ՈՒԹԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ
Երէկ, Հայաստանի մէջ նշուեցաւ 1 Մարտ 2008 թուականին պատահած ողբերգական դէպքերուն 8-րդ տարելիցը։ Հարկ է նշել, որ այս դէպքերը միշտ կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ ու ներքին քաղաքական կեանքէ ներս կը շարունակուի ակնկալութիւնը՝ որպէսզի ամէն ինչ բացայայտուի ամենայն մանրամասնութեամբ։
Այս մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը երէկ նշեցին Մարտի 1-ի դէպքերուն 8-րդ տարելիցը։ Ոգեկոչումները, ըստ էութեան կազմակերպուած էին ընդդիմադիր Հայ ազգային գոնկրէսի եւ «Նոր Հայաստան» շարժման կողմէ։ Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը, որուն յաջորդեց բողոքի երթ մը՝ մայրաքաղաքի կեդրոնական հատուածէն ներս։ Երթի մասնակիցները կը կրէին դրօշակներ, ծաղկեպսակներ ու մեծ պաստառ մը, որու վրայ գրուած էր.- «Ո՛չ բռնապետութեան, ո՛չ պետական ահաբեկչութեան»։ Մինչ այդ, դէպքերու ապրուած Միասնիկեանի հրապարակին վրայ ալ ցուցարարներ ոգեկոչեցին Մարտի 1-ի զոհերը։