ՀԱԼԷՊԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ
Շատ արագ զարգացումներ կը գրանցուին սուրիական տագնապի օրագրութեան մէջ: Այսպէս, դարձեալ լոյսին կը բերուի Հալէպ քաղաքը: Երեք տարիներէ ի վեր պաշարման տարբեր ձեւաչափերուն դիմացած Հալէպը այսօր միջազգային հանրութեան ուշադրութեան ամենէն առաջնակարգ դիրքը կը գրաւէ:
Չորս ամիս առաջ սկիզբ առած ռուսական օդուժին կատարած գործողութիւնները սկսած են իրենց անմիջական արդիւնքը տալ: Մէկ կողմէն քիւրտ զինեալներու եւ միւս կողմէ լիբանանեան եւ իրանական ջոկատներու օժանդակութիւնները սուրիական բանակը դրած են նոր հանգրուանի մը դիմաց: Անցնող շաբաթ ամենէն կարեւոր զարգացումը Հալէպի կեդրոնէն 35 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող «Մըննէկ» օդակայանին քրդական ջոկատներու տիրապետութեան տակ անցնիլն էր: Վերջին տարիներուն ծայրայեղականներու տիրապետութեան տակ եղած այս օդակայանը կը գտնուի կարեւոր հատման կէտի վրայ, այն իմաստով, որ օդակայանին տիրութիւն ընողը կը յաջողի նաեւ իր վերահսկողութեան տակ պահել Սուրիա-Թուրքիա սահմանին կարեւոր շերտը: Այս զարգացումները անկարելի կը դառնային, եթէ չըլլար ռուսական օդուժին երեւելի մասնակցութիւնը եւ ծանր հարուածները՝ Հալէպի ամբողջ հիւսիսին վրայ: Պէտք է նշել նաեւ, որ ռուսական ծանր հարուածներուն հետեւնաքով մեծածաւալ սուրիացիներ դարձեալ կը բռնեն գաղթականութեան ճամբան եւ կը փորձեն մուտք գործել Թուրքիա: Եւրոպացի մէկէ աւելի պատասխանատուներուն համար գաղթականներու նոր ալիքի մը արտահոսքը լուրջ եւ խոր մտահոգութիւն է, ու այդ պատճառով է նաեւ, որ անցնող օրերուն գերման մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ, որոնց կարգին Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ, կը փութան Անգարա հասնիլ եւ իրենց թուրք գործընկերներուն բազմապիսի առաջարկութիւններ ընել միայն, թէ սուրիացի գաղթականները իրենց ուղղութեան նշանակէտը Եւրոպան չդարձնեն:
Սուրիացի գաղթականները այսօր Եւրոպայի համար ժանտախտի համազօր վտանգ կը համարուին, ու ասոր վրայ պէտք է նաեւ գումարել գաղթականներու անուան շուրջ պտըտող ահաբեկիչի ուրուականը:
Դիւանագիտական գետնի վրայ երեւելի աշխուժութիւն մը կը գրանցուի: Մինչ բոլոր հիմնական կողմերը կը պատրաստուին Միւնիխի մէջ կայացուելիք անվտանգութեան ժողովի մը, անդին ամերիկացի եւ ռուս պատասխանատուներ կը շտապեն իրարու պատգամներ յղել: Ռուս մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ կը խօսին Սուրիոյ մէջ հրադադար մը ապահովելու իրենց պատրաստակամութեան մասին: Նոյն առումով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Ճոն Քերին լսելէ ետք՝ այս պատգամները եւ Հալէպի մէջ ընթացող ընդդիմութեան տրուելիք գրեթէ մահացու հարուածներու վտանգով կը խօսի «Փլան Պէ»ի մը մասին: Մինչ ամերիկեան գետինը զբաղած է օրէ օր թէժացող նախագահական սուր պայքարով՝ Քերի նոր գաղտնաբառ մը գործածելով, իր ռուս պաշտօնակիցներուն նոր որակի նամակներ կը յղէ:
Ուշագրաւ է ռուսական կեցուածքը, որուն համար ըստ երեւոյթին հարկաւոր չէ Հալէպի մէջ ջախջախիչ յաղթանակ մը տանիլ: Հալէպը «մաքրագործել»ը արաբներու բառարանին մէջ առաջին հերթին կը նշանակէ սիւննի աշխարհին պարտութիւնը: Ու հակառակ առկայ ամէն տեսակի լարուածութեան՝ բացորոշ է, որ Մոսկուա հետամուտ չէ այդ քայլին երթալու: Կարեւոր է նաեւ հաշուի առնել Քրեմլինի կողմէ եղած կանխահաս յայտարարութիւնը, ուր ռուս քաղաքականութեան հիմնական հնոցը կը յայտնէր յառաջիկայ Մարտի կէսերուն Սէուտական Արաբիոյ Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին Մոսկուա տալիք եւ Նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ ունենալիք այց-հանդիպման մասին:
Վերադառնալով զինուորական գետին՝ երեւելի է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ, երբ կ՚ակնարկէ «Փլան Պէ»ի մը մասին, վստահօրէն նկատի ունի սիւննի աշխարհը զօրաշարժի ենթարկելու մասին: Այս խօսքին վաւերականութեան համար պէտք է նշել, որ Քերի այդ ծրագրին մասին կը խօսէր Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ատէլ Ժուպայրի Ուաշինկթըն տուած այցելութեան ժամանակ:
Միացեալ Նահանգներու համար յատկապէս այս հանգրուանին անցեալին կը պատկանին ցամաքային յարձակումներ գործելու ծրագիրները: Միացեալ Նահանգներ այսօր հերոս չի փնտռեր, ոչ ալ պատրաստ է նոր տիղմի մը մէջ մտնելու: Ուրեմն դրուած գրաւը սիւննի աշխարհի նոր բանակ մը պատրաստելու եւ «գործուղղելու» գրաւն է, որ կրնայ ոչ միայն սուղ արժել Ռիատին ու անոր դաշնակիցներու ուսերուն, այլ կրնայ ամբողջ Արեւելքը նոր անկանխատեսելի հետեւանքներով քաոսի մը գիրկը նետել: Արդեօք պատրաստ է՞ սիւննի աշխարհի յառաջատար երկիրը նման արկածախնդրութեան մը դիմել: Այս հարցումին պատասխանը երեւելի պիտի դառնայ յառաջիկայ ամիսներուն, բայց եւ այնպէս կարեւոր նախանշան պէտք է համարել Ռիատ-Մոսկուա գիծը, որ յառաջիկայ օրերուն աւելի բանուկ ու թերեւս աւելի արդիւնաւէտ կրնայ դառնալ:
Այս պատճառներով է նաեւ, որ Հալէպի ճակատամարտը ցանկալի խաղ մը չէ ո՛չ միայն Ռիատին ու Արեւմուտքին, այլ նաեւ Ռուսաստանին համար, որուն տեսանկիւնէն սիւննիները պիտի դառնան ապագայ Սուրիան միասին կերտելու իրական գործընկերներ:
Հայկական գետնի վրայ, մինչ Հալէպի հայ բնակիչները առանց աղաղակելու իրենց խաչը կրելով կը շարունակեն գոյատեւել եւ պայքարիլ, անդին Միացեալ Նահանգներու մէջ կարեւոր համարուած նախաձեռնութեամբ մը «Սուրիոյ օգնութեան ֆոնտ»ը (SARF) կը պատրաստուի դրամահաւաքի Թելենթոն մը իրականացնել:
Մինչ տարբեր մարմիններ ինչ-ինչ զոհողութիւններով դրամական աղբիւրներ կ՚ապահովեն, անդին Հալէպ ապրող հայրենակիցներու մեծ տոկոս մը բաւական երեւելի ու մեծ թիւերով կը հեռանայ մասնաւորապէս դէպի Գանատա: Գանատական կառավարութիւնը աւելի վաղ յայտարարած էր, որ մինչեւ այս՝ Փետրուար ամսուան աւարտը կը պատրաստուի ընդունիլ շուրջ հազար գաղթականներ: Գաղտնիք չէ, որ մեր հայրենակիցները դրախտ չեն երթար, բայց աւելորդ է նաեւ զիրենք այպանել այս որոշումին կապակցութեամբ: Այս առումով նոյնպէս մտահոգիչ է Հալէպէն, Դամասկոսէն ու այլ շրջաններէ Երեւան հաստատուած մեր հայրենակիցներու իրավիճակը, ու այսօր քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք նոյնպէս իրենց հերթին կը սպասեն, որպէսզի նախ Պէյրութ երթան ու ապա համապատասխան թուղթերը լրացնելէ ետք հեռանան դէպի գանատական ափեր:
Այս իրադրութեան մէջ դիմադրողական կեանքով ապրող հալէպահայերը կը յուսան, որ ինչպէս անցնող հանգրուաններուն, այս հանգրուանին եւս սեւ ամպերը հեռանան իրենց երկինքէն ու զինուորական բաւական լարուած մթնոլորտը փարատի, իր տեղը ձգելով քաղաքական լուծումներու յուսատու հանգրուանի մը:
Պէտք չէ մոռնալ, որ հայկական Հալէպը Միջին Արեւելքի ընդհանուր ֆոնին վրայ կարեւոր եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող գաղութ մըն է, որուն գոյատեւումը հայութեան համար անշահարկելի հրամայական է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան