Շարլ Ազնաւուր Պիտի Մասնակցի «Աուրորա» Մրցանակաբաշխութեան
«Աուրորա» մարդասիրական համաշխարհային մրցանակը ամէն տարի Ապրիլին պիտի շնորհուի մէկ հոգիի եւ ընտրուած թեկնածուն կը ստանայ 100 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն՝ 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհի ներկայացնելով իրեն ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն:
«Աուրորա» մրցանակը հիմնած են 100 LIVES (Հարիւր կեանք) նախաձեռնութեան հիմնադիրները՝ յայտնի գործարարներ եւ բարերարներ Ռուբէն Վարդանեանն ու Նուպար Աֆէյեանը եւ Նիւ Եորքի «Քարնեկի» հիմնադրամի նախագահ Վարդան Գրիգորեանը: Ամէնամեայ այս մրցանակը ստեղծուած է մարդկութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս ուղղելու աշխարհի մէջ այսօր տեղի ունեցող աղէտներուն եւ ոճրագործութիւններուն եւ խրախուսելու ջանքերը այն հերոսներուն, որոնք մարդկային կեանքեր կը փրկեն: 100 LIVES նախաձեռնութեան հիմնադրած «Աուրորա» (Aurora) մրցանակի արձանիկի գծագրական պատկերը պիտի ստեղծեն Հայաստանի «Թումօ» ստեղծարար արուեստագիտութեան կեդրոնի սաները: Յաղթող կարգախօսն ու գունապնակը պիտի յայտարարուին 100 LIVES-ի պաշտօնակատար անձերուն կողմէ՝ Ապրիլի 23-ին, Դիլիջանի մէջ:
«Աուրորա» մրցանակը դափնեկրին կը շնորհէ Ընտրող յանձնախումբի համանախագահ, Not On Our Watch բարեգործական հիմնադրամի համահիմնադիր աշխարհահռչակ դերասան Ճորճ Քլունին՝ Երեւանի մէջ։
Միւս կողմէ, ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր Ապրիլին Հայաստան պիտի ժամանէ: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին տեղեկացուցած է Ազնաւուրի մամլոյ խօսնակը՝ Քրիստինա Սարգսեան:
«Մենք կը պատրաստուինք Հայաստան ժամանելու, եւ ներկայ պիտի ըլլանք «Աուրորա» մրցանակաբաշխութեան», տեղեկացուցած է ան: Ազնաւուրի այցին մասին այլ մանրամասնութիւններ դեռ յայտնի չեն:
Ինչպէս ծանօթ է, Շարլ Ազնաւուր 2009 թուականէն ի վեր Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանն է, ինչպէս նաեւ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ այլ մջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը: