ՀԱՑԻ ԲԱԶՄԱՑԱՆ ՀՐԱՇՔԸ

«Ի­րենք պէտք չու­նին եր­թա­լու։ Դո՛ւք տուէք ա­նոնց ու­տե­լի­քը» (ՄԱՏԹ. ԺԴ 16)։ Այս­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս, երբ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռա­ջար­կե­ցին Յի­սու­սի՝ որ­պէս­զի ար­ձա­կէ ժո­ղո­վուր­դը՝ շրջա­կայ գիւ­ղե­րը եր­թան եւ ի­րենց հա­մար ու­տե­լիք հաց ա­պա­հո­վեն։

Ար­դա­րեւ, հա­ցը մար­դուն ա­մե­նա­կա­րե­ւոր տարրն է՝ իր կեան­քը պահ­պա­նե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։

Ա­ւե­տա­րա­նի վկա­յած «հա­ցի բազ­մաց­ման ի­րո­ղու­թիւն»ը, ա­ռա­ջին ակ­նար­կով, մար­դուս ան­կա­րե­լի եւ ա­նի­րա­կա­նա­լի կը թուի։ Թե­րեւս զգա­յա­պատ­րանք մը՝ ցնո՛րք մը։ Ա­նի­կա հրա՛շք մըն է, եւ մար­դկա­յին միտ­քով, մարմ­նա­կան աչ­քով տես­նել ու բա­ցատ­րել կա­րե­լի չէ, քա­նի որ ա­նի­մա­նա­լի, ան­բա­ցատ­րե­լի ըլ­լա­լուն հա­մար հրա՛շք է, ա­պա թէ ոչ՝ ա­նի­կա «հրաշք» պի­տի չա­նուա­նուէր։ Կարգ մը ե­րե­ւոյթ­ներ, մա­սամբ հասկ­նա­լու հա­մար պէտք է դի­տուի հա­ւատ­քի աչ­քով՝ հո­գե­ւոր նա­յուած­քով, որ­պէս­զի մարդ հա­մո­զուի ա­նոր «հրա՛շք» նկա­րագ­րին։

Ու­րեմն «հա­ցի բազ­մաց­ման ի­րո­ղու­թիւն»ն ալ, գո­նէ մա­սամբ հասկ­նա­լու հա­մար ջա­նանք դի­տել հո­գիի աչ­քով եւ փոր­ձենք զայն տես­նել իր «հրաշք» հան­գա­ման­քով։ Եւ այն ա­տեն պի­տի հա­մո­զուինք, որ ա­նի­կա եր­բեք «ցնորք» մը, զգա­յա­խա­բէու­թիւն մը չէ՛, այլ՝ ի­րա­կա­նու­թիւն՝ որ կ՚ա­նուա­նուի «հրա՛շք»։­

Ա­յո, ի­րա­պէս ա­նի­կա «ան­կա­րե­լի» կը թուի մարմ­նա­ւոր աչ­քով դի­տող­նե­րու հա­մար, քա­նի որ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է հինգ հա­ցով հինգ հա­զար հո­գի կե­րակ­րել՝ օրհ­նե­լով հա­ցե­րը։ Եւ ա­ւե­լին կա՛յ՝ այդ «բազ­մա­ցած հինգ հաց»ը հինգ հա­զար հո­գի ու­տե­լէ ետք, տա­կա­ւին ա­ւել­ցաւ, ինչ­պէս կը վկա­յէ Ա­ւե­տա­րա­նի­չը. «Իսկ ու­տող­նե­րը շուրջ հինգ հա­զար հո­գի էր, կի­ներն ու մա­նուկ­նե­րը չհա­շուած… եւ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ւել­ցած կտոր­նե­րը հա­ւա­քե­լով՝ տաս­ներ­կու սա­կառ լե­ցու­ցին» (ՄԱՏԹ. ԺԴ 20-21)։ Սո­վո­րա­կան կեան­քի փոր­ձա­ռու­թեամբ բա­ցատ­րել եւ հասկ­նալ՝ ի­րա­պէ՛ս շատ դժուար է…։

Ինչ­պէս ը­սինք, «հա­ցի բազ­մա­ցում»ը Յի­սուս Քրիս­տո­սի կա­տա­րած բազ­մա­թիւ հրաշք­նե­րէն մի՛ն է։

Յի­սուս, այս հրաշ­քը կա­տա­րե­լէ ա­ռաջ ար­դէն բժշկած էր հի­ւանդ­ներ, ան­դա­մա­լոյծ­ներ, բժշկած էր նաեւ կոյ­րե­րու աչ­քը եւ բա­ցած էր համ­րի լե­զուն։ Եւ դար­ձեալ բժշկած եւ վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­ցած էր հա­րիւ­րա­պե­տին ծա­ռան եւ իշ­խա­նա­ւո­րին աղ­ջի­կը։

Բայց, հա­կա­ռակ այս բո­լոր հրաշք­նե­րուն՝ տա­կա­ւին թէ՛ ա­ռա­քեալ­նե­րու եւ թէ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար պարզ եւ յայտ­նի չէր, թէ ո՛վ էր Յի­սուս Քրիս­տոս։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով բո­լո­րը կը զար­մա­նա­յին ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ եւ հասկ­նա­լու մէջ կը դժուա­րա­նա­յին։ Ե­թէ գիտ­նա­յին՝ թէ ո՛վ է Ան, թե­րեւս դար­ձեալ պի­տի չհասկ­նա­յին պա­տա­հած­նե­րը, բայց պի­տի չզար­մա­նա­յին, քա­նի որ պի­տի գիտ­նա­յին, թէ Ա­նոր հա­մար ա­մէն ինչ կա­րե­լի է եւ բնա­կան՝ նոյ­նիսկ ե­թէ չհասկ­նա­յին եւ չկա­րե­նա­յին բա­ցատ­րել պա­տա­հա­ծը։

 Աս­կէ կը հե­տե­ւի, թէ՝ կա­տա­րուած ո­րե­ւէ գոր­ծի մը իս­կա­կան ար­ժէ­քը կա­խում ու­նի՝ զայն կա­տա­րո­ղին ինք­նու­թե­նէն եւ ո՛չ թէ ինչ­պէս կա­տա­րուած ըլ­լա­լէն։

Ու­րեմն հա­ւատք եւ վստա­հու­թիւն կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ ե­ղե­լու­թեան հան­գա­ման­քին նկատ­մամբ։ Ե­թէ կա­տա­րուա­ծը՝ ի­րա­ւա­սու, վստա­հե­լի եւ հա­ւատ­քի ար­ժա­նա­ցած մէ­կու մը կող­մէ կա­տա­րուած է, որ­քան որ ալ ա­նի­կա չհասկ­ցուի՝ զար­մանք չի պատ­ճա­ռեր եւ բնա­կան կը սե­պուի։

Այս պատ­ճա­ռով, ա­հա­ւա­սիկ, Յի­սուս ա­մէն մէկ հրաշք կա­տա­րե­լէ ա­ռաջ «նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք» մը կը տա­նէր եւ ան­կէ վերջ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէր հրաշ­քը։ Ա­ռանց նա­խա­պատ­րաս­տա­կան շրջա­նի՝ Յի­սուս չէր կա­տա­րեր իր հրա­շա­գոր­ծու­թիւ­նը։

Ուս­տի Յի­սուս բո­լոր ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յու­թեան, ա­նոնց առ­ջեւ հինգ հա­ցը օրհ­նեց եւ հինգ հա­զա­րը կե­րակ­րեց։ Եւ ըստ Ա­ւե­տա­րա­նի վկա­յու­թեան՝ կե­րակ­րուող­նե­րու թի­ւը ա­ւե­լի քան հինգ հա­զար էր։ Մարդ­կա­յին մտքի եւ ի­մա­ցա­կա­նու­թեան առ­ջեւ ի­րա­պէ՛ս ա­նի­մա­նա­լի ե­րե­ւոյթ մըն էր ա­սի­կա։

Հոս, ման­րա­մաս­նու­թեան մը պէտք է ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել։ Յի­սուս միայն Փի­լի­պո­սին կը հարց­նէ, թէ ո՛ւր­կէ կա­րե­լի է հաց ա­պա­հո­վել, գնել ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Փի­լի­պո­սին այս հար­ցու­մը ուղ­ղե­լը կա­պակ­ցու­թիւն ու­նի՝ ա­նոր Բեթ­սա­յի­դա­յէն ըլ­լա­լը, քա­նի որ ան՝ իր բնա­կա­վայ­րին նկատ­մամբ ճիշդ տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նար։ Բայց Քրիս­տո­սի խօս­քը՝ ա­ռա­քեալ­նե­րուն ուղ­ղուած, ա­ւե­լի շատ ա­նոնք փոր­ձե­լու հա­մար էր՝ տես­նե­լու, թէ ո՛ր­քան կը վստա­հին Ի­րեն, ա՜յդ­քան հրաշք­նե­րու վկա­յե­լէ ետք, ար­դեօք կը հա­ւա­տա­յի՞ն Իր աս­տուա­ծա­յին զօ­րու­թեան ու կա­րո­ղու­թեան, եւ կը հա­ւա­տա­յի՞ն ար­դեօք, հաս­տատ հա­մո­զուա՞ծ էին, թէ Ինք Յի­սուս Քրիս­տոսն է՝ եր­կին­քէն ի­ջած Աս­տու­ծոյ Որ­դի՛ն։ Եւ վեր­ջա­պէս Յի­սուս կը հրա­մա­յէ, որ հա­ցը եւ ձու­կե­րը Ի­րեն բե­րեն։

Եւ Յի­սուս հա­ցը եւ ձու­կե­րը իր ձեռ­քին մէջ առ­նե­լով՝ դէ­պի եր­կինք կը նա­յի՝ դէ­պի Երկ­նա­ւոր Հօ­րը, կ՚ա­ղօ­թէ, կ՚օրհ­նէ զա­նոնք, կը բա­ժա­նէ եւ կու տայ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք ալ տան ժո­ղո­վուր­դին։ Ու­րեմն պէտք է ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել մի քա­նի կէ­տի վրայ, մա­նա­ւանդ թէ՝ ին­չո՞ւ այս­պի­սի հրաշ­քով մը ու­զեց կե­րակ­րել ժո­ղո­վուր­դը։

Նախ, պէտք է գիտ­նանք, թէ՝ «հրաշք»ը պէտք է ըլ­լայ՝ «զգա­լի դէպք», որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ զգա­յա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ հաս­տա­տել ա­նոր գո­յու­թիւ­նը։

«Զգա­լի դէպք» ըլ­լա­լու է հրաշ­քը՝ որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր ոք կա­րո­ղա­նայ տես­նել, վկա­յել եւ ըմբռ­նել՝ այդ զգա­լի ե­ղե­լու­թեան բնա­կան ու սո­վո­րա­կան ու­ժե­րէն վե՛ր ըլ­լա­լը։ Հրաշ­քը նշա­նա­կա­լից դէպք մը ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի՝ պէտք է ըլ­լայ «գերբ­նա­կան», քա­նի որ այն վեր է բնու­թեան օ­րէնք­նե­րէն։ Ա­ւե­տա­րա­նը կը վկա­յէ բազ­մա­թիւ հրաշք­նե­րու՝ ո­րոնք բնու­թեան օ­րէնք­նե­րուն չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, ճիշդ այս կէ­տին է, որ Կէօ­թէ կ՚ը­սէ, թէ հրաշք­նե­րը բնա­կան օ­րէնք­նե­րուն բա­ցա­ռու­թիւն­ներն են…։

Ար­դա­րեւ բնու­թեան մէջ կը պա­տա­հին բազ­մա­թիւ հրա­շա­լի՜ դէպ­քեր, ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնք մար­դոց կող­մէ որ­պէս հրաշք կը հա­մա­րուին։ Զոր օ­րի­նակ, տիե­զեր­քի մէջ տի­րող ներ­դաշ­նակ կար­գու­կա­նոն­նե­րը «հրաշք» ե­րե­ւոյթ­ներ են։ Սա­կայն ա­նոնք միայն մար­դուս աչ­քին հրաշք են, քա­նի որ այդ բո­լո­րը բնու­թեան սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու հա­մա­ձայն «պատ­ճառ-ար­դիւնք» սկզբուն­քով կ՚ի­րա­կա­նա­նան։

Ուս­տի բնու­թեան սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րը կա­րե­լի չէ՛ բա­ռին իս­կա­կան ի­մաս­տով «հրաշք» ա­նուա­նել։ Բայց Յի­սու­սի կա­տա­րած­նե­րը, բա­ռին բուն ի­մաս­տով «հրաշք» էին, քա­նի որ բնա­կան եւ սո­վո­րա­կան դէպ­քե­րէն վեր էին եւ կա­րե­լի չէ՛ր բնու­թեան օ­րէնք­նե­րով եւ «պատ­ճառ-ար­դիւնք» սկզբուն­քով բա­ցատ­րել։ Ուս­տի կա­րե­լի է ը­սել՝ հրաշ­քը «ար­դիւնք» մըն է, ո­րուն պատ­ճա­ռը ան­յա՛յտ է։

Հրաշ­քը գերբ­նա­կան ե­ղե­լու­թիւն մըն է, եւ ու­րեմն բնա­կան պայ­ման­նե­րու տակ՝ լոկ մարմ­նա­կան աչ­քով, մարդ­կա­յին ի­մա­ցա­կա­նու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ ի­մա­նալ, հասկ­նալ եւ ըմբռ­նել կա­րե­լի չէ։ Հրաշ­քի մը ե­ղե­լու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լու միակ կերպն է՝ հա­ւատ­քով մօ­տե­նալ ա­նոր։

Բայց ո՛չ եր­բեք՝ հրա­մա­յա­կա­նոն մտա­ծու­թեամբ, այլ՝ բա­նա­կա­նու­թեամբ զօ­րա­ցած ան­կեղծ հա­ւա­տով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 2, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015