ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆԻ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի «Լոքալ»ին մէջ շաբաթավերջին պատմական Անի քաղաքին եւ այսօրուան աւերակներուն վերաբերեալ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական բանախօսութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները եւ բազմաթիւ մշակութասէրներ։ Ատենախօսն էր Կարսի Մշակոյթի եւ գեղարուեստի միութեան նախագահ Վետաթ Աքչայէօզ։ Պարքովիզիոնի ցուցադրութեան զուգահեռ ան բացատրութիւններ տուաւ Անի քաղաքի գեղեցկութիւններուն մասին, ներառեալ ստորգետնեայ արժէքները։ Քարանձաւներէն սկսալ մինչեւ եկեղեցիները ատենախօսը տուաւ մանրամասն բացատրութիւններ՝ «2016 ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ճանապարհին Անիի մոռցուած երեսակները» խորագրին ներքեւ։
Ձեռնարկի աւարտին Վետաթ Աքչայէօզ պատասխանեց նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն։