ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ կէս գի­շե­րին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան մի­ջո­ցաւ Ա­մա­նո­րի իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց հա­մայն հա­յու­թեան։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը։

Սի­րե­լի բա­րե­պաշտ ժո­ղո­վուրդ ի Հայ­րե­նիս եւ ի Սփիւռս,

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն տա­րե­մու­տի սե­մին ձե­զի կը բե­րենք Հայ­րա­պե­տա­կան Մեր սէրն ու օրհ­նու­թիւ­նը։

Գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թան­քով, նոր յոյ­սե­րով ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով հրա­ժեշտ կու տանք 2015 թուա­կա­նին։ Անց­նող տա­րին մե­զի հա­մար նուի­րա­կան ե­ղաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի ո­գե­կո­չու­մով։ Հայ­րե­նի պե­տու­թեան, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ժո­ղո­վուր­դի ջան­քե­րով աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րուն կազ­մա­կեր­պուե­ցան յի­շա­տա­կի մի­ջո­ցա­ռում­ներ։ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ հրա­պարա­կուե­ցաւ մեր ար­դար դա­տին հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու եւ զայն յաղ­թա­նա­կի ա­ռաջ­նոր­դե­լու ուղ­ղեալ «Հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րը»։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կա­տա­րե­ցինք հա­ւատ­քի եւ հայ­րե­նի­քի հա­մար մար­տի­րո­սու­թեան պսակն ըն­դու­նած մեր նա­հա­տակ­նե­րու Սրբա­դա­սու­մը եւ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը։ Յի­շա­տա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը հո­գե­ւոր նոր ուժ ու կո­րով բե­րին մեր կեան­քին՝ ա­ռիթ դառ­նա­լով ազ­գա­յին հա­մախմբ­ման, մեր սրտե­րուն մէջ հա­ւատ­քի ու հայ­րե­նեաց սի­րոյ զօ­րաց­ման, ամ­րապն­դե­լով ար­դա­րու­թեան հաս­նե­լու վստա­հու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դին։

Ան­ցեալ տա­րի ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ ձեռք­բե­րում­նե­րուն հետ ու­նե­ցանք նաեւ դժուա­րու­թիւն­ներ ու հո­գեր, նաեւ՝ ան­հանգս­տու­թիւն­ներ ու ցա­ւա­լի կո­րուստ­ներ։ Մեր ժո­ղո­վուր­դը ար­ժա­նա­պա­տուօ­րէն, ա­րիա­սիրտ, միա­ւո­րեալ ջան­քե­րով դի­մա­կա­յեց բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, պաշտ­պա­նեց հայ­րե­նի երկ­րի սահ­ման­նե­րը, մեր կեան­քի խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ թանկ գնով ձեռք բե­րուած նուա­ճում­նե­րը։ Միաս­նա­կա­նու­թեան այս ո­գիով սի­րե­լի­ներ, եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ դի­մա­ւո­րենք Նոր տա­րին։ 2016 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ պի­տի տօ­նախմ­բենք մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման 25-րդ տա­րե­դար­ձը։ Ազ­գի եւ պե­տու­թեան հզօ­րու­թեան նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ Հայ­րե­նի­քի եւ Սփիւռ­քի մէջ ի­րա­րու ա­ջա­կից՝ ա­մէն կա­րե­լիու­թիւն ներդ­նենք շէ­նաց­նե­լու մեր եր­կի­րը, բա­րօր դարձ­նե­լու մեր կեան­քը եւ լու­սա­ւոր՝ մեր ա­պա­գան։

Տա­րե­մու­տի այս ե­րե­կո­յեան, Սուրբ Ծննդեան նա­խա­սե­մին ա­ռա­տաց­նենք մեր ա­ղօթ­քը աշ­խար­հի, մեր երկ­րի ու ժո­ղո­վուր­դի խա­ղաղ ու ա­պա­հով կեան­քին հա­մար։ Յի­շենք կա­րօ­տեալ­նե­րը, նե­ղեալ­նե­րը, հի­ւանդ­ներն ու վշտա­ցեալ­նե­րը, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ պա­տե­րազ­մա­կան փոր­ձու­թիւն­նե­րը կրող մեր եղ­բայր­ներն ու քոյ­րե­րը եւ մեր երկ­րի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րուն մէջ ապ­րող մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը՝ մեկ­նե­լով ա­նոնց սա­տա­րու­մի եւ ա­ջակ­ցու­թեան մեր ձեռ­քը։ Ա­ղօթք բարձ­րաց­նենք մար­տե­րու մէջ հե­րո­սա­բար զո­հուած մեր որ­դի­նե­րուն, մեր երկ­րի սահ­ման­նե­րը անձ­նուի­րու­մով պաշտ­պա­նող քա­ջա­րի մեր բա­նա­կի զի­նուոր­նե­րուն եւ հրա­մա­նա­տար­նե­րուն հա­մար։

Առ Աս­տուած ա­ղօթ­քով կը հայ­ցենք նոր ձեռք­բե­րում­ներ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, մեր Ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն, մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն։ Ա­պա­հո­վու­թիւն՝ ըն­տա­նիք­նե­րուն, պան­ծա­լի եւ բա­րի ծա­ռա­յու­թիւն՝ մեր բա­նա­կի մար­տիկ­նե­րուն, երկ­նա­յին շնորհ եւ սէր՝ մեր մա­նուկ ու ե­րի­տա­սարդ զա­ւակ­նե­րուն, օրհ­նու­թիւն՝ հա­մայն հա­յոց կեան­քին։

Շնոր­հա­ւոր Նոր տա­րի։ Բա­րի եւ օրհ­նեալ տա­րի։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016