ԿԵԱՆՔԻ ԱՄԵՆԱԼԱՒ ՏԱՐԻՆԵՐԸ
Տարիքի մասին հարցերը չեն վերջանար։ Ահաւասիկ տարիքի մասին հարց մը եւս, թէ՝ որո՞նք են կեանքի ամենալաւ տարիները։ Անշուշտ հարց մը՝ որուն տրուած պատասխանը կը փոխուի ամէն մէկ անձի նկատմամբ՝ իր ապրած կեանքին համեմատ։ Ոմանց մանկութեան շրջանը, ուրիշներու երիտասարդութեան տարիները, շատերու համար ամուսնութեան եւ ընտանիք կազմելու շրջանը կեանքին ամենալաւ տարիներն են։
Երեւելի կամ արժանահաւատ անձեր զանազան գաղափարներ եւ տեսակէտներ արտայայտած են այս մասին։ Զոր օրինակ՝ Պիսմարք կ՚ըսէ, թէ առաջին ութսուն տարիները մարդուս ամենալաւ ու ամենաերջանիկ տարիներն են։ Ենթակայական տեսակէտ մը…։
Ճորճ Ֆրէտէրիք Ուաթս երբ ութսունեօթ տարեկան էր, կ՚ըսէր, թէ թէպէտ մարմնական ախտերով, հիւանդութիւններով պաշարուած բայց այնքան եռանդ ունի գործելու, արտադրելու, ո՛րքան կեանքին որեւէ մէկ շրջանին։
Հայնէ՝ երբ մահամերձ էր, իր վաթսունը-հինգ տարեկանին մէջ կը գրէր, թէ պիտի ուզէր վերստին ապրիլ կեանքին վերջին օրերը։ Իսկ Լօրտ Հայտէն կ՚ըսէր, թ՝ հակառակ բոլոր աննպաստ պայմաններուն, ծերութեան շրջանը կը նախընտրէր երիտասարդութեան անփորձ շրջանին։
Վիքթոր Հիւկօ տարիքի մասին սապէս կ՚ըսէր.
«Ձմրան ձիւները գլխուս վրայ են, բայց սրտիս մէջ յաւիտենական գարուն կա՛յ»։
Հիւկոյի այս խօսքէն կը հետեւի, թէ՝ տարիքը, ծերութիւնը ո՛րքան մարմնական, նո՛յնքան ընդհանուր տրամադրութեան, ինքզինք ծեր կամ երիտասարդ զգալու հարց մըն է։ Արդարեւ կան՝ ծեր երիտասարդներ եւ երիտասարդ ծերեր։ Մարմնապէս, ֆիզիքապէս մարդ կրնայ տարիք ունենալ, բայց երբ սիրտը, զգացումները տակաւին «երիտասարդ» են, ապա ուրեմն այն անձը երիտասա՛րդ է եւ եռանդո՛ւն։
Իրականին՝ այն մարդը, որ տակաւին գործունեայ է, եւ հոգիով խանդավառ, որքան ալ տարիք ունենայ, ծեր կարելի չէ համարել, այլ՝ երիտասա՛րդ։
Այն «տարիքոտ»ը՝ որ աշխոյժ է, խանդ ու ոգեւորութիւն ունի, կեանքը ապրելու փափաքը չէ կորսնցուցած, երիտասա՛րդ է։ Արդարեւ, «տարիքոտ» կը նշանակէ՝ երկար ապրած, եւ երկար ապրիլ չի՛ նշանակեր մաշիլ, հիւծիլ, սպառիլ՝ եթէ լաւ ապրած է կեանքը, լաւագոյն կերպով արժեւորած է իր երիտասարդութիւնը եւ գնահատած է իր տաղանդը եւ ձիրքը՝ օգտակար հանդիսացած է իր նմաններուն։ Եւ եթէ կը շարունակէ այդ ընթացքը, ահաւասիկ ան երիտասա՛րդ է…։
Արտաքնապէս, ըստ երեւոյթի տարիքոտ տեսնուած մէկը՝ կրնա՛յ շատ աւելի երիտասարդ ըլլալ իր գործունէութեամբ, քան աննպատակ, ամուլ, անօգուտ, ոչ-գործունեայ, անաշխատ երիտասարդը։ Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ ծերութիւնը տարիքի հարց չէ, այլ՝ մտածութեան, դատողութեան, հասկացողութեան հարց մը։ Իսկ ֆրանսացիներ կ՚ըսեն, թէ՝ եթէ երիտա-սարդներ կամենային, յօժարէին ու փափաքէին գործել եւ տարիքոտներ՝ կարենային։ Մինչդեռ կա՛ն տարիքոտներ՝ որոնք կարող են գործել, աշխատիլ եւ օգտակար ըլլալ շուրջիններուն, մարդկութեան։ Ապա ուրեմն «տարիք»ը չափանիշ մը չէ երբեք «ծերութեան», ինչպէս քիչ տարիք ունենալ չափանիշ չէ երիտասարդութեան, երբ աշխոյժ, խանդավառ չէ ան։
Եւ դարձեալ Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէր, թէ՝ շա՜տ բան գրած է, բայց բոլոր գրածները մէկ հազարերորդ մասը չէին այն բաներուն՝ զորս կ՚ուզէր գրած ըլլալ…։ Եւ այս իսկ պատճառով ան կը հաւատար «ապագայ կեանք»ի։ Իսկ «ապագայ կեանք»ի հաւատացող մը, ապագայի յոյսով ապրող մէկը երբե՛ք չի ծերանար, քանի որ միշտ ժիր է եւ կենսունա՛կ։ Ուստի տարի՜ներու, թուականներու որոշութիւնը ինքնին հաւաստիք կու տայ՝ թէ անցեալ, ապրուած կեանքը վիպային, երեւակայական շրջան մը չէ սոսկ, այլ հիւսուածք մը՝ կազմուածք մը փորձառութիւններու։ Խորտակուած, մաշած, ջախջախուած անցեալ մը, անձուկ, տագնապալի կեանք մը, հարկաւ տարիներու հոլովոյթը կը վերածուի ծերութեան՝ ձանձրացուցինչ շրջանի մը, որ ամլացումն է կեանքին, ուր ամէն ինչ կը դառնայ անպտուղ եւ ցամքա՛ծ։
Սա իրողութիւն մըն է, թէ՝ կեանքը արագ կ՚ընթանայ, այսօր «երիտասարդ» նկատուածը, անմիջապէս յաջորդ օր «տարիքոտ» կ՚անուանուի։ Բայց հոս կարեւորը՝ «տարիքոտ»ի եւ «ծերութեան» զանազանութեան կարենալ անդրադառնալն է։ Մարդ «տարիքո՞տ» է, թէ «ծե՛ր». ահաւասիկ այդ կ՚որոշէ անոր ապրած կեանքի ձեւը՝ լաւ կամ անպիտան ու վատ։
Մահուան նկատմամբ ալ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ երիտասարդութիւնը կամ ծերութիւնը։ Մարդ կայ՝ որ կը մեռնի երիտասարդ՝ խո՜ր ծերութեան մէջ։ Մարդ ալ կայ, որ կը մեռնի ծերացած՝ երիտասարդ տարիքի մէջ։ Արդարեւ, կենսունակ մարդը, ի՛նչ տարիք ալ ունենայ, միշտ երիտասա՛րդ է։ Կեանքի տարիներ կը սուրան, կը սահին կ՚անցնին «սկիզբ»ին՝ ծնունդի եւ «վերջ»ին՝ մահուան միջեւ։ Ուստի սկիզբին եւ վերջին միջեւ՝ կեանքի փորձառութիւնն է, որ կը խմորէ մարդը եւ կը հասունցնէ զայն, բայց միայն անոնք, որ կ՚անդրադառնան կեանքի դասերուն, կ՚օգտուին անկէ, կը գնահատեն ամէն մէկ փորձառութեան արժէքը…։
Երանի՜ անոնց՝ որ երիտասարդ կը մնան տարիներու արագ ու անխնայ ընթացքին մէջ եւ երիտասարդ կը մնան անոնք՝ որ միշտ եռանդուն են, գործունեայ եւ խանդավառ՝ ծառայելու համար, օգտակար ըլլալու համար իր շուրջիններուն, իր նմաններուն։
Մեր այս խորհրդածութիւններով կը յանգինք այն եզրակացութեան, թէ՝ մարդ հանգստեան չի կոչուիր կեանքի գործունէութենէն, երբ ինք չի փափաքիր, այլ խօսքով՝ մարդ միայն ինքզինք հանգստեան կը կոչէ կեանքէն։ Ինչպէս Կիկեռոն կ՚ըսէ, մարդ այնքան ատեն որ մարդկութեան կը ծառայէ որեւէ կերպով, ան միշտ երիտասարդ է, հոգ չէ, թէ ան տարիքոտ ըլլայ, բայց երբեք «ծեր» չէ՛…։
Մեր շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, թերեւս պիտի խորհին, թէ այս գրիչը ինչո՞ւ յաճախ «ծերութեան» կամ «տարեց ըլլալ»ու մասին կը խօսի, ո՛չ, սիրելի՜ներ, այս տրուպ գրիչը երբեք յաւակնութիւնը չունի «երիտասարդ» կոչուելու, «երիտասարդ» երեւելու, այլ պարզապէս կ՚ուզէ մատնանշել՝ «տարեց»ի եւ «ծեր»ի տարբերութիւնը։ Եւ սիրելի՜ բարեկամներ, այս գրիչը կը խոստանայ միշտ մնալ «տարեց բարեկամ» մը, եւ ո՛չ երբեք անօգուտ, անպէտ «ծեր» մը։
Այո՛, տարիքի բերմամբ կրնայ մարդ կարգ մը գործունէութենէ հեռու ըլլալ, բայց կարելին ընել՝ ահաւասի՛կ, կենսունակ մնալու բացատրագիրը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 3, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024