Ասուլիս - Ա -

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ 9 Դեկ­տեմ­բեր 2015, Չո­րեք­շաբ­թի, իր եր­կու միա­բան­նե­րը՝ Տ. Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեան եւ Տ. Պետ­րոս Վրդ. Մա­նուէ­լեան Իս­թան­պուլ գա­լով մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քած են Կա­լա­թա­սա­րա­յի «Ճե­զա­յիր» հա­մա­լի­րին մէջ։ Ա­ռա­ջին միա­բա­նը վա­րիչն է Ան­թի­լիա­սի մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան եւ տե­ղե­կա­տուա­կան բա­ժան­մուն­քի, իսկ երկ­րոր­դը՝ լսա­տե­սո­ղա­կան բա­ժան­մուն­քի։ Մամ­լոյ ա­սու­լի­սին նիւ­թը ե­ղած է Սի­սի եր­բեմ­նի Մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի պա­հան­ջով Ան­թի­լիա­սի կող­մէ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տը։ Ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին խօսք ա­ռած են նաեւ փաս­տա­բան Ճէմ Սո­ֆուօղ­լու եւ պատ­մա­բան Թա­նէր Աք­չամ։ Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը Ո­ւա­շինկ­թը­նի, Ժը­նե­ւի եւ Լի­բա­նա­նի մէջ նա­խա­պէս կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լիս­նե­րու շղթա­յի որ­պէս հեր­թա­կան օ­ղա­կը կը ներ­կա­յաց­նեն Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուա­ծը։ Այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ նա­խա­տե­սուած գրե­թէ բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին Ան­թի­լիա­սի կող­մէ նա­խա­պէս հրա­պա­րա­կուած ժամ­կէտ­նե­րը միշտ կա­ղա­ցած են լրջօ­րէն։ Իս­թան­պու­լի այս մամ­լոյ ա­սու­լիսն ալ ա­հա տե­ղի ու­նե­ցած է նա­խա­պէս հրա­պա­րա­կուած թուա­կան­նե­րէն շատ ա­ւե­լի ուշ, ուր որ է տա­րե­վեր­ջին։ Ա­սու­լի­սը այն­պի­սի թուա­կա­նի մը զու­գա­դի­պած է, որ նոյ­նիսկ Ան­թի­լիա­սի պնդում­նե­րով ար­դէն վա­ղուց Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նը ար­ձա­կած պէտք է ըլ­լար իր վճի­ռը։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն այս դա­տա­վա­րու­թեան փոր­ձած ենք ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւիլ, ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ան­շուշտ չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է։ Ան­թի­լիա­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Իս­թան­պուլ փու­թա­ցած են դա­տա­վա­րու­թեան մա­սին ի­րենց տե­սա­կէ­տը պար­զե­լու հա­մար։ Մեղք որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նե­ցանք ան­ձամբ հե­տե­ւե­լու, ո­րով­հե­տեւ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, հայ մա­մու­լը չէր հրա­ւի­րուած այս մամ­լոյ ա­սու­լի­սին։ Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այս սիւ­նա­կին մէջ նիւ­թի զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րուն շուրջ թէեւ պի­տի խորհր­դա­ծենք, բայց այս ա­ռա­ջին քայ­լա­փո­խին կ՚ու­զենք հարց­նել, թէ ար­դեօք նա­խա­պէս Ո­ւա­շինկ­թը­նի, Ժը­նե­ւի եւ Լի­բա­նա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լիս­նե­րուն ալ չէ՞ր հրա­ւի­րուած հայ մա­մու­լը, թէ ոչ Ան­թի­լիա­սի հայ մա­մու­լի վե­րա­բե­րեալ պատ­կե­րա­ցում­նե­րը սահ­մա­նա­փակ են միայն կու­սակ­ցա­կան օր­կան­նե­րով։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015