ԽԱ­ՉԱ­ՏՈՒ­ՐԵԱՆ ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ ԵՒ ՄԵՐ ԴՊՐԱՑ ԴԱ­ՍԵ­ՐԸ - Ա -

Ինչ­պէս յա­ճախ կ՚անդ­րա­դառ­նանք՝  դպրաց դա­սե­րը, ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին գոր­ծօ­նու­թեան, կեն­սու­նա­կու­թեան, աշ­խոյժ կեր­պով ըն­թացք գտնե­լու գոր­ծին՝ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան մէջ կա­րե­ւոր եւ անհ­րա­ժեշտ դեր մը կը խա­ղան։ Դպրաց դա­սե­րը, այս ի­մաս­տով ան­բա­ժան տա՛րրն են ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին, ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու, ծէ­սե­րու կա­տար­ման եւ ի­րա­կա­նաց­ման։

Շատ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ծա­նօ­թու­թիւն­ներ, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րուած են այս մա­սին՝ զա­նա­զան շրջան­նե­րու եւ տար­բեր ար­ժա­նա­հա­ւատ ան­ձե­րու կող­մէ։ Բայց կար­ծեմ, «Կոն­դակ»ի ձե­ւով միա՛յն Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի կող­մէ ըն­դար­ձակ կեր­պով ու­սում­նա­սի­րուած եւ հայ­րա­կան յոր­դոր­ներ, թե­լադ­րանք­ներ կա­տա­րուած է։ Մենք վստա՛հ ենք, որ շատ մը հար­ցե­րու լու­ծում կա­րե­լի է գտնել այս «Կոն­դակ»ին մէջ, եւ դար­ձեալ վստա՛հ ենք, որ մեր բո­լոր դպրաց դա­սե­րու վա­րիչ­ներ, ան­դամ­ներ, պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ու­սում­նա­սի­րած են այս «Կոն­դակ»ը՝ որ ի­րա­պէ՛ս ու­ղե­ցոյց մը, բա­ցատ­րա­գիր մըն է, եւ մա­նա­ւա՛նդ դա­սա­խօ­սու­թեան մը ար­ժէ­քը ու­նի։

Պար­զա­պէս վեր­յի­շե­լո՛ւ նպա­տա­կով կ՚ու­զենք ներ­կա­յաց­նել՝ Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի 24 Մա­յիս 1953 թուա­կիր «Կոն­դա­կ­»ը՝ թէ՛ մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն, թէ՛ ա­մէն ա­նոնց, որ մօ­տէն կը հե­տաքրք­րուին ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի հետ։

ԳԱ­ՐԵ­ԳԻՆ ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ ԽԱ­ՉԱ­ՏՈՒ­ՐԵԱՆ ԿՈՆ­ԴԱԿ
ՈՒՂ­ՂՈ­ՒԱԾ ԴՊՐԱՑ ԴԱ­ՍԵ­ՐՈՒՆ ԵՒ ԵՐԳ­ՉԱ­ԽՈՒՄ­ԲԵ­ՐՈՒՆ

Սի­րե­լի որ­դեակ­ներ,

Ի խո­րոց սրտի խօսք ու­նիմ ձե­զի, իբ­րեւ ի­մաստ­նօ­րէն եւ ան­շա­հախնդ­րօ­րէն նուի­րուած­նե­րու այն գե­ղե­ցիկ կո­չու­մին՝ որ սրբա­զան ե­րաժշ­տու­թիւնն է։ Դուք ուխտ էք ը­րած՝ անբռ­նազ­բօ­սօ­րէն եւ ինք­նա­կա­մօ­րէն ծա­ռա­յե­լու ա­մե­նուս սուրբ Մօր՝ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյն, ա­նոր պայ­ծա­ռաց­ման եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հո­գե­ւոր շի­նու­թեան հա­մար, «հրեշ­տա­կա­յին եր­գակ­ցու­թեամբ» օրհ­նե­լով, գո­վե­լով եւ փա­ռա­ւո­րե­լով Ա­րա­րիչ Հայ­րը, Փրկիչ Որ­դին եւ ու­սու­ցիչ Սուրբ Հո­գին։

Դուք վե­րած­նած էք սուրբ ա­ւա­զա­նի մկրտու­թեամբ, որ­պէս քրիս­տո­նեա­ներ, եւ լու­սա­ւո­րուած Ա­ւե­տա­րա­նի լոյ­սով՝ իբ­րեւ լու­սա­ւոր­չած­նունդ զա­ւակ­ներ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Խմած էք անհ­նա­նա­լի «ՆՈՐ ԳԻ­ՆԻ»էն, որ զմայ­լե­ցու­ցիչ Ո­գին է քրիս­տո­նէա­կան կրօ­նին։ Այս Ո­գին նման է մշտա­բուխ եւ ա­ռա­տա­հոս աղ­բիւ­րի մը, ուս­կից ծո­րած վճիտ ու ա­նա­պա­կան ջու­րը կ՚ո­ռո­գէ եւ կը կեն­դա­նաց­նէ ծա­ռա­ւուտ դաշ­տը մեր հո­գի­նե­րուն։

Այս ո­գին վսե­մա­գոյն ներշն­չումն է, որ կ՚ազ­նուաց­նէ ու կը բիւ­րե­ղաց­նէ մեր զգա­ցում­նե­րը, կը լու­սա­ւո­րէ ու կը բարձ­րաց­նէ մեր մտա­ծում­նե­րը, կը զօ­րաց­նէ ու կը պող­պա­տէ մեր կամ­քը, կը կեր­տէ ու կը յղկէ մեր նկա­րա­գի­րը, խանդ ու ե­ռանդ կու տայ մեր ստեղ­ծա­գործ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան, կ՚ա­ռա­տաց­նէ մեր մէջ ա­մե­նէն մա­քուր ու գե­ղե­ցիկ ապ­րում­նե­րը, բա­րու­թեամբ կը քաղց­րաց­նէ եւ կը ներ­դաշ­նա­ւո­րէ մեր երկ­րա­ւոր կեն­ցա­ղը եւ կը բա­նայ մեր առ­ջեւ նոր ար­շա­լոյ­սի մը դուռն ան­մա­հու­թեան։

Դուք, սի­րե­լի ե­րի­տա­սարդ­ներ, որ սրբա­զան ե­րաժշ­տու­թեան ըն­ծա­յուած սիր­տեր կը կրէք ձեր մէջ, պար­տիք ու­նե­նալ այս հրա­շա­լի աղ­բիւ­րը ձեր էու­թեան խո­րը։ Երգն ալ բխում մըն է այս աղ­բիւ­րէն։ Եւ եր­գը, սրբա­զան եր­գը մա­նա­ւանդ, լե­զուն է աս­տուա­ծա­յին, ո­րով Ա­րա­րի­չը ստեղ­ծած եւ դաշ­նա­ւո­րած է Տիե­զերքն ու Մար­դը, լեց­նե­լով զա­նոնք իր Ո­գիով։ Գե­րա­զան­ցօ­րէն ներ­դաշ­նակ եր­գը, ո­րուն ի­ւա­քան­չիւր խա­զը խորհր­դա­ւոր բան մ՚ու­նի իր մէջ՝ հո­գին վե­րաց­նող, միտ­քը սքան­չաց­նող եւ սիր­տը պա­րա­րող։ Ա­նո՛վ է, որ «շի­նու­թիւն» կ՚ու­նե­նայ Ե­կե­ղե­ցին, այ­սինքն՝ մար­դե­ղէն տա­ճա­րը մար­դուն։

Անդ­րա­դար­ձե՞ր էք եր­բեք, սի­րե­լի դպիր­ներ եւ եր­գիչ­ներ, այն հրա­շա­լի՜ Քնա­րին վրայ, զոր Մեծ-Ճար­տա­րա­պե­տը յօ­րի­ներ ու զե­տե­ղեր է հո­գե­ղէ­նով խառն ձեր հո­ղե­ղէն շէն­քին մէջ։

Տիե­զեր­քի ան­հա­շուե­լի թրթռում­նե­րը, լու­սա­խուր­ձե­րու նման, ա­լիք-ա­լիք կ՚իջ­նեն պճռե­լու ոս­կե­ման լա­րերն այս քնա­րին, եւ ճմլե­լով կամ զուար­թաց­նե­լով սիր­տե­րը բո­լոր ունկն­դիր­նե­րուն, կը վե­րաց­նեն զա­նոնք խնկա­բոյր մթնո­լոր­տին մէջ Աս­տու­ծոյ Տան եւ ան­կից ալ կը փո­խադ­րեն խորհր­դազ­գած աշ­խար­հը տե­սիլ­նե­րու։ Եւ ա­սի­կա, այն խո­րա­ցած եւ ա­պա դրսե­ւո­րուած ապ­րում­նե­րով՝ ո­րոնք քնա­րա­կիր եր­գիչ­նե­րունն են։

Վե­րա­ցա­կան եւ ա­նըմբռ­նե­լի բա­ներ չեն ը­սած­ներս, ոչ իսկ գերբ­նա­կան, այլ խոր­հուր­դի քո­ղին տակ ծած­կուած եւ բնու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ գոյ ե­ղող ի­րո­ղու­թիւն­ներն են ա­նոնք։

Ե­թէ գի­տու­թիւ­նը դեռ ան­զօր է ե­րե­ւան բե­րե­լու զա­նոնք ամ­բող­ջո­վին, - հա­ւատ­քը կը տես­նէ ա­ւե­լին։ Կայ նաեւ ա­րուես­տը, որ գե­ղե­ցիկ թռիչ­նե­րով կը մօ­տե­նայ հա­ւատ­քին։ Ո՞վ կ՚ու­րա­նայ ստեղ­ծա­գործ ներշն­չու­մը ե­րե­ւա­կա­յու­թեան։

Կա՛յ այդ Ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը ա­րար­չա­կան։

«ԹՈՂ ԼՈ՜ՅՍ ԸԼ­ԼԱՅ…»։

- Ստեղ­ծա­գործ նա­խեր­գանքն է այս՝ բո­լոր եր­գե­րուն, կե­նա­զօր թրթռում­նե­րու ա­լիք­նե­րով ձայ­նասփ­ռուած ա­նեզ­րու­թեան, ան­հու­նու­թեան մէջ։ Եւ այդ թրթռում­ներն են, որ պէս պէս հնչիւն­նե­րու ընդ­խառ­նում­նե­րով, զա­նա­զան քնար­նե­րէ դուրս կը բե­րէ բազ­մա­ձայ­նը Եր­գին, տա­ղին, մե­ղե­դիին, գան­ձին, սաղ­մո­սեր­գու­թեան՝ եր­գե­հո­նին բամբ, գոռ, սուր ու մեղմ ձայ­նե­րու դաշ­նա­ւո­րու­մով եւ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ…։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 16, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015