Կիրակի 23, Փետրուար 2025
ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Երէկ, Բարեկենդանի առթիւ ոգեւոր օր մը ապրուեցաւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի ձեռամբ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ Կոմիտաս Դպրաց Դաս-երգչախումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։ Օրուան մթնոլորտին համապատասխան յարդարուած ու զարդարուած սրահին մէջ մեծ ոգեւորութիւն ապրեցան թէ՛ երէցները եւ թէ փոքրիկները։ Հտպիտի մը հսկողութեամբ տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց։ Ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուած բոլոր ներկաները անմոռանալի պահեր ապրեցան Գուրուչէշմէի մէջ Բարեկենդանի առթիւ։
Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016