ԱԲԵՂԱԹՈՂԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի վե­ղա­րա­ւոր միա­բան­նե­րը Բա­րե­կեն­դա­նի առ­թիւ սի­րոյ սե­ղա­նի մը շուրջ հա­մախմ­բուե­ցան Պատ­րիար­քա­րա­նի սե­ղա­նա­տան մէջ։ Ա­նոնք փա­փա­քած էին վե­րա­կեն­դա­նաց­նել վա­նա­կան հնա­մե­նի սո­վո­րու­թիւն մը՝ «Ա­բե­ղա­թող»ը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ սար­քուե­ցաւ այս սե­ղա­նը, ո­րու շուրջ միա­բան­նե­րը հա­ճե­լի պա­հեր ապ­րե­ցան եր­գե­լով ու յի­շա­տակ­նե­րու վեր­յի­շու­մով։ Ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մէջ ա­նոնք խօ­սե­ցան նաեւ ե­կե­ղե­ցա­կան զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը հան­դէս ե­կաւ հա­կիրճ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց միա­բան հայ­րե­րու այս մէկ­տե­ղու­մին մա­սին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Մեծ պա­հոց շրջա­նին առ­թիւ կա­րո­ղու­թիւն մաղ­թեց միա­բան հայ­րե­րուն։

Ա­բե­ղա­թո­ղը հայ­կա­կան հնա­մե­նի վա­նա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն մին է։ Բա­րե­կեն­դա­նի առ­թիւ ժո­ղո­վուր­դը տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րով, խրախ­ճանք­նե­րով կ՚ապ­րի դրախ­տա­յին եր­ջան­կու­թիւն։ Նոյն­պէս վան­քե­րէ ներս ալ ան­ցեա­լի մէջ վա­նա­կան­նե­րը այդ օ­րը կը թուլց­նէին խիստ կար­գա­պա­հու­թիւ­նը ու վա­նա­կան­ներ ի մի հա­ւա­քուե­լով կը կազ­մա­կեր­պէին ու­րա­խու­թեան պա­հեր։ Բո­լոր աս­տի­ճան­նե­րէ վա­նա­կան­նե­րը հա­ւա­սար ի­րա­ւուն­քով կը մաս­նակ­ցէին Ա­բե­ղա­թո­ղի տօ­նախմ­բու­թեան։ Կրտսեր միա­բան­նե­րէն մին կը կո­չուէր օ­րուան մե­ծա­ւո­րը։ Ըստ նոյն սո­վո­րու­թեան՝ Գում­գա­բուի մէջ ալ Ա­բե­ղա­թո­ղի օ­րուան պատ­րիար­քը ընտ­րե­ցաւ կրտսե­րա­գոյն միա­բա­նը՝ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016