Տ. ԲԱԳՐԱՏ ՎՐԴ. ՊՈՒՐՃԷՔԵԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԱՆՑՆԻ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Սրբոց Յա­կո­բեանց ուխ­տի միա­բան­նե­րէն Տ. Բագ­րատ Վրդ. Պուր­ճէ­քեան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի սկսի պաշ­տօ­նա­վա­րել Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մեր­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս։ Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ նշուած է, թէ Մար­տի 16-ի դրու­թեամբ պի­տի սկսի իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Այս կար­գադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րուած է Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հա­ւա­նու­թեամբ եւ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հրա­ւէ­րով։

Տ. Բագ­րատ Վրդ. Պուր­ճէ­քեան, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի Միա­բա­նա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի դի­ւա­նի ա­տե­նա­պետն է, ան­ցեալ տա­րի Փետ­րուա­րին Ս. Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նի շրջա­նին այ­ցե­լած էր Ա­րեւմ­տեան Թեմ, ուր պա­տա­րա­գած էր Լոս Ան­ճե­լը­սի Ս. Յա­կոբ եւ Լաս Վե­կա­սի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն, թէ յա­ռա­ջի­կա­յին վերջ­նա­կա­նօ­րէն պի­տի յստա­կե­ցուի Հայր Սուր­բի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ուղ­ղու­թիւ­նը եւ պի­տի կա­տա­րուին հա­մա­պա­տաս­խան հրա­պա­րա­կում­ներ։

Տ. Բագ­րատ Վրդ. Պեր­ճէ­քեան ծնած է 1970-ին, Լի­բա­նան: Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քի Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նէն եւ ըն­ծա­յա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ ըլ­լա­լէ ետք, 1991-ին Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց նա­խորդ պա­տ­­րիարք՝ Տ. Թոր­գոմ Ար­ք. Մա­նու­կեա­նի ձե­ռամբ ձեռ­նադ­րուած եւ օ­ծուած է կու­սակ­րօն քա­հա­նայ: Վան­քէն ներս վա­րած է զա­նա­զան պաշ­տօն­ներ, ինչ­պէս՝ տե­սուչ՝ Կա­լուա­ծոց Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան, Բ. ա­տե­նա­պետ՝ Տնօ­րէն ժո­ղո­վի, ան­դամ՝ Կրօ­նա­կան ա­տեա­նի, Նոր Կտա­կա­րա­նի ու­սու­ցիչ՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի Ժա­ռա­նա­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նի եւ ըն­ծա­յա­րա­նի, խմբա­գիր՝ «Կան­թեղ» ամ­սա­թեր­թի­կի, տե­սուչ՝ Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նի եւ ըն­ծա­յա­րա­նի:

  Հայր Սուր­բը ու­նի հա­մալ­սա­րա­նա­կան բարձ­րա­գոյն ու­սում: Իսկ ներ­կա­յիս տոք­թո­րա­կա­նը կը կա­տա­րէ Ե­րու­սա­ղէ­մի Եբ­րա­յա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան գի­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քին մօտ: Ցարդ կա­տա­րած է չորս հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ: Բա­ցի հա­յե­րէ­նէն, կը տի­րա­պե­տէ անգ­լե­րէն, ա­րա­բե­րէն, եբ­րա­յե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րուն:

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016