ՄԱՍԻՍ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Պերլինաբնակ երգիչ, երգահան Մասիս Առաքելեան «Կռունկ» խորագիրը կրող երկու համերգով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի մէջ՝ Փետրուար 5-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնէն ներս, Փետրուար 9-ին՝ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնէն ներս:
Թենոր Մասիս Առաքելեան իր ուրոյն մշակումով ունկնդիրին պիտի ներկայացնէ հայկական դասական երգեր անցնող երեք հարիւր տարիներէն: Անոր հետ ելոյթ պիտի ունենայ դաշնակահար Արմէն Աղաճանեան:
Պարսկաստան ծնած Մասիս Առաքելեանը իր առաջին մրցանակին արժանացած է տասներեք տարեկանին: Օփերային երգեցողութիւն եւ յօրինել ուսանած է Պերլինի մէջ, ուր հիմնադրած է եւ ղեկավարած հայկական համայնքի երգչախումբը: 2013 թուականին երիտասարդ երգահանը թողարկած է «Կռունկ» ձայներիզը, ուր զետեղուած են Կոմիտասի, յայտնի այլ երգահաններու, ինչպէս նաեւ իր սեփական ստեղծագործութիւններն ու փոխադրումները: