ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Վրաստանի դեսպան Թենկիզ Շարմանաշվիլին, որ այս շրջանին կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանէ ներս։ Վրացի դեսպանը հրաժեշտի այցելութեան փութացած էր Վեհափառ Հայրապետին մօտ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ պետական զանազան մակարդակներու վրայ ձեւաւորուած համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ հայ եւ վրաց ժողովուրդներու դարերու պատմութեամբ կապերուն։ Խօսուեցաւ նաեւ Հայոց եւ Վրաց եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն եւ վիրահայութեան հոգեւոր-եկեղեցական կեանքէն ներս առկայ խնդիրներուն մասին։
Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը դեսպանի հետագայ գործունէութեան համար յղեց յաջողութեան մաղթանքներ եւ յոյս յայտնեց, թէ ան պիտի շարունակէ բերել իր աջակցութիւնը հայ-վրացական կապերու առաւել զօրացման։