Օրմանեան եւ Սարաֆեան
Օրմանեան Պատրիարքին արձանը երէկ բացուեցաւ համեստ արարողութիւնով մը։ Հազիւ քանի մը տասնեակ երախտաւորներ ներկայութիւն բերին հաւաքոյթին։ Ընդհանրապէս, նման առիթներով կ՚օգտագործուի այն բանաձեւումը, թէ արձանը կու գայ անմահացնել ենթակային յիշատակը։ Բնականաբար, այս պարագային կարելի չէ օգտագործել այդ բանաձեւումը։ Արդարեւ, Օրմանեան արդէն անմահ մըն է եւ իր արձանն ալ, գուցէ, համարուի անմահի մը կոթողը։
Օրմանեանի արձանի բացման կապակցութեամբ հարկ է ընդգծել նաեւ Էրօլ Սարաֆեանի կողմէ իրականացուած ստեղծագործած աշխատանքին նշանակութիւնը եւ ծաւալը։ Իր մեծ ջանքերով ան մեր անմիջական շրջափակին մէջ կը թողու հետքեր եւ ապահովաբար այդ հետքերուն շնորհիւ ապագային սերունդները հաղորդ պիտի դառնան մեր պատմութեան տիրական դէմքերուն։ Սարաֆեանի աշխատանքը անգնահատելի է, որովհետեւ ան մեր ժառանգութեան հաղորդ արուեստագէտ մըն է եւ այդպէսով իր ձեռնարկած ստեղծագործութիւններուն մէջ զգալի կը դառնայ համապատասխան ոգին։ Իր պարագային այս արտադրանքը արդէն դարձած է առաքե-լութեան, կոչումի վերաբերեալ նախանձախնդրութիւն մը։
Հանգիստ ննջէ մեծանուն պատրիարքը եւ վարձքը կատար սիրելի վարպետին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ