Երուսաղէմի պատրիարքը անցաւ քաղաքէս…
Երուսաղէմի պատրիարքը այս վերջերս անցաւ քաղաքէս։ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներուն մօտ։ Օրեր շարունակ անդրադարձանք իր ուղեւորութեան մանրամասնութիւններուն՝ լսումներու կամ մեզի փոխանցուած անպաշտօն լուրերու հիման վրայ։
Երուսաղէմի պատրիարքը վերջին տարիներուն ջուրի ճամբայ դարձուցած է Պոլիսը։ «Անպաշտօն», «մասնաւոր» այցելութիւններ կու տայ մեր քաղաքը։ Այդ առեղծուածային այցելութիւններուն երբեմն պատահաբար տեղեակ կը դառնանք ու կ՚արձագանգենք անմիջապէս։ Հաւանական է, բնականաբար, որ ընթացքին եղած ըլլան այցեր, որոնք մեր ուշադրութենէն սպրդած ըլլան։ Պատրիարքը կը նախընտրէ միշտ մնալ մշուշներու ետին։ Կը սիրէ պահուըտուք խաղալ։
Այս բոլորը, կարծես, արդէն սովորական դասուիլ սկսած էին, սակայն վերջին այցելութիւնը էապէս տարբեր էր միւսներէն։ Նախորդ այցելութիւններու պարագային միշտ կը պնդուէր, որ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան կը զբաղի Սուրբ Աթոռի Թուրքիոյ սահմաններու երբեմնի այն կալուածներով, որոնց սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու հաւանականութիւնը ունի՝ դատական ճանապարհով։ Մէկ կողմէ կը շփուէր փաստաբաններու հետ, իսկ միւս կողմէ կը դեգերէր պանդոկներու մուտքասրահներուն մէջ։
Այս վերջին այցը, սակայն, տարբեր էր նախորդներէն, ինչ որ ունի երկու պատճառ։ Առաջինը՝ պնդուեցաւ, որ պատրիարքը կարճ այց մը տուած է Անգարա։ Երկրորդը՝ ան այցելեց Օրթագիւղի եկեղեցին ու պնդուեցաւ, որ թաղային խորհուրդը պիտի օգնէ Սրբոց Յակոբեանց վանքին։ Այս երկու կէտերը անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան հանրային կարծիքին մօտ։ Պատրիարքին քաղաքիս բարեկամական շրջանակն ալ, որ անցեալի մէջ երբեմն կը միջամտէր՝ ամէն ինչը բնականոն հունի մը մէջ ձեւացնելու համար, այս անգամ ընդհակառակն՝ փորձեց խորացնել պղտորութիւնը։ Անգարա այցի պարագան թաղուեցաւ ստեղծուած հարցականներուն մէջ։ Շատ հետաքրքրական էր նաեւ Օրթագիւղի պարագան։ Մեծ անհանգստութիւն յառաջացաւ Օրթագիւղի մօտ օգնութեան վերաբերեալ լուրերուն բերումով, վրայ հասաւ նաեւ համայնքային շրջանակներուն բողոքը։ Այդքան անհանգստանալով հանդերձ, լսումները անհիմն ձեւաձնելու փորձերով հանդերձ, թաղային խորհուրդը խուսափեցաւ հերքում մը տալէ։ Այս հակասութիւնը պատճառ դարձաւ, որ հարցականները շարունակեն մնալ առկայ՝ հանրային կարծիքին մօտ։ Նոյնիսկ Պատրիարքարանի աղբիւրները չթաքցուցին իրենց զարմանքը այս մասին։ Արդարեւ, Պատրիարքարանի պաշտօնական վաքըֆ մը չըլլալուն պատրուակով, Օրթագիւղ չկամութիւն ցուցաբերեր է անոր օժանդակելու համար, իսկ հիմա արդէն պնդում մը յառաջացած է արտասահմանի աթոռի մը օժանդակելու մասին։ Թէկուզ լսումները իսկապէս ճիշդ չեն, սակայն շատ աւելի համոզիչ ու հիմնաւորեալ ձեւ մը պիտի ըլլար՝ պաշտօնական լուսաբանութեան մը տրուիլը։
Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի այս վերջին այցը առիթ հանդիսացաւ նաեւ մեր Պատրիարքական Աթոռի վերաբերմունքի բիւրեղացման։ Գումգաբու սովորաբար տեղեակ կ՚ըլլայ Երուսաղէմի պատրիարքի նման առեղծուածային այցելութիւններէն։ Պատրիարքարանը քանիցս անհանգստութիւն յայտնած է այցելութիւններու այս ձեւին շուրջ՝ մանաւանդ, որ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան քաղաքս կու գար նոյնիսկ առանց սքեմի մը։ Անշուշտ, միշտ ապարդիւն։ Այս վերջին այցելութենէն առաջ Երուսաղէմի պատրիարքը փափաքած է դիմաւորուիլ Հրաշափառի արարողութեամբ, սակայն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի բացակայութեան բերումով նման կարգադրութիւն մը չէ կատարուած։
Ուրեմն այսպէսով ամփոփենք պատրիարքի վերջին այցելութեան թղթածրարը։ Մաղթենք յաջորդ այցը ըլլայ աւելի պատշաճ ու իր հանգամանքին յարիր։ Այսպէսով ան պիտի կարենայ նաեւ ժամանակ խնայել ու չզբաղիլ հետապնդումով այն մարդկանց, որոնցմէ կը կասկածի՝ մամուլին խապրիկներ փոխանցած ըլլալու մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ