Տ. ԶԱՔԷՈՍ Ծ. ՎՐԴ. ՕՀԱՆԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան հայրերէն՝ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, 10 Փետրուար, Չորեքշաբթի, մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ուր մասնակցեեցաւ Ազգային եկեղեցական ժողովի Կազմակերպման յանձնախումբի նիստին, որ տեղի ունեցաւ 12 Փետրուարին։
Ժողովին կը մասնակցէին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները։ Ժողովին ատենապետեց Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատուրեան։
Ժողովին նպատակն էր կազմակերպել 2017-ին նախատեսուած Ազգային եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատութիւնները տանիլ։
Ժողովի անդրանիկ նիստին ատենապետ սրբազան հայրը ողջունեց ներկայ հոգեւորականները եւ յաջողութիւն մաղթեց կատարելի աշխատութիւններուն համար։ Օրակարգի եկան չորս գլխաւոր կէտեր.
Պատրաստական աշխատանքներու վայրը ճշդել,
Ազգային եկեղեցական ժողովի պատգամաւորներու ընտրութեան կարգը,
Ազգային եկեղեցական ժողովի օրակարգի ներկայացում,
Ներկայ եկեղեցական հարցերու համակարգում։
Ժողովի առաջին նիստի մասին ատենապետ սրբազան հայրը յաջորդ օրերուն տեղեկութիւն փոխանցեց նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն։ Ազգային եկեղեցական ժողովի վերջնական թուականը պիտի որոշուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ։
Ժողովականները Ս. Զատկէն յետոյ Մայիս ամսուան ընթացքին կրկին պիտի մէկտեղուին։ Պատրաստական աշխատութիւնները կատարելու համար սահման-ւած է նաեւ աշխատանքային խումբ մը։
Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան քաղաքս վերադարձաւ 16 Փետրուարին։