Դարձեալ արիւն…
Արիւնալի դէպքերը իրարու կը յաջորդեն Թուրքիոյ մէջ։ Ահաբեկչութիւնը լուրջ մարտահրաւէր մը դարձած է երկրին առջեւ՝ ամենայն անգթութեամբ եւ ծանրածանր հետեւանքներով։ Երէկ երեկոյեան Անգարայէն հասած լուրերը, ժողովուրդի աչքին առջեւ ստեղծուած պատկերը սահմռկեցուցիչ է։
Բարդ հաւասարակշռութիւններով, ու բռնկած տարածքաշրջանի մը մէջ, միջազգային դժուար հաւասարակշռութիւններու պայմաններու ներքեւ Թուրքիա այս շրջանին կը ջանայ հետապնդել իր շահերը, յառաջ տանիլ իր քաղաքականութիւնը։ Նոյնաժամանակ երկիրը կը դիմադրէ ահաբեկչութեան սպառնալիքին, որ այսօր աշխարհի բոլոր երկիրներուն տեսակէտէ հասարակաց վտանգ մը դարձած է։ Ահաբեկչութեան աղիտալի հետեւանքները բոլորին համար կ՚ըլլան ծանրակշիռ։ Իւրաքանչիւր դէպքէ վերջ կը վերահաստատուի այն իրողութիւնը, թէ միջազգային հասարակաց պայքար մը անհրաժեշտ է յաղթահարելու համար ահաբեկչութիւնը։
Իսկ ներքին հարթութեան վրայ, երկիրը պէտք է անպայման պահպանէ միասնականութիւնը։ Հանրային կարծիքը պէտք է ըլլայ միահամուռ, համախումբ, բեւեռացումներէ զերծ՝ որպէսզի տմարդի այս դէպքերը կանգ առնեն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ