ՕՐ­ՄԱ­ՆԵԱՆ ՍՐԲԱ­ԶԱ­ՆԻ ԴԷՄ ԱՄ­ԲԱՍ­ՏԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Ին­ծի դէմ ամ­բաս­տա­նու­թեան եւ մե­ղադ­րան­քի կէտ ը­րին թէ՝ պատ­րիար­քու­թե­նէ հրա­ժա­րիլ չեմ ու­զած։ Չեմ կար­ծեր որ մէ­կուն պաշ­տօն մը կը յանձ­նուի որ­պէս զի հրա­ժա­րի. զի պաշ­տօ­նը կը տրուի որ­պէս զի զայն պա­հէ, դժուա­րու­թեանց տո­կայ, հան­րու­թեան օգ­տին աշ­խա­տի, եւ ո՛չ թէ իւր հան­գիս­տը փնտռէ։ Ուս­տի ես ալ կ՚ըն­դու­նիմ թէ ան­պայ­ման հրա­ժա­րիլ չեմ ու­զած, զի զայն անձն­դիւ­րու­թեանց մի­ջոց եւ դա­սալ­քու­թեան գործ եմ նկա­տած, այլ հրա­ժա­րա­կան­նե­րը փոր­ձած եմ իբ­րեւ կեն­սա­կան խնդիր մը յա­ջողց­նե­լու մի­ջոց, եւ ե­րեք փոր­ձերս ալ ա­պար­դիւն չեն ե­ղած»։

­Շա­րու­նա­կե­լով, կ՚ը­սէ, թէ՝ Պատ­րիար­քու­թեան վրայ տա­սուեր­կու տա­րի տո­կա­լը եր­բե՛ք ի­րեն անձն­դիւ­րու­թիւն չէ բե­րած, զի պատ­րիար­քու­թե­նէ ա­ռաջ ու­նե­ցած կեն­ցա­ղը նո՛յն է պա­հուած, չէ՛ հարս­տա­ցած, չէ՛ ճո­խա­ցած, եւ ար­տա­քին ե­րե­ւոյթ­նե­րով, գու­նա­գեղ զգեստ­նե­րով, շքան­շան­նե­րու կի­րա­ռու­թեամբ եւ ցու­ցադ­րու­թեան ձե­ւե­րով չէ շփա­ցած։

Ան կ՚ը­սէ. «Աշ­խա­տու­թիւնս յա­ռակս անց­նե­լու չափ յայտ­նի ե­ղած է, ոչ մի տե­սակ յոգ­նու­թե­նէ չեմ խու­սա­փած, դիւ­րին է տես­նել, որ դի­ւան, վար­ժա­րան, հի­ւան­դա­նոց, որ­բա­նոց, ե­կե­ղե­ցի, պաշ­տօ­նա­տուն, դես­պա­նա­տուն, ար­քու­նիք ե­ղած են իմ շրջա­նակս. հա­զիւ թէ ա­մա­ռուան ե­ղա­նակ­նե­րուն քա­նի մը օ­րեր հա­մա­ռօտ շրջա­գա­յու­թեան մը գոր­ծա­ծած եմ։ Շնոր­հա­կալ եմ որ շուրջս ե­ղող­նե­րէն, թա­ղե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն, գա­ւա­ռա­կան վի­ճակ­նե­րէն հա­մակ­րա­կան ցոյ­ցեր տե­սած եմ, եւ սա­կայն ա­նոնց­մէ ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ եւ զօ­րա­ւոր ե­ղած են ա­մէն կող­մե­րէ հա­սած ցա­ւեր եւ տագ­նապ­ներ։ Վիշտս ի ներ­քուստ, վիշտս յար­տա­քուստ, վիշտս ի վե­րուստ, վիշտս ի ստոր­նէից, վիշտս յօ­տա­րաց, վիշտս ի սուտ եղ­բարց, ո­րոնք եր­կայ­նա­միտ համ­բե­րա­տա­րու­թեան դպրոց մը ե­ղան։ Ուս­տի ի՛նչ որ այդ գլու­խէն իբր մե­ղադ­րանք եւ նա­խա­տինք խօ­սուե­ցաւ ին­ծի դէմ, ես չեմ վա­րա­նիր զայն իբր ար­դիւնք եւ պա­տիւ հա­մա­րիլ իմ ան­ձիս, զի զոր պարտ էաքն առ­նել՝ ա­րա­րաք»։

­Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան, դար­ձեալ կը շա­րու­նա­կէ. «Մատ­թէոս Իզ­միր­լեան նա­խորդ պատ­րիարք 1896-է 1908 իբր աք­սո­րա­կան մնա­ցած էր Ե­րու­սա­ղէ­մի Սրբոց Յա­կո­բեանց մայ­րա­վան­քը Ցո­րե­նա­թա­ղի Կի­րա­կո­սեան ըն­դար­ձակ յար­կա­բա­ժի­նը։ Վե­հա­պե­տեան պատ­րիար­քի եւ բո­վան­դակ միա­բա­նու­թեան կող­մէ մտադ­րու­թեան ա­ռար­կայ ե­ղած, թէ­պէտ ո՛չ ա­մե­նուն հա­ւա­սա­րա­պէս հա­մակ­րե­լի, ղե­ւոն­դա­կան խնդի­րէն ծա­գած բա­ժան­մանց պատ­ճա­ռով։

«Ես աշ­խա­տած էի զինքն Կ. Պո­լիս դարձ­նել տալ եւ շատ ալ հե­տապն­դած՝ այդ խնդի­րը չկրկնե­լու հա­մար Հա­մի­տէ ազ­դա­րա­րու­թիւն ըն­դու­նե­լու չափ։ Բայց յա­ջո­ղած էի զինքն ներք­սա­գոյն կող­մեր աք­սո­րե­լու ո­րո­շու­մը խա­փա­նել տալ, եւ ինքն ալ ան­ծա­նօթ չէր այդ ե­ղե­լու­թեանց։

«Սա­կայն ա­ռա­ջին օ­րէն իր ա­րե­ւը հաշտ չէր ե­ղած ին­ծի հետ. Ներ­սէս պատ­րիարքն ալ մե­ղադ­րած էր ա­ռա­ջին օ­րը ին­ծի ծայ­րա­գու­նու­թիւն տուած ըլ­լա­լուն հա­մար, եւ քա­նիցս ե­րեսս զար­կած էր ի ծնէ հա­յա­դա­ւան չըլ­լալս։

«Ին­չե­ւի­ցէ սահ­մա­նադ­րա­կան ա­զա­տու­թեան հռչա­կուե­լէն եւ ընդ­հա­նուր նե­րու­մէն օգ­տուե­լով Կ. Պո­լիս դար­ձած էր եւ ար­քա­յա­վա­յել հան­դէ­սով ըն­դու­նուած, երբ ես ար­դէն հրա­ժա­րած եւ տու­նը փա­կուած էի, եւ կը սպա­սէի որ իւր նախ­կին վե­րա­բե­րումն ալ փո­խուած ըլ­լայ. սա­կայն Իզ­միր­լեա­նի կիր­քը խո­շոր մնա­ցած էր, ինչ­պէս խո­ժոռ մնա­ցած էր իւր դէմ­քը, իմ բա­րի գալս­տեան եւ բա­րե­մաղ­թու­թեանց գիրս ալ ան­պա­տաս­խա­նի թող­լու եւ լռու­թեան մէջ թա­ղե­լու չափ։

«Պատ­րիար­քա­կան ա­թոռ վե­րա­դառ­նա­լը ես ալ ի­րա­ւա­ցի կը դա­տէի, իբր ար­քա­յա­կան հրմա­նով տուած բռնի հրա­ժա­րա­կա­նին փո­խա­րի­նու­թիւն, եւ այդ զգաց­մամբ ալ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն գրե­ցի՝ միշտ ան­պա­տաս­խա­նի մնա­լու պայ­մա­նով։

«Հոկ­տեմ­բեր 22/4 Նո­յեմ­բե­րին պատ­րիարք ընտ­րուե­ցաւ, 31/13-ին ուխ­տը ը­րաւ եւ պաշ­տօ­նի ձեռ­նար­կեց, Նո­յեմ­բեր 1/14-ին ալ կա­թո­ղի­կո­սա­կան ա­ռա­ջին ընտ­րեալ հռչա­կուե­ցաւ, այն­պէս որ այ­լեւս ի­րեն յա­ռա­ջաց­ման ար­գելք ըլ­լա­լուս վախ մը չու­նէր։

«Ե­թէ կա­նու­խէն Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին մա­տու­ցա­նել տրուած ամ­բաս­տա­նա­գի­րը ար­դիւնք մը պի­տի ու­նե­նար, ար­դէն ու­նե­ցած էր, եւ Ռու­սա­հա­յե­րէ իմ ընտ­րե­լու­թեան մա­սին ցու­ցուած փա­փա­քը ամ­բաս­տան­ու­թեան փաս­տով ե­տեւ թո­ղուած էր։

«Այդ փա­փա­քը գու­ցէ ար­դիւնք ու­նե­ցած ըլ­լար, ե­թէ ի­րաց վի­ճա­կը փո­խուած չըլ­լար, բայց ա­յե­լեւս նշա­նա­կու­թիւն չու­նէր, սա­կայն Իզ­միր­լեա­նի իմ նկատ­մամբ հա­յե­ցուա­ծը միշտ նոյն կը մնար, պատ­րիար­քու­թիւ­նը ձեռ­քը եւ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը առ­ջե­ւը ըլ­լա­լով մէկ­տեղ։

«Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վոյ ա­ռա­ջին ան­գամ իւր նա­խա­գա­հած 1908 Նո­յեմ­բեր 7/20-ի նիս­տը իբր ազ­գա­յին կեն­սա­կան եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն գործ նկա­տեց իմ մա­սին տրուած ամ­բաս­տա­նա­գի­րը, եւ նա­խա­գա­հին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ա­ռա­ջին խնդիր ը­րաւ այդ գրուա­ծը։ Նիս­տը կա­ռա­վա­րող ա­տե­նա­պետ բժիշկ Վահ­րամ Թոր­գո­մեան, դի­տել տուաւ ի­րեն՝ թէ Սահ­մա­նադ­րու­թեան նկա­տի ա­ռած պատ­րիար­քի դէմ ամ­բաս­տա­նու­թիւ­նը պաշ­տօ­նի վրայ ե­ղող պատ­րիար­քը հե­ռաց­նե­լու հա­մար կազ­մուած է, եւ ո՛չ հրա­ժա­րեալ պատ­րիար­քը դա­տե­լու. սա­կայն Իզ­միր­լեա­նի պէտք էր ո­րե­ւէ կեր­պով զիս նա­խա­տել. եւ իւր ազ­դե­ցու­թեամբ գի­րին նկա­տա­ռու­մը եւ Քննիչ Յանձ­նա­ժո­ղո­վի կազ­մու­թիւ­նը ո­րո­շուե­ցաւ, թէ­պէտ Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ամ­բող­ջա­ցու­մը հա­զիւ Դեկ­տեմ­բեր 19/1 Յու­նուար 1909-ին լրա­ցաւ…»։

31 Դեկ­տեմ­բեր 1911, Շա­բաթ օ­րուան Հայ Մա­մու­լի մէջ կը հան­դի­պին­ք այս մա­սին լրա­տուու­թեան մը՝ զոր կը ներ­կա­յաց­նենք նոյ­նու­թեամբ։

«Օր­մա­նեան Սրբա­զա­նի դէմ ե­ղած ամ­բաս­տա­նու­թեանց քննիչ յանձ­նա­ժո­ղո­վին տե­ղե­կա­գի­րը քննուած է Ա­տե­նա­պե­տաց Դի­ւա­նին կող­մէ, որ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին մա­տու­ցած տե­ղե­կագ­րին մէջ կը հաս­տա­տէ թէ քննու­թիւ­նը գրե­թէ բո­լոր կէ­տե­րու մէջ օ­րի­նա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րուած է։

«Իսկ Վռա­մեան Էֆ.ի ամ­բաս­տա­նու­թեան նա­խաքն­նու­թիւնն ալ կա­տա­րե­լով, լսե­լէ ետ­քը թէ՛ Օր­մա­նեան Ս­.ը եւ թէ Վռա­մեան Էֆ.ին, տե­սեր է որ չկայ ո­րե­ւէ փաստ՝ հաս­տա­տող ծա­նօթ ամ­բաս­տա­նու­թիւ­նը, ուս­տի ան­հե­տե­ւանք թո­ղու­ցեր է Վռա­մեան Էֆ.ի ամ­բաս­տա­նու­թիւ­նը։

«Գա­լով Լա Հէ­յի հե­ռագ­րի խնդրոյն, Ա­տե­նա­պե­տաց Դի­ւա­նը իր տե­ղե­կագ­րին մէջ յա­ռաջ կը բե­րէ Գ. Նո­րա­տուն­կեան Էֆ.ի այդ մա­սին ի­րենց ուղ­ղած մէկ նա­մա­կը, ո­րով Ն. Վսե­մու­թիւ­նը կը պատ­մէ թէ Ար­հես­տա­նոց-Գա­րա­կէօ­զեան Խնա­մա­կա­լու­թեան մէկ նիս­տին մէջ, ո­րուն ներ­կայ էին Պատ­րիկ Կիւլ­պէն­կեան, Մկ. Ա­սա­սեան, Սե­պուհ Տէ­միր­ճի­պա­շեան Էֆ.ք, Օր­մա­նեան Ս. պար­զած ըլ­լա­լով օ­րուան վի­ճա­կը եւ վի­ճա­կին ծան­րու­թիւ­նը եւ ար­քու­նի­քէն կրկին եւ կրկին ե­ղած ստի­պո­ղա­կան պա­հանջ­քը՝ Լա Հէ­յի խա­ղա­ղա­սի­րա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին առ­թիւ, ներ­կա­նե­րը կար­ծիք յայտ­նած են թէ այդ պա­հանջ­ման ձե­ւա­կեր­պա­կան գո­հա­ցում տա­լով ազ­գը բնաւ վնաս չի կրեր։ Այս առ­թիւ Ս. Տէ­միր­ճի­պա­շեան Էֆ. ի­րա­ւամբ դի­տել տուեր է թէ ընդ­հա­կա­ռա­կը հե­ռա­գի­րը օ­գուտ իսկ կ՚ու­նե­նայ, հա­լա­ծա­նաց մա­սամբ առ­ջե­ւը կ՚առ­նէ, փո­խա­նակ ար­ծար­ծուե­լուն՝ ան­տե­ղի կաս­կած­նե­րու հե­տե­ւա­նօք։

«Գա­լով 1907-ի Լա Հէ­յի Բ. Վե­հա­ժո­ղո­վին, Նո­րա­տուն­կեան Էֆ. կը հա­ւաս­տէ թէ ո­րե­ւէ հե­ռա­գիր տրուած չէ Պատ­րիար­քա­րա­նէն»։ (31 Դեկ­տեմ­բեր 1911)։

­Դար­ձեալ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նենք Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեա­նի «Խոհք եւ խօսք»ին հե­տաքրք­րա­կան տո­ղե­րուն։ Օր­մա­նեան Սրբա­զան իր ամ­բաս­տա­նու­թեան մա­սին կը գրէ. «Այ­լեւս ես պաշ­տօ­նա­պէս ամ­բաս­տա­նեալ մըն էի, ձայ­նէ զուրկ, պաշ­տօ­նի ա­նընտ­րե­լի, եւ՝ Իզ­միր­լեա­նի եզ­րա­կա­ցու­թեամբ՝ ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տա­մանց մաս­նակ­ցե­լէ ար­գի­լուած, ինչ որ տա­րի­ներ տե­ւեց, եւ չվեր­ջա­ցաւ՝ բայց ե­թէ իւր գե­րեզ­ման մտնե­լէն ետ­քը։ Յանձ­նա­ժո­ղովն ալ այդ մտայ­նու­թեանց առ­ջեւ գոր­ծե­լը եւ շտա­պե­լը ի­րեն պարտք չսե­պեց, եւ կար­ծես թէ այն ամ­բաս­տա­նա­գի­րը, ո­րուն հի­մամբ ինք ընտ­րուած էր, ան­բա­ւա­կան սե­պե­լով, նոր ամ­բաս­տա­նա­գիր­ներ հայ­թայ­թե­լու ա­տեն տուաւ, ո­րոնք իւր ընտ­րու­թեան ա­տեն նա­խա­տե­սուած չէին։ Ես որ Գու­մա­գա­բուի խայ­տա­ռակ ցոյ­ցէն բնաւ այ­լայ­լած չէի, եւ ո­րուն տա­ռա­պան­քէն հի­ւան­դա­ցած ալ չէի, կա­րե­վէր (=խոր վէրք ստա­ցած, ծան­րա­պէս խո­ցուած) ցնցուե­ցայ Նո­յեմ­բեր 7/20-ի ո­րո­շու­մէն…»։­

Ու­րեմն, սի­րե­լի՜­ներ, կը տես­նուի, որ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­մու­թիւ­նը ար­կա­ծա­լից ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րով լե­ցուն է։ Ար­դեօք, ան­կէ դաս առ­նել մտադ­րող­ներ կա՞ն…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 19, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015