ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շաբաթավերջին Միւնիխի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան խորհրդաժողովին բերած մասնակցութեան շրջագծով ան մէկտեղուեցաւ միջնորդներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիքի (Միացեալ Նահանգներ), Փիէռ Անտրէօի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան եւ համանախագահները շարունակեցին քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Այս առթիւ Նալպանտեան մասնաւորապէս ըսաւ.
«Արհամարհելով միջազգային հանրութեան հասցէական կոչերը՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել հրադադարի հաստատման եւ ամրապնդման եռակողմանի համաձայնագրերը, հրաժարիլ հրադադարի խախտման դէպքերու հետաքննութեան դրութեամբ ստեղծումէն, կը փորձէ տեղափոխել հիմնահարցի կարգաւորման քննարկումները այլ ձեւաչափեր, Մինսքեան խմբակի համանախագահական ձեւաչափի քննադատութիւնը։ Այս բոլորը կը վկայեն, որ Պաքու ամէն ինչ կ՚ընէ՝ խաթարելու համար կարգաւորման գործընթացը։ Աւելի՛ն՝ ատրպէյճանական կողմի այդ գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ համանախագահներու հետ հանդիպումէն հրապակային հրաժարումը կը նպաստեն կարգավիճակի պահպանման. բան մը, որուն մշտապէս դէմ հանդէս կու գան համանախագահ երկիրները եւ Հայաստան»։
Եդուարդ Նալպանտեան վերահաստատեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ եռանախագահ երկիրներու հետ համատեղ ջանքերը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման։
Միւս կողմէ, Միւնիխի մէջ Նալպանտեան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս շրջագծով ան տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վիքթորիա Նուլանտի հետ։ Օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներու։