ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ վերիվայրումներու մթնոլորտին մէջ մանաւանդ Սուրիոյ եւ Իրաքէ ներս ստեղծուած ապակայուն կացութեան ազդեցութեամբ Թուրքիա կը շարունակէ յամառ պայքար մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Իրաքի պարագային Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր օդային ռմբակոծումներու միջոցաւ կը ջանայ չէզոքացնել անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան սպառնալիքները։ Շաբաթավերջին այս տեսանկիւնէն Թուրք զինեալ ուժերուն պայքարը նոր հանգրուան մը թեւակոխեց։ Արդարեւ, բանակը սկսաւ ռմբակոծել ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի դիրքերը։ Ծանօթ է, որ անոնք ՓՔՔ-ի Սուրիոյ շառաւիղները կը համարուին։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի մերձակայքին ծանր հարուածներ հասցուեցան շուրջ յիսուն թիրախներու։ Սուրիոյ պարագային բանակը այս գործողութիւնները կը կազմակերպէ թնդանօթներով։ Զինեալ ուժերու հարուածներուն կ՚ենթարկուին նաեւ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այս գործողութիւններուն հիմնական նպատակն է յարձակումներէ զերծ պահել Ազէզը եւ անոր մերձակայ Մինիղը, ուր կը գտնուի ուղղաթիռներու խարիսխ մը։
Մինչ գործողութիւնները կ՚ընթանան՝ Վարչապետ Ահմէտ Տավուօղլուն ալ շփում կը պահէ աշխարհի մայրաքաղաքներուն հետ։ Ան հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Սպիտակ տան աղբիւրներու հաղորդումներով, Ուաշինկթըն ՓԵՏ-ին կը յանձնարարէ առկայ իրավիճակը չչարաշահել, իսկ Անգարային կոչ կ՚ուղղէ դադրեցնել ռմբակոծումները։ Տավուտօղլու կապի մէջ անցաւ նաեւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ ու շեշտեց, թէ ՓԵՏ-ի թիրախն է նաեւ Եւրոմիութիւնը։
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Ամերիկեան կողմը ներկայիս կ՚ակնկալէ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդային յարձակումներու կասեցուիլը։