ՍԱՐԱՖԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՐՁԱՆԸ
Շիշլիի գերեզմանատան մէջ կը զետեղուի երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի արձանը։ Այս կապակցութեամբ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ տեսակցեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ։ Գումգաբուի ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ յայտնի քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեան, որ ստեղծագործած է Օրմանեան Պատրիարքի արձանը։
Ս. Զատկի մեռելոցին օրը հանդիսաւոր արարողութիւնով մը տեղի պիտի ունենայ Օրմանեան Պատրիարքի արձանին բացումը։ Էրօլ Սարաֆեան, որ ցարդ բազմաթիւ տիրական դէմքեր անմահացուցած է, հերթական անգամ մեր համայնքին կը ձօնէ ստեղծագործութիւն մը, որով պիտի յաւերժանայ Պատրիարքական Աթոռի մեծ գահակալներէն մին։ Արդարեւ, Օրմանեան Պատրիարք Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն դէմքերէն մին է եւ պատմութեան մէջ թողած է անջնջելի հետք մը՝ ինչպէս իր վարչական կարողութիւններուն, այնպէս ալ մտաւորական արտադրութեան շնորհիւ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան հանդիպման ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց, որ Շիշլիի գերեզմանատան համալիրէն ներս պիտի զետեղուի Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի արձանը, մանաւանդ, որ մեր պատրիարքներուն դամբարաններն ալ կը գտնուին այդ նոյն գերեզմանատունէն ներս։ Ընդհանուր Փոխանորդը բարձր գնահատեց Էրօլ Սարաֆեանի ստեղծագործական աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր տեսած գործին բերումով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց նաեւ, թէ պիտի նախագահէ Օրմանեան Պատրիարքի կիսանդրիի բացման արարողութեան։