ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան աշխատակազմը, գլխաւոր խմբագիր Յովհաննէս Այվազեանի առաջնորդութեամբ։ Այս առթիւ Յովհաննէս Այվազեանին ներկայացուց «Հայկական հանրագիտարան»ի գործունէութիւնը, մասնաւորապէս անդրադառնալով վերջերս լոյս տեսած «Գրատպութիւն եւ գրքարուեստ» հանրագիտարանի հրատարակութեան, նաեւ յառաջիկայ ծրագրերուն։ Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան աշխատակիցներուն համար՝ իրենց առաքելութիւնը նուիրումով ու պատասխանատուութեամբ իրականացնելու բերումով։ Ան կարեւորեց նաեւ անցնող տարիներուն ընթացքին այս հրատարակչութեան կողմէ արձանագրուած ձեռքբերումները։
Զրոյցի տեւողութեան խօսուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ «Հայկական հանրագիտարան»ի գործակցութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գործունէութիւնը հրատարակչական, կրթական, ընկերային եւ այլ զանազան ոլորտներէ ներս։ Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ եկեղեցին առաջին հերթին կը կերտէ հայ մարդը՝ օժտուած բարոյական բարձր արժէքներով եւ նկարագրով, տոգորուած հայրենիքի նկատմամբ սիրով ու նուիրումով։ Անմիջական զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ հրատարակչութեան աշխատակիցներու հարցումներուն։
Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռի Արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024