ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՆՈՒԱԾ՝ ՄԻՔԵԼԱՆՃԵԼՈՅԻ ՍԵՓԱԿԱՆ ՏՈՒՆԸ
Իտալիոյ Սիենա քաղաքէն ոչ շատ հեռու վաճառքի հանուած է Վերածնունդի դարաշրջանի մեծագոյն վարպետներէն մէկուն՝ քանդակագործ եւ նկարիչ Միքելանճելօ Պուոնարրոթիի, պատկանած սեփական տունը:
Հանճարեղ արուեստագէտը ութ ննջասենեակ ունեցող տունը ձեռք բերած է1549 թուականին, եւ մինչեւ 1867 թուականը անշարժ գոյքը պատկանած է Պուոնարրոթիներու տոհմին: Խաղողի որթատունկերով շրջապատուած տունը, ուրկէ աննկարագրելի գեղեցիկ տեսարաններ կը բացուին դէպի Թոսքանայի լեռները, կարելի է գնել 7.5 միլիոն եւրոյով:
Հետաքրքրական է, որ 11-րդ դարուն կառուցուած տունը իր գոյութեան ընթացքին ունեցած է ընդամէնը երեք սեփականատէր, որմէ մէկը Միքելանճելոն էր։