Կիրակի 23, Փետրուար 2025
ՄԵՐՔԷԼ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ այսօր կ՚այցելէ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ ան կը տեսակցի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան գաղթականներու վերաբերեալ խնդիրները։ Վերջին չորս ամսուան ընթացքին Տավուտօղլու եւ Մերքէլ արդէն հինգերորդ անգամ կը տեսակցին այս հրատապ հարցին շուրջ։ Մերքէլ երկրորդ անգամ կ՚այցելէ Թուրքիա եւ շփումներու այս խտութիւնը ցոյց կու տայ, որ երկու երկիրները սերտ համագործակցութեան մէջ կը գտնուին այս խնդրին առընչութեամբ։
Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016