Երկուշաբթի 24, Փետրուար 2025
ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Մինչ ահաբեկչութեան դէմ լայնածաւալ պայքարը կը շարունակուի, Թուրքիա երէկ դարձեալ խոր յուզում ապրեցաւ երկու նոր նահատակի վերաբերեալ լուրերով։ Մարտինի մէջ ահաբեկիչները յարձակեցան ոստիկանական զրահապատ ինքնաշարժի մը վրայ։ Այս դէպքին հետեւանքով նահատակուեցաւ ոստիկան մը, երկու ոստիկան ալ վիրաւորուեցաւ։
Բաց աստի, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ զինուոր մըն ալ նահատակուած է Սուրի մէջ, Տիարպաքըր։ Ահաբեկիչներու կողմէ կատարուած յարձակման մը հետեւանքով ծանր վիրաւորուած զինուորին կեանքը փրկել կարելի չէ եղած՝ հակառակ բժշկական բոլոր միջամտութիւններուն։
Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016