ՆՈՐ ՊՈԼՍՈՅ ԱՅԳԱԲԱՑԸ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը շաբաթավերջին իսթանպուլահայութեան տեսակէտէ կարեւոր ժամադրութիւն մը կազմակերպած էր։ «Անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկին» խորագրով կազմակերպուած ձեռնարկը, առաջին հերթին, գիրքի շնորհանդէս մըն էր։ Խորքին մէջ, սակայն, շնորհանդէսէ մը, մշակութային ձեռնարկէ մը շատ աւելին էր կազմակերպուածը։ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք գիրքերուն ծանօթացումը առիթ հանդիսացաւ մեր հաւաքական կեանքին տեսակէտէ շարք մը կարեւոր հանգամանքներու քննարկման։
Ակնյայտ է, որ ներկայիս ամբողջ հայաշխարհին մօտ աննախընթաց հետաքրքրութիւն մը ստեղծուած է թրքահայութեան նկատմամբ։ Այդ հետաքրքրութիւնը պայմանաւորուած է զանազան հանգամանքներով, ինչ որ բազում երանգներ կ՚աւելցնէ մեր համայնքի օրակարգին վրայ։ Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ Սփիւռքէն հրաւիրուած հեղինակաւոր մտաւորականներու փոխանցած պատգամը չափազանց մեծ նշանակութիւն ունեցաւ այդ օրակարգին շուրջ միտք յոգնեցնելու, անոր յստակութիւն մտցնելու եւ համապատասխան ձեւով հանրային կարծիք պատրաստելու տեսանկիւնէն։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած այս ժամադրութեան հնարաւորութիւնը, ըստ երեւոյթին, արժեւորուեցաւ լիուլի։ Սրահին մէջ ներկայ էին բազում մարդիկ, որոնք առաջին հերթին գրասէրի, ընթերցասէրի գլխարկը կը կրէին։ Սակայն, անոնց շարքին էին մեր համայնքի զանազան խաւերն ու շրջանակները ներկայացնող ազդու անձեր, որոնց մասնակցութեամբ կատարուած մտային վարժանքը, վստահաբար, յառաջիկայ շրջանին կրնայ ներազդել մեր հաւաքական օրակարգի քննարկումներուն վրայ։ Սփիւռքէն ժամանած մտաւորականները եզակի ու շահեկան խորհրդածութիւններով հանդէս եկան մեր համայնքին նկատմամբ ստեղծուած հետաքրքրութեան եւ անոր վերաբերեալ ակնկալութիւններուն շուրջ։ Հիւրերն ալ, իրենց հերթին առաջին հայեացքով կը կրէին մտաւորականի գլխարկը, սակայն միայն այդքան չէր։ Անոնք ալ բազմակողմանի անհատներ էին, որոնք ունին ընդունակութիւնը Սփիւռքի զարկերակը զգալու եւ հաւանական ուղղութիւններուն շուրջ հոտառութիւն զարգացնելու։ Անոնց տեսանկիւնէն ալ անանտեսելի նշանակութիւն ունեցաւ նման լսարանի մը հետ շփումը, այդպիսի մթնոլորտ մը շնչելը։
Թէ՛ ներքին հաւասարակշռութիւններու իմաստով եւ թէ իրմէ դուրս լծակներու վերաբերմունքին առումով նոր Պոլիս մը կը ձեւաւորուի ներկայիս, անշուշտ նոր հայ Պոլիս մը։ Ուղղակի կամ անուղղակի բազում գործօններ այս երեւոյթի ընթացքին վրայ կրնան ազդել յառաջիկայ շրջանին։ Յամենայնդէպս, շաբաթավերջին «Անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկին» ժամադրուածները միասնաբար ողջունեցին նոր Պոլսոյ այգաբացը՝ անշուշտ գաղափարական հարթութեան վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ