ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Անգարայի մէջ տեսակցեցան Միացեալ Նահանգներու հրէական ազդու կազմակերպութիւններու ղեկավարներէն բաղկացեալ պատուիրակութեան մը հետ։ ADL-ի եւ AJC-ի նման մեծ կազմակերպութիւններու յառաջատար անուններուն ընկերացաւ Թուրքիոյ հրեայ համայնքի նախագահ Իսհաք Իպրահիմզատէհ։ ԱՄՆ-ի հրէական կազմակերպութիւններու նախագահներու խորհրդաժողովին գլուխը գտնուող Մալքոլմ Հէօնլէյն, որ գլխաւորեց պատուիրակութիւնը, ծանօթ է Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ ունեցած սերտ կապերով։
Կը հաղորդուի, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան «Մավի Մարմարա»ի ճգնաժամին յաջորդած ներկայ ժամանակաշրջանին Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ վերջին շրջաններու քայլերը։