ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԲՈՂՈՔԸ՝ ԱՄՆ-ԻՆ
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն միջեւ վերջին օրերուն կ՚ապրուի տարակարծութիւն մը։ Թէեւ միջոցէ մը ի վեր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հանդէպ ցուցաբերուած ընտրովի մօտեցման բերումով Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ կ՚ապրուին որոշ անհամաձայնութիւններ, սակայն երէկ այդ երեւոյթը հասաւ ճգնաժամի մը մակարդակին։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց, թէ ամերիկեան կողմը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չի համարեր ՓԵՏ-ն։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա ՓԵՏ-ն կը համարէ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ թեւը։
Բանբեր Քըրպիի յայտարարութիւններուն բերումով, երէկ, Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Պեսս հրաւիրուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Այս առթիւ պաշտօնապէս իր նկատառման յանձնուեցաւ ՓԵՏ-ի եւ ԵՓԿ-ի պարագային ԱՄՆ-ի որդեգրած դիրքորոշման Թուրքիոյ տեսանկիւնէն պատճառած անհանգստութիւնը։
Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ այս նիւթին կապակցութեամբ հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Վաղը այդ օձը ձեզի ալ կը խայթէ»։
Հարկ է յիշեցնել, թէ Անգարայի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն Ուաշինկթընին կոչ ուղղած էր՝ նախընտրութիւն մը ընել Թուրքիոյ եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն միջեւ։