ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

Ըն­տա­նի­քը, ըն­կե­րու­թեան կո­րիզն է, ա­ռանց ո­րու կա­րե­լի չ՚ըլ­լար ա­ռողջ ըն­կե­րա­յին կեանք մը հաս­տա­տել եւ մշա­կել, ու զար­գաց­նել զայն։ Եւ քա­նի որ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը կա­յա­նան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ ի­րա­ւուն­քի վրայ, ու­րեմն ըն­տա­նի­քն կազ­մող ան­դամ­նե­րուն ալ կը վե­րա­բե­րի պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ եւ ի­րա­ւունք, ո­րոնց ներ­դաշ­նա­կու­թեան վրայ կը բարձ­րա­նայ ըն­տա­նի­քի «շէնք»ը՝ բարձ­րաց­նե­լով նաեւ ըն­կե­րու­թեան մե՜ծ շէն­քը։ Ինչ­պէս որ շէնք մը ու­նի հիմ, ո­րուն վրայ կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ հաս­տա­տուն շէն­քը բարձ­րաց­նել, ըն­կե­րու­թիւնն ալ ու­նի ըն­տա­նի­քը՝ որ­պէս հի՛մ։

Ըն­տա­նի­քը, ա­մե­նա­պարզ կեր­պով կազմուած է այր մար­դու եւ կին մար­դու փո­խա­դարձ հա­ւա­նու­թեա­նը վրայ հաս­տա­տուած «միու­թեան» մը վրայ, որ իր էու­թիւ­նը կը պար­տի ա­մուս­նու­թեան օ­րի­նա­ւոր եւ սրբա­զան կա­պին։ Եւ ե­թէ ա­մուս­նու­թեան սրբա­զան նպա­տա­կը որ­դեծ­նու­թիւնն է, ու­րեմն այր մարդ եւ կին մարդ ա­մուս­նա­նա­լով կը դառ­նան ծնող­ներ՝ ի­րենց կո­չու­մին հա­մա­ձայն։ Բայց ինչ­պէս ա­մէն մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն, ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներն ալ՝ ծնողք եւ զա­ւակ, ու­նին պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ, պարտ­քեր, զորս պէտք է կա­տա­րեն եւ ան­շուշտ ի­րա­ւունք­ներ՝ զորս ա­զա­տօ­րէն պի­տի վա­յե­լեն։ Ծնող­ներ, մա­նա­ւանդ ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն հան­դէպ ու­նին էա­կան եւ կեն­սա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ եւ նաեւ ի­րա­ւունք­ներ, ո­րոնց ներ­դաշ­նա­կօ­րէն հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը կ՚ա­պա­հո­վէ ըն­տա­նե­կան եր­ջա­նիկ եւ խա­ղաղ կեանք մը։ Ծնող­նե­րու կո­չու­մը կը պա­հան­ջէ հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լալ ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­զա­տօ­րէն վա­յե­լել ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րը։

Ծնող­նե­րու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն հան­դէպ փո­խա­դարձ է, այ­սինքն զա­ւակ­ներն ալ ու­նին պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ, պարտ­քեր ի­րենց ծնող­նե­րուն նկատ­մամբ։ Ի­րա­ւունք­նե­րու վա­յե­լումն ալ նոյն­պէս փո­խա­դարձ է՝ ծնող­նե­րու եւ զա­ւակ­նե­րու մի­ջեւ։ Սա­կայն, քա­նի որ ծնող­ներ հա­սուն են եւ գի­տա­կից, գո­նէ ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար ի­րենց պար­տա­կա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ա­ւե­լի ծանր է քան զա­ւակ­նե­րու­նը։

Բայց պար­տա­կա­նու­թիւն մը կա­տա­րե­լու եւ ի­րա­ւունք մը վա­յե­լե­լու հա­մար, մարդ նախ պէտք է ծա­նօ­թա­նայ, ճանչ­նայ իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ ի­րա­ւուն­քը։ Ա­ռանց ճանչ­նա­լու գոր­ծադ­րել ո­րե­ւէ բան կա­րե­լի չ՚ըլ­լար, ե­թէ ոչ կու­րա­բար, մե­քե­նա­բար գոր­ծել, ա­ռանց գի­տակ­ցու­թեան եւ բա­նա­կա­նու­թեան։

Ար­դա­րեւ ծնո­ղա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ ի­րա­ւունք­նե­րը մարդ էա­կին հա­մար, գո­նէ աս­տի­ճան մը վերջ, ստա­ցա­կան ար­ժէք­ներ են։ Ան­բան-ա­նա­սուն­ներ թէեւ բնազ­դով կը շար­ժին, բայց մարդ քա­նի որ բա­նա­ւոր էակ մըն է եւ կը շար­ժի բա­նա­կա­նու­թեամբ, ա­պա ու­րեմն իր շար­ժում­նե­րը պէտք է ըլ­լան ստա­ցա­կան, որ կ՚են­թադ­րէ գի­տակ­ցու­թիւն։

Այս ուղ­ղու­թեամբ յի­շենք նախ ծնող­նե­րուն պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ ի­րա­ւունք­նե­րը։

Մա­նուկ­ներ ծնե­լով մարդ­կա­յին ան­կեալ եւ սկզբնա­կան մեղ­քով ա­րա­տա­ւո­րուած բնու­թեամբ, ա­նոնք կա­րի­քը ու­նին Մկրտու­թեան խոր­հուր­դին պար­գե­ւած «նոր ծնունդ»ին, ո­րուն կո­չուած են ի­րենց ծնուն­դով։

Հե­տե­ւա­բար ծնող­նե­րու ա­ռաջ­նա­կարգ պար­տա­կա­նու­թիւնն է՝ ծնուն­դէն քիչ ժա­մա­նակ վերջ՝ մա­նու­կը Աս­տու­ծոյ որ­դի ըլ­լա­լու անգ­նա­հա­տե­լի շնորհ­քին ար­ժա­նաց­նե­լու հա­մար մկրտել տալ զայն։ Ուս­տի այս շնորհ­քէն զրկած պի­տի ըլ­լան ծնող­ներ, ե­թէ մա­նու­կին ծնուն­դէն ետք զայն չմկրտեն։ Այս լուրջ եւ ծանր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը կ՚են­թադ­րէ։ Քրիս­տո­նեայ ծնող­ներ ըն­դու­նե­լու են, թէ այս անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ նաեւ «կեան­քի սնու­ցիչ­ներ» ըլ­լա­լու ի­րենց դե­րին՝ զոր Աստուած յանձ­նած է ի­րենց։

Ար­դա­րեւ Մկրտու­թիւ­նը հա­ւատ­քին սուրբ խոր­հուրդն է, բո­լոր մկրտեալ­նե­րուն մէջ, ըլ­լան մա­նուկ կամ չա­փա­հաս, հա­ւատ­քը ա­ճե­լու է, ի՛նչ որ ծանր պար­տա­կա­նու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն կը պա­հան­ջէ ծնող­նե­րու նկատ­մամբ։ Որ­պէս­զի մկրտա­կան շնորհ­քը կա­րե­նայ ա­ճիլ ու զար­գա­նալ, ծնող­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է, ե­թէ ո՛չ կա­րե­ւոր։ Ա­մուս­նու­թեան սի­րոյ բեղ­մնա­ւո­րու­թիւ­նը չի սահ­մա­նուիր միայն զա­ւակ­նե­րու որ­դեծ­նու­թեամբ, այլ պար­տի տա­րա­ծուիլ մին­չեւ ա­նոնց բա­րո­յա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը եւ հո­գե­ւոր կազ­մա­ւո­րու­մը, որ ծնող­նե­րուն պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն գլխա­ւորն է։

Ար­դա­րեւ դաս­տիա­րա­կու­թեան մէջ ծնող­նե­րու դե­րը ա՜յն­քան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի, որ գրե­թէ անհ­նար է զա­նոնք փո­խա­րի­նել։ Դաս­տիա­րա­կե­լու ի­րա­ւուն­քը ե՛ւ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ծնող­նե­րուն հա­մար ա­ռաջ­նա­հերթ եւ ան­ժա­ման­ցե­լի կը մնան։ Ուս­տի ծնող­ներ պար­տին դի­տել ու հո­գալ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը իբ­րեւ «Աս­տու­ծոյ զա­ւակ­ներ» եւ յար­գել զա­նոնք իբ­րեւ «մարդ­կա­յին ան­ձեր»։ Ծ­նող­նե­րը ա­ռա­ջին պա­տաս­խա­նա­տու­ներն են ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն կրթու­թեան։ Այս պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը փաս­տած կ՚ըլ­լան նաեւ «ըն­տա­նի­քի մը ստեղ­ծու­մով»ը՝ ուր սէ­րը, յար­գան­քը, հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, գո­րո­վը, նե­րու­մը եւ ան­շա­հախն­դիր ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը գոր­ծադ­րուին։ Ըն­տա­նի­քը ամ­բողջ մը կը կազ­մէ բո­լոր հո­գե­ւոր ապ­րում­նե­րու՝ միա­սին կ՚ու­րա­խա­նան եւ միա­սին կը տրտմին ա­նոր բո­լոր ան­դամ­նե­րը…։

Ըն­տա­նի­քը մաս­նա­յա­տուկ վայրն  ու մի­ջոցն է ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու կրթու­թեան։ Ա­սի­կա կը պա­հան­ջէ վար­ժե­ցու­մը անձ­նու­րա­ցու­թեան, զո­հո­ղու­թեան, ա­ռողջ եւ շի­տակ դա­տո­ղու­թեան, ինք­նազս­պու­մի, հան­դուր­ժո­ղու­թեան, նե­րո­ղամ­տու­թեան, ի­րե­րօգ­նու­թեան, ո­րոնք պայ­ման­ներն են ա­մէն ճշմա­րիտ ա­զա­տու­թեան։

Ծնող­նե­րը զա­ւակ­նե­րուն պի­տի ու­սու­ցա­նեն ֆի­զի­քա­կան եւ բնազ­դա­յին տա­րած­քը ստո­րա­դա­սել ներ­քին եւ հո­գե­ւոր տա­րած­քին։ Ուս­տի ծնող­նե­րուն հա­մար ծան­րակ­շիռ եւ լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մըն է ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն բա­րի օ­րի­նակ ըլ­լա՛լ։

Ծնող­ներ ի­րենց թե­րու­թիւն­նե­րը եւ տկա­րու­թիւն­նե­րը ա­նոնց առ­ջեւ ճանչ­նա­լով, ա­նոնք ա­ւե­լի ա­տակ պի­տի ըլ­լան ա­ռաջ­նոր­դե­լու եւ ու­ղե­ցոյց ըլ­լա­լու ա­նոնց եւ ուղ­ղե­լու զա­նոնք։ Ար­դա­րեւ Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ.

«Ո՛վ որ կը սի­րէ իր որ­դին, զայն կը ծե­ծէ։ Ո՛վ որ կը կշտամ­բէ իր որ­դին, ան­կէ օ­գուտ պի­տի քա­ղէ (ՍԻՐ. Լ 12) եւ դուք, հայ­րեր, մի՛ զայ­րաց­նէք ձեր զա­ւակ­նե­րը, ընդ­հա­կա­ռա­կը կրթե­ցէ՛ք զա­նոնք խրա­տե­լով եւ յոր­դո­րե­լով ըստ Տի­րոջ» (ԵՓՍ. Զ 4)։­

Ըն­տա­նի­քը մարդ էա­կին հա­մար բնա­կան մի­ջա­վայր մըն է նա­խա­պատ­րաս­տուե­լու հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ կեան­քին հա­սա­րա­կա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն։ Ըն­տա­նի­քին մէջ՝ ծնող­ներ պար­տա­ւոր են պատ­րաս­տել ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կեան­քի պայ­քա­րին։ Եւ դար­ձեալ ծնող­ներ պի­տի ու­սու­ցա­նեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն զգու­շա­նալ սկզբուն­քի զի­ջո­ղու­թիւն­նե­րէ եւ ար­ժեզրկում­նե­րէ՝ ո­րոնք կը սպառ­նան մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան։ Ուս­տի ա­մուս­նու­թեան սուրբ խոր­հուր­դին շնորհ­քով, ծնող­ներ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ուղ­ղա­միտ, ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած հասց­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը եւ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հը ըն­դու­նած են թէ՛ որ­պէս պար­տա­կա­նու­թիւն եւ թէ ի­րա­ւո՛ւնք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 26, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015