ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ ՄԵՐ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐԸ - Բ -
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի Կոնդակը՝ ուղղուած Դպրաց Դասերուն եւ Երգչախումբերուն։
Այո՛, «հրեշտակային երգակցութիւն» մըն է, որով Դպրաց Դասեր եւ Երգչախումբեր, հոգեւոր եւ ոգեւորուած պարակցութեամբ, կը փառաբանեն Մեծ-Երաժշտապետն ու աննման Երգահանը՝ Աստուած։ Բիւր բիւր կտուցներ թռչուններուն, սոխակներու եւ սարեակներու առաջնորդութեամբ, չեն կարող մրցիլ խումբ մը երգիչներու բերաններուն հետ, երբ անոնք կը բացուին լուսեղէն մատներու հպումովը Ամենակալին։
Նախընտրելի են, անշուշտ, հոգեկան վայելքները՝ աշխարհիկ հաճոյքներէն։ Չենք ուզեր ըսել, թէ հրաժարիլ պէտք է այս վերջիններէն։ Անոնք ալ ունին իրենց շինիչ դերը, երբ ձեռք կը բերուին օրինաւորապէս եւ պարկեշտօրէն, առանց արատաւորելու պատիւը եւ խաթարելու բարոյական նկարագիրը բանական էակին։
Երաժշտութիւնը կու տայ այդ վայելքը, իր խորհրդազգած տպաւորութեամբը, երբ կը կրէ օծութիւնը սրբազան երգեցողութեան, եւ իր սրտախօսիկ ազդեցութեամբը, երբ ունի շունչը -տաղանդաւոր արուեստագէտներու հոգիէն արձագանգած- աշխարհիկ համերգութեանց կամ ժողովրդական կոչ-ւած երգերուն։ Չենք խօսիր այն երգերու մասին՝ որոնցմէ ծորած մեղկութիւնը կ՚ընդարմացնէ ե՛ւ ջիղերը, ե՛ւ հոգին։
Իրական կամ ճշմարիտ Երգը կու տայ անմերժելի վայելքը, նման խօսքին՝ որ, բանաստեղծական հիւսուածքով մը, կը գերէ սիրտն ու միտքը միանգամայն, եւ նման գոյներուն եւ գիծերուն, որոնցմով նկարչութիւնը մարմին կը հագցնէ՝ իրերուն կեանք տուող կամ անոնց խորը թաքնուած կեանքը լոյսի բերող արուեստագէտին տեսիլներուն։
Ա՛յսպէս են բոլոր գեղարուեստներու արտադրութիւնները, որոնց մէջ հոգին կը բացուի, կը պարզուի իր ամբողջ ազնուական ու հմայիչ ծալքերովն ու երեսներովը։ Աստուածային խորհուրդի մը յայտնութիւններն են ա՛յդ ամէնը, որ ըմբոշխնել կու տան մեզի հոգեկան ճշմարիտ վայելքը։ Եւ այս բոլորին վրայ խօսուն ծիածանի մը պէս կը ծածանի ու կը կամարուի երաժշտութիւնը իր ա-նըսպառ երանգներով։
Երեւակայեցէ՛ք «ութը ձայն»երը, բազմազան աստիճաններու եւ ելեւէջներու ընդելուզումներով ու դասաւորումներով, որոնցմով երգերու տիպարներ եւ գլուխ-գործոցներ կու գան կեանքի։
Յիշեցէ՛ք՝ յիշեցնեմ ձեզի մեր հիներէն, - Կոմիտաս կաթողիկոսներ, Սիւնեցի Ստեփանոսներ, Սիւնեցի Սահակադուխտեր, Գողթնեցի Խոսրովիդուխտեր, Խաչատուր Տարօնեցիներ, Շնորհալիներ, եւայլն. նորերէն, - Գարամուրզաներ, Եկմալեաններ, անզուգական Կոմիտաս վարդապետներ եւ աշխարհահռչակ Ա. Խաչատուրեաններ։ Փայլուն համաստեղութիւնները մեր երաժշտութեան։
Յիշեցէ՛ք նաեւ օտարներէն, միեւնոյն արուեստի դասական ու նոր եղբայրակիցներէն՝ Պախեր, Պեթովէններ, Մոցարտներ, Հայտըններ, Վակներներ, Լիսցդներ, եւայլն։
Ասոնք բոլորն ալ «աստուածարեալ»ներ են եղած, այսինքն՝ «աստուածային ոգիով զարնուած»ներ, որոնք իրենց երաժշտական -ձայնական եւ գործիական- գլուխ-գործոցներով, հրաշակերտներով ճոխացուցեր են գեղարուստական գանձարանը երգին ու նուագին։
Կը գրեմ այս տողերը ձեզի, որպէսզի առաւել եւս գիտնաք արժէքը երաժշտութեան եւ երգին, եւ ձեր մէջ արթննայ ու զօրանայ գիտակցութիւնը՝ բարձրօրէն գնահատելու զանոնք եւ ներշնչուելու անոնցմով։ Եւ այս կարելի է միայն ու միայն, երբ երգը կը բխի ձեր ներքին խորագոյն ապրումներէն, ուրիշ բացատրութեամբ, երբ ձեր ներաշխարհին մէջ սրտագին ապրումներ դառնան բոլոր այն ներշնչումները՝ որոնք ձեր շրթներու կշռաւոր չափազանցութեամբ ու շարժումներով վերածուին ներդաշնակ երգեցողութիւններու։ Բայց ասոր համար ալ դուք ո՛չ միայն պարտիք լրջօրէն մշակել ձեր ձայնական ընդունակութիւնը երաժշտական ճշգրիտ կանոններու համաձայն, այլ նաեւ ունենալ ամբողջական հասկացողութիւնը խօսքերու իմաստին եւ չարտասանել զանոնք թութակաբար։
Ս. Պատարագը, օրինակ, իմաստալից եւ շարայարեալ հիւսուածք մըն է խորհրդաշունչ աղօթքներու, քարոզներու եւ երգերու։ Արտասանելու կամ երգելու համար զանոնք «հոգւով», հարկ է թափանցել անոնց ներքին անկորուստ արժէքին, ոգիին, խոհուն ինքնանփոփումով եւ զգաստ զուարթամտութեամբ, ճաշակել կարենալու համար անոնց անփոխարինելի քաղցրութիւնը, փոխադրուելու եւ ապրելու համար պահ մը հոգեկան աշխարհի մէջ՝ բովանդակ էութեան զգօն լարուածութեամբ։
Այս բոլորը կարող էք զգալ, երբ գիտակցաբար եւ յօժարակամ կը խորանաք Երգի խորհուրդին մէջ, գտնելու համար հոն աստուածային Ոգին եւ մարդկային Հոգին գիրկընդխառնուած իրարու եւ հայրական եւ որդիական փոխադարձ սիրով մը կապուած մէկմէկու։ Ասիկա ձեր մէջ կը ստեղծէ նոյն ատեն եղբայրական եւ ընկերական համերաշխութեան եւ համակեցութեան զօրաւոր եւ անքակտելի կապ մը։
Խօսեցայ ձեզի ներշնչումներու եւ ապրումներու մասին։ Եւ ի՜նչ հոգեպարար ներշնչումներու եւ խորունկ ապրումներու կը հանդիպիք դուք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երգերուն եւ շարականներուն մէջ։ Դաւիթի տաւիղին մօտ, որ օրհնութիւններն ու սաղմոսերգութիւնները կ՚ոգէ Եահուէին, մերթ ա՜յնքան բարձր թռիչներով՝ մինչեւ երկնակամարի աստղերը՝ կարդալու համար փառքը «զօրութեանց Տէր»ին եւ մերթ խորամուտ խոյացումով՝ մինչեւ սրտի ալքերը՝ գտնելու համար հոն «Բարձեալը», -կայ մեր Շնորհալիի քնարը, որմէ լուսածին ցնցուղի մը նման կը հոսին խօսքերն ու ձայնախազերը, մերթ ա՜յնքան պարզ ու փափկահնչիւն եւ մերթ ա՜յնքան ողոքիչ ու գրաւիչ, մինչեւ զԱստուած իր «նինջ»էն իսկ զարթուցանող շնորհալի շեշտով, «Զարթի՛ր, ընդէ՞ր ննջես, Տէ՛ր…»։
Ճաշակեցէ՛ք, սիրելիներ, ճաշակեցէ՜ք եւ դուք, Ս. Պատարագի լոյսին հետ, նաեւ մեղրի խարիսխէն աւելի քաղցր շողերը մեր այս անզուգական հայրապետին, ծաւալած իր «Առաւօտ լուսոյ»ին «Աշխարհ ամենայն»ին, «Նորաստեղծեալ»ին, «Նորահրաշ պսակաւոր»ին եւ իր լուսագրչի բոլոր հեղումներուն մէջ, որոնցմով մեր Եկեղեցւոյն ոսկեղէն սափորին մանանան է առատացած։ Հապա իր Արեւագալի լուսերգութիւննե՞րը, որոնց քաղցրութիւնն ու արժէքը - անկեղծութիւնը պիտի ունենամ դիտել տալու, թէ - չէ զգացուած ու գնահատուած ըստ արժանւոյն։ Արուեստէն աւելի, արուեստակութիւն մը այդ երգերը դարձուցեր է աշխարհիկ երգերու երկարաձիգ ոլորակումներու, խաղերու, շեշտաւորումներու եւ կլկլացումներու յոգնեցուցիչ եւ թմրեցուցիչ ընդխառնում մը, դատարկացնելով զանոնք իրական ներշնչականութեան մը կենդանի հուրքէն։ Անհրաժեշտ է, որ անոնք մերկանան աւանդամոլութեան, աւանդամոլական այն անհարազատ ներմուծումներէն՝ որոնք շա՛տ են հեռացած շնորհալիական քաղցրանուագ ոգիէն։
Կա՛յ նաեւ բոլոր լոյսը Նարեկացիին, այդ աստուածաշունչ քնարերգակ-ողբերգակին, որ գիտէ խօսիլ ու խօսակցիլ «ի խորոց սրտից» տիեզերական Հոգիին հետ, անով տիեզերականացնելու համար նաեւ ի՛ր սիրտը, լի զգացումներու դառնանուշութեամբ, որպէսզի ան բաբախէ բովանդակ մարդկութեան հոգեկան տառապանքներուն համար…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 16, 2015, Իսթանպուլ