենէն ներկայացուցիչներ։
Տէրունական աղօթքէն առաջ պատարագիչ Հայր Սուրբը քարոզեց՝ «Տէ՛ր. թող այս տարի ալ մնայ» (Ղուկ. 13,8) բնաբանով։ Հայր Սուրբը հակիրճ ձեւով «Անպտուղ թզենի»ին առակը յիշեցնելէ յետոյ, փոխանցեց օրուան հոգեւոր, բարոյական ու մշակութային պատգամը։ Պտուղը նպատակն ու կատարելութիւնն է ծառին։ Իւրաքանչիւր անձ գոյութիւն ունի նպատակի մը համար եւ կոչուած է պտղատու ծառեր ըլլալու։ Իսկ քրիստոնեայ հաւատացեալը կոչուած է նաեւ Քրիստոսի ուսուցումներուն, վարդապետութեան հետամտուտ ըլլալու եւ այս ուղղութեամբ բարի պտուղներ տալու։ Ապա անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ առաջին Լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու կատարած գործին։ Անոնք Աստուծոյ առաջնորդութեամբ հայ ժողովուրդին մէջ քրիստոնէութիւնը քարոզեցին եւ պտղատու ծառ ըլլալու լաւագոյն օրինակը տուին։ Քրիստոսահիմն եւ առաքելական պտուղները այսօր տակաւին կը շարունակեն պահպանել իրենց քաղցրութիւնը։ Իսկ բոլորիս պարտականութիւնն է պտղատու վիճակի մէջ պահել այս ծառերը։ Այսպէս եղան Ունճեան հարազատները։ Անոնք իրենց հաւատքով ու հաւատքի պտուղներով ո՛չ միայն Գատըգիւղի եկեղեցւոյ եւ վարժարանին բարերարները եղան, այլ՝ համայն հայութեան։ Այսօր կ՚ոգեկոչենք իրենք յիշատակը։ Սակայն բաւարար չէ միայն յիշելը, այլ նաեւ պահել՝ իրենց թողած արժէքները, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքէ ներս։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանստեան պաշտօն Ունճեան հարազատներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին յարակից սրահին մէջ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի պատրաստութեամբ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը, ի յիշատակ հանգուցեալ ազգայիններ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատներու։