Երկուշաբթի 24, Փետրուար 2025
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՆԱՑ ԻՆՆԵՐՈՐԴ ԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ
Նազար Հանչէր կը տեղեկացնէ.-
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Պալքանեան մարմնամարզի ախոյենութիւնը։ Թուրքիոյ Մարմնամարզի դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ տասնվեց երկրէ շուրջ երկու հարիւր մարզիկ։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Հայաստանի հաւաքականն ալ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, որ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր նաեւ Ողիմպիականներու մասնակցութեան ճանապարհին։ Մրցաշարքի աւարտին Հայաստանի հաւաքականը զբաղեցուց 9-րդ կարգը։
Հարկ է նշել, որ Սամաթիոյ Սահակեան սանուց միութեան վարչայինները ջերմ հիւրընկալութիւն ցոյց տուին Հայաստանի մարզիկներուն նկատմամբ։
Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2016