ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՊՐՈՒԵՑԱՒ ՏԻՐՈՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Նիւ Եորք քաղաքի սրտին վրայ կառուցուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդանիստ գեղակերտ Ս. Վարդան մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստ-ւածայայտնութեան տօնը:
Յունուար 5-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը՝ հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ: Պատարագիչն էր Առաջնորդի Փոխանորդ Տ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան: Իսկ Յունուար 6-ին, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագը մատոյց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան: Աւելի քան եօթ հարիւր հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան հոգեպարար այս արարողութեան: Ներկայ էին նաեւ Տ. Եղիշէ Արք. Կիզիրեան, Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս Քհնյ. Չեւեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Քատէհճեան: Զոյգ օրերու երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Վարդան մայր տաճարի դպրաց դասը՝ ղեկավարութեան խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ֆլորենս Աւագեանի:
Հաւանութեամբ Թեմակալ Առաջնորդին եւ Առաջնորդարանի Զարգացման բաժանմունքի կարգադրութեամբ՝ առաջին անգամն ըլլալով կրօնաշունչ այս արարողութեան, նոյն պահուն, աւելի քան երկու հազար հոգիներ կրցան հետեւիլ համացանցի միջոցաւ:
Պատարագիչ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ նախ իր խորհրդածականը ըրաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին մասին, ապա խօսեցաւ այն կտակին մասին, զոր եղեռնին զոհուած մեր բիւրաւոր նահատակները ժառանգ ձգած են յաջորդ սերունդներուն: Կտակ մը՝ որ մահուան պատասխանեց վերապրելով, աւերումին՝ նորաստեծութեամբ: Կտակ մը, որ դիմացաւ ողբերգութեան, սակայն երբեք որեւէ ողբերգութիւն չպատճառեց այլոց: Նուէր մը՝ որ առաջնորդեց եւ կÿառաջնորդէ մեզ մեր կեանքի ընթացքին: Իւրաքանչիւր սերունդ, որ ժառանգած է այս կտակը, պարտականութիւն ունի վերանորոգել զայն եւ իր կարգին փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, որուն կնքահայրն էր վերջերս կազմուած Ս. Վարդան մայր տաճարի խորհուրդի ատենապետ եւ ծանօթ ազգային Ճորճ Մարութեան: Արարողութենէն ետք՝ Ս. Միւռոնով օրհնուած ջուրը, փոքրիկ մասնաւոր գաւաթներու մէջ, բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն:
Աւանդութիւն դարձած Ս. Ծնըն-դեան ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի «Հայկ եւ Ալիս» շքեղ հանդիսասրահին մէջ, ուր հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն եւ օրհնուած նշխարներ բաժնուեցան ներկաներուն: Ընդունելութեան ընթացքին Պրուքլինի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հայ դպրոցի աշակերտներու «Աստղիկներ» համոյթը յաջող ելոյթ մը ունեցաւ՝ խանդավառելով ներկաները: