ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ազ­գա­յին բա­րե­րար Սէր­կէյ Սար­գի­սո­վին (Ռու­սաս­տան) շնոր­հեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» պա­տուոյ բարձ­րա­գոյն շքան­շա­նը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը Սէր­կէյ Սար­գի­սո­վը պար­գե­ւատ­րեց՝ բարձր գնա­հա­տե­լով ա­նոր կող­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար մա­տու­ցուած ազ­գա­նուէր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։

Պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Մայր Ա­թո­ռի Տե­ղե­կա­տուա­կան հա­մա­կար­գի տնօ­րէն Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան նշեց, որ ե­կե­ղե­ցա­կան ան­դաս­տա­նը ա­ւե­լի կը պայ­ծա­ռա­նայ շնոր­հիւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու եւ աշ­խար­հա­կան­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան։ Մե­ծա­րեա­լին մա­սին դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի բա­րե­րար եւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ան­դամ Ռու­բէն Վար­դա­նեան։ Այ­նու­հե­տեւ «Էջ Միա­ծինն ի Հօ­րէ» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ վե­րա­բե­րուե­ցա հայ­րա­պե­տա­կան սրբա­տառ կոն­դա­կը, զոր ըն­թեր­ցեց Մայր Ա­թո­ռի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։ Սրբա­տառ կոն­դա­կի ըն­թեր­ցու­մէն վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մե­ծա­րեա­լին կուրծ­քը զար­դա­րեց Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տուոյ բարձ­րա­գոյն շքան­շա­նով։ Սէր­կէյ Սար­գի­սով այս կա­պակ­ցու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քով մը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը հան­դէս ե­կաւ գնա­հա­տան­քի խօս­քով ու մատ­նան­շեց Թիֆ­լի­զի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման կա­րե­ւոր ծրագ­րին շրջագ­ծով Սէր­կէյ Սար­գի­սո­վի եւ Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի դրսե­ւո­րած ո­գին։

Այս պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ռըն­թեր, շա­բա­թա­վեր­ջին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ու­նէր զա­նա­զան հիւ­րեր։ Այս­պէս, ան ըն­դու­նեց Հռո­մի Կա­թո­լիկ հա­մալ­սա­րա­նի «Ա. Ճե­մել­լի» հիմ­նադ­րա­մի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ Յի­շեալ հա­մալ­սա­րա­նի Բժշկա­կան ֆա­քիւլ­թէի նա­խա­գահ Փրոֆ. Ռոք­քօ Պե­լան­թո­նէ, «Ա. Ճե­մել­լի» հա­մալ­սա­րա­նա­կան հի­ւան­դա­նո­ցի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Տքթ. Էն­րի­քօ Ծամ­պեր­թի եւ նոյն հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գա­հի մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րով խորհր­դա­տու դես­պան Փաո­լօ Տիո­նի­զի ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ։ Հիւ­րե­րուն ու­ղեկ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ե­րես­փո­խան­նե­րէն Խոս­րով Յա­րու­թիւ­նեան։ Հիւ­րե­րը, ո­րոնք այ­ցե­լած էին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած «Իզ­միր­լեան» բժշկա­կան կեդ­րո­նը, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին փո­խան­ցե­ցին ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք կա­րե­ւո­րե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ո­լոր­տէն ներս։

Բաց աս­տի, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ի­րա­նի Մշա­կոյ­թի եւ իս­լա­մա­կան կա­պե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Ա­պու­զար Իպ­րա­հի­մի Թոր­քա­մա­նիի հետ։ Հարկ է նշել, որ այս վեր­ջի­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի խորհր­դա­կանն է։

Միւս կող­մէ, Մեծ պա­հոց շրջա­նին, ա­մէն Ուր­բաթ, Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան դպրոց­նե­րէն ա­շա­կերտ­ներ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ կ՚ըն­թեր­ցեն Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տի «Հա­ւա­տով խոս­տո­վա­նիմ» ա­ղօթք­նե­րը։ Մայր Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ գոր­ծող «Էօր­նէ­քեան» վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը ան­ցեալ Ուր­բաթ մաս­նակ­ցե­ցան այս ծրագ­րին։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մա­նուկ­նե­րուն եւ պա­տա­նի­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւնն ու գնա­հա­տան­քը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016